
ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Թրքական աղբիւրներ կը տեղեկացնեն, թէ Ատրպէյճանի զինուորական ուժերը փափաք յայտնած են Թուրքիայէն ռազմական «Թի.129» տիպի ուղղաթիռներ գնելու: Այս նպատակով, Ատրպէյճանէն զինուորական բարձրաստիճան պատուիրակութին մը անցեալ շաբաթ Թուրքիա այցելած է՝ մօտէն ծանօթանալու համար ուղղաթիռներուն: Ատրպէյճան նաեւ փափաք յայտնած է թրքական ընկերութեան հետ միասնաբար արտադրելու այս ուղղաթիռները: