ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Թէեւ 18 Փետրուարին Հայաստանի մէջ կայացած նախագահական ընտրութիւնները ընդհանուր առմամբ լաւապէս կազմակերպուած էին՝ հիմնական ազատութիւններու յարգումով, բայց կարելի է աւելին ընել ընտրական գործընթացին ազնուութեան նկատմամբ հասարակական վստահութիւնը բարձրացնելու համար: Այս մասին նշուած է ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ դիտորդական առաքելութեան վերջնական զեկուցումին մէջ:
Յատկապէս նշուած է, թէ մինչ մասնակիցները կրցան ազատօրէն ընտրարշաւ իրականացնել, եւ լրատուամիջոցները կատարեցին իրենց իրաւական պարտաւորութիւնները՝ գործընթացի հաւասարակշռուած լուսաբանում ներկայացնելու ուղղութեամբ, մտահոգութիւն կար պետական կառավարման անտարբերութեան ու ընտրողներուն վրայ ճնշումներու գծով։
«Ընտրական գործընթացի թերութիւնները եղած են օրէնքի դրոյթներուն արդիւնաւէտ եւ անաչառ կատարման կամքի բացակայութեան պատճառով», նշուած է զեկուցումին մէջ:
Դիտորդները ընդհանուր առմամբ դրական կը նկատեն Կենտրոնական ընտրական յանձնաժողովի աշխատանքը, ընդ որում շեշտելով, որ հակառակ ընտրացանկերու բարելաւման լուրջ ջանքերուն՝ իշխանութիւնները չկրցան նուազեցնել ընդհանուր անվստահութիւնը։
Խօսելով վարչական պաշարներու եւ կարողականութեան օգտագործման մասին՝ ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳի փորձագէտները յատկապէս անդրադարձած են ընտրարշաւին պետական եւ տեղական պաշտօնեաներու աշխոյժ մասնակցութեան, որուն պատճառով «պետութեան եւ քաղաքական կուսակցութիւններուն, նաեւ ծառայողական պարտականութիւններուն եւ ընտրարշաւին միջեւ սահմանը ջնջուած էր»:
Դիտորդները կոչ ուղղած են պետական պաշտօնատար անձերուն զերծ մնալու պետական պաշարներու օգտագործումէն, նաեւ՝ աշխատակիցներուն եւ պարտականութիւններուն նկատմամբ ծառայողական դիրքի չարաշահումէն: Իշխանութիւններուն նաեւ կոչ ուղղուած է՝ մշակելու եւ իրականացնելու երաշխիքներ՝ պետութեան եւ կուսակցութիւններուն միջեւ յստակ տարանջատումը ապահովելու համար:
Ընտրական յանձնաժողովներուն եւ դատարաններուն խորհուրդ կը տրուի պատշաճ կարգով քննարկելու բոլոր բողոքներն ու բողոքարկումները, անաչառ եւ մանրազննին դիտարկելու բոլոր ապացոյցները:
Զեկուցումին մէջ անդրադարձ կը կատարուի նաեւ լրատուամիջոցներուն կողմէ հաւասարակշռուած լուսաբանման: Սակայն դիտորդները նկատել տուած են, որ առկայ էր վերլուծական յօդուածներու եւ մեկնաբանութիւններու, նաեւ թեկնածուներուն միջեւ բանավէճերու բացակայութիւն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.