ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով հանդիպում մը ունեցաւ Մոսկուայի մօտ Սուրիոյ դեսպան Ռիատ Հատտատի հետ եւ զինք տեղեակ պահեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Միացեալ Նահանգներու անոր պաշտօնակից Ճան Քերիի միջեւ Սուրիոյ հարցին շուրջ կայացած քննարկումներու արդիւնքէն:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ սուրիական կողմը տեղեակ պահուած է ռուս-ամերիկեան համաձայնութեան պարունակութեան մասին, որ կը վերաբերի Յունիս 30, 2012ին հրապարակուած Ժընեւի հաղորդագրութեան հիմամբ միջազգային խորհրդաժողովի մը կազմակերպման:
Եւրոպական միութիւնը ողջունեց սուրիական հարցին շուրջ գոյացած ռուս-ամերիկեան համաձայնութիւնը, իսկ ՄԱԿի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի, սոյն համաձայնութիւնը «շատ կարեւոր» նկատեց:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի, Յորդանան եւ Սուրիա կատարած այցերէն վերադարձին յայտնեց, որ Սուրիոյ ապագային նկատմամբ «մեծ յոյսեր ունի, սակայն այդ մէկը չի նշանակեր, որ բոլոր հարցերը մօտիկ ապագային պիտի լուծուին»: Ան նշեց, որ յորդանանցիներուն հետ համաձայնութեան կէտերը աւելի եղած են, քան տարակարծութեանց կէտերը, եւ սուրիական «իսկական» ընդդիմութեան կոչ ուղղեց՝ «ծայրայեղականներէն հեռանալու եւ բանակցելու վարչակարգին հետ, որ պատրաստ է բանակցելու»:
Իր կարգին, Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանի, «Փրէս Թի.Վի.»ի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ եւ քանի մը արաբական երկիրներ նախապէս տեղեակ եղած են Սուրիոյ վրայ Իսրայէլի յարձակումէն:
Նաեւ, Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի խորհրդական Ալի Աքպար Վիլայէթի յայտնեց, որ Եգիպտոսի նախագահ Մուհամմատ Մուրսի Իրանին ուղղած է պատգամ մը, որուն մէջ կը հաստատէ, թէ առանց Թեհրանի մասնակցութեան՝ կարելի չէ սուրիական տագնապին եւ շրջանային հարցերու լուծում գտնել:
Միւս կողմէ, «Մայատին» հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Սալեհիի հետ Դամասկոսի մէջ իր հանդիպումին ընթացքին ըսած է, թէ մօտիկ ապագային Կոլան Իսրայէլի դէմ դիմադրութեան ճակատ պիտի դառնայ՝ նշելով, որ Իսրայէլի յարձակումը «բացայայտեց այդ երկիրի, Արեւմուտքի եւ տարածաշրջանի շարք մը այլ պետութիւններու ներգրաւուածութիւնը Սուրիոյ պատերազմին մէջ: Ահաբեկիչներու եւ ծայրայեղական խմբաւորումներու դէմ պայքարին ընթացքին բազմաթիւ յաղթանակներ տարած սուրիացի ժողովուրդը կրնայ դիմակայել հրէական արկածախնդրութիւնները»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.