
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերի դատապարտեց Սուրիոյ սահմանին մօտ գտնուող Ալեքսանտրէթի Ռէյհանլը քաղաքին մէջ անցած շաբաթավերջին տեղի ունեցած պայթումները, որոնք աւելի քան 40 զոհ եւ մօտաւորապէս 100 վիրաւոր պատճառեցին: Քերի յայտնեց, որ «մեր դաշնակից Թուրքիոյ կողքին պիտի կանգնինք»՝ նշելով, որ «ականահարումները յատուկ եւ անձնական պատգամ մըն են՝ ուղղուած Միացեալ Նահանգներուն»:
Իրան եւս դատապարտեց Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական եւ «զոհերուն միջեւ խտրութիւն չդնող» յարձակումը, իսկ Մոսկուա զայն «բարբարոսական» նկատեց՝ պահանջելով, որ անոր շուրջ հետաքննութիւն կատարուի:
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ Սուրիա նման արարքներով կ՛ուզէ Թուրքիան ներքաշել իր տագնապին մէջ, իսկ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց՝ «Սուրիոյ դէմ շարժելու», նշելով, որ «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի համակիր զինեալներ կը կանգնին երկու ականուած ինքնաշարժներու պայթումին ետին»: Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը Կիրակի օր հաղորդեց, թէ ինը թուրք կասկածելիներ ձերբակալուած են:
Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարար Օմրան Զողպի հերքեց թրքական ամբաստանութիւնը՝ զանոնք «անհիմն» որակելով: Ան ըսաւ, որ Տաւութօղլու «ամբաստանութիւններ կ՛ուղղէ, ապա կ՛ուզէ փաստեր փնտռել. այլ խօսքով՝ կ՛ուզէ փաստեր արտադրել», աւելցնելով, որ Էրտողան «մարդասպան եւ ջարդարար» ըլլալուն համար պէտք է իշխանութենէն հեռանայ: Ան նշեց նաեւ, թէ Թուրքիա իր սահմանային քաղաքները դարձուցած է միջազգային ահաբեկչութեան կեդրոններ՝ դիւրացնելով զէնքերու անցքը դէպի Սուրիա։
Միւս կողմէ, Իսրայէլի ուժանիւթի նախարար Սիլվան Շալոմ Իսրայէլի պետական ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց, թէ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու, որ Երեքշաբթի օր Մոսկուա պիտի այցելէ, վճռած է արգելակել փորձել ռուսական «Էս. 300» հրթիռներու մատակարարումը Սուրիոյ: «Այդ զէնքերը «Հըզպալլա»ի ձեռքը կրնան անցնիլ», աւելցուց Շալոմ: Իսրայէլ կը պնդէ, թէ այս զէնքերուն յանձնումը շրջանին մէջ ուժերու հաւասարակշռութիւնը պիտի փոխէ:
Նաեւ, ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն ողջունեց Կոլանի մէջ Սուրիական ազատ բանակի «Եարմուքի նահատակներ» ջոկատին կողմէ առեւանգուած ՄԱԿի չորս խաղաղապահ զինուորներուն ազատ արձակումը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Քաթարի եւ այլ երկիրներու՝ ֆիլիփինցի զինուորներուն ազատ արձակման նպատակով իրենց տարած ջանքերուն համար:
Երկուշաբթի օր թրքական լրատուամիջոցներ նաեւ հաղորդեցին, թէ թրքական «Էֆ. 16» տիպի ռազմական օդանաւ մը ջախջախուած է Սուրիոյ հետ Թուրքիոյ սահմանին մօտերը: