ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան համանախագահ Սելահատտին Տեմիրթաշ խիստ լեզուով պատասխանեց Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենտ Արընչի կողմէ անցեալ շաբաթ արտասանուած խօսքին։ Արընչ, պաշտպանելով հանդերձ քիւրտ զինեալներուն Թուրքիայէն հեռանալու գործընթացը՝ ըսած էր. «Մինչեւ դժոխք թող երթան»։
Տեմիրթաշ ըսաւ. «Պետութեան խօսնակը, որ կ՛ըսէ, թէ իսլամ մըն է ու խղճմտանք ունի, «մինչեւ դժոխք թող երթան» ըսած է։ Ես ալ հետեւեալը կ՛ըսեմ. «Դուք, ռազմիկներ, որ այս պատերազմը կեցուցիք ու հիմա կ՛երթաք, բարի ճանապարհ կը մաղթեմ ձեզի. ձեր տեղը արքայութիւնը թող ըլլայ»։
Տեմիրթաշ նաեւ քիւրտ գործարարներէն խնդրեց, որ ներդրումներ ընեն քրտաբնակ շրջաններուն մէջ։ Նոր սահմանադրութեան մասին արտայայտուելով՝ ան ըսաւ, որ եթէ հոն կը խօսուի թուրք ազգին մասին, ուրեմն պէտք է խօսուի նաեւ քիւրտ ազգին մասին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.