Միացեալ Նահանգներու աշխատաւորական հարցերու նախարարութիւնը Հինգշաբթի, Մայիս 9ին հաղորդեց, թէ նախորդ շաբթուան ընթացքին անգործութեան ապահովագրութենէն նպաստ ստանալու նոր դիմումներուն թիւը 4000ով նուազած է՝ իջնելով 323,000ի, ինչ որ վերջին 5.5 տարիներուն ընթացքին ամենացած մակարդակն է: Նաեւ, տուեալին չորսշաբաթեայ միջինը 6250ով նուազած է՝ հասնելով 336,750ի, ինչ որ ամենացած մակարդակն է Նոյեմներ 2007էն ի վեր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.