ԱՄՄԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Մինչ Երուսաղէմի Աքսայի մզկիթի շրջափակին դէմ իսրայէլացի բնակեցուածներուն կողմէ յարձակումները կը շարունակուին եւ իսրայէլեան ապահովական ուժերը արգելքներ կը դնեն սրբավայրը մուտք գործել փորձող պաղեստինցիներուն դիմաց, Յորդանանի վարչապետ Ապտալլա Նսուր յայտնեց, որ իր երկիրը ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին պիտի դիմէ, եթէ Աքսայի մզկիթին դէմ իսրայէլեան ոտնձգումները շարունակուին: Ան նշեց, որ Ամման այս դէպքը շատ լուրջ ու վտանգաւոր կը նկատէ եւ այսքան մեծ թիւով ծայրայեղ իսրայէլացիներու կողմէ «անընդմէջ յարձակումները՝ կազմակերպուած եւ ծրագրուած չարամտութիւն» կը սեպէ:
Յորդանանի խորհրդարանին առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ, ան երեսփոխաններուն առաջարկեց վտարել Ամմանի մօտ Իսրայէլի դեսպանը, Թել Աւիւի մօտ Յորդանանի դեսպանը տուն կանչել, ինչպէս նաեւ 1994ին կնքուած Յորդանան-Իսրայէլ խաղաղութեան համաձայնութիւնը չեղեալ նկատել:
Խորհրդարանը ձայներու մեծամասնութեամբ որոշեց վտարել Ամմանի մօտ Իսրայէլի դեսպանը եւ Թել Աւիւի մօտ Յորդանանի դեսպանը տուն կանչել:
Յայտնենք, թէ իսրայէլեան ոստիկանութիւնը Չորեքշաբթի, Մայիս 8ին նաեւ ձերբակալած էր Երուսաղէմի միւֆթի Մուհամմատ Հիւսէյնը եւ զայն վեց ժամ հարցաքննած՝ հիմնուելով այն կասկածներուն վրայ, թէ ան մասնակից դարձած է Երեքշաբթի օր Աքսայի շրջափակին մէջ տեղի ունեցած խռովարարութեանց: Միւֆթի աւելի ուշ ազատ արձակուած է:
Չորեքշաբթի յետմիջօրէին, հազարաւոր ծայրայեղ հրեաներ դարձեած ներխուժեցին Երուսաղէմի Հին քաղաքը, իսկ երբ պաղեստինցիներ փորձեցին նստացոյցով արգելք հանդիսանալ անոնց, իսրայէլեան ապահովական ուժերը բռնի ուժ կիրարկեցին՝ չխնայելով նոյնիսկ լրագրողները, եւ բազմաթիւ պաղեստինցիներ ձերբակալեցին:
Նաեւ, Հինգշաբթի օր Իսրայէլ յայտարարեց, թէ գրաւեալ Արեւմտեան Ափին մէջ 296 բնակարանային նոր կառոյցներ պիտի շինէ, այն միջոցին, երբ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերի կը փորձէ վերակենդանացնել իսրայէլապաղեստինեան բանակցութիւնները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.