ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնիա Նաու».– 7 Մայիսի երեկոյեան ՀՀԿի գործադիր մարմինի եւ խորհուրդի նիստին ընթացքին յստակացաւ, որ նոր կառավարութեան մէջ ամբողջութեամբ կը փոխուի տնտեսական կազմը. արդարեւ, ելեւմուտքի եւ տնտեսութեան նախարարութիւններու պաշտօններուն մէջ առաջարկուած են Դաւիթ Սարգսեանը եւ Վահրամ Աւանեսեանը:
«Արմէնիա Նաու»ի թղթակից Նայիրա Հայրումեան գրած է, որ մինչ այդ Սերժ Սարգսեան իր պաշտօնէն ազատ կացուցած էր Յատուկ քննչական ծառայութեան (ՀՔԾ) ղեկավարը՝ այդ պաշտօնին վրայ նշանակելով նախկին դատախազ Վահրամ Շահինեանը: Նախկին պետ Անդրանիկ Միրզոյեանի պաշտօնանկ ընելու պարագան ան բացատրած է այն հանգամանքով, որ ՀՔԾն եղած է կամակատար եւ չէ կրցած դէմ դնել իր գործընկերներուն, բարեկամներուն, ընկերներուն:
«Հայաստանի փորձագիտական շրջանակներում Սերժ Սարգսեանի այս քայլերը գնահատւում են երկու տեսանկիւնից. որպէս իշխանութեան մոնոլիտն ամրապնդելու փորձեր եւ որպէս թերութիւնները շտկելու անկեղծ ցանկութիւն: Երկու վարկածներն էլ ճշմարիտ են թւում, առաւել եւս, որ չեն հակասում մէկը միւսին: Նորացուած ՀՔԾն ոստիկանութեան հետ մէկտեղ, որը գլխաւորում է «գողական աշխարհին» պատերազմ յայտարարած Վլադիմիր Գարսպարեանը, կարող են դառնալ Սերժ Սարգսեանի իշխանութեան ամրապնդման գործիք:
«Միւս կողմից՝ Հայաստանում ակնյայտօրէն դանդաղել են տնտեսական բարեփոխումները, եւ փաստօրէն, բոլորն են նկատում, որ դրանք չեն անդրադարձել մարդկանց կեանքի վրայ, աւելին՝ դժուարացրել են փոքրումիջին բիզնեսի եւ ներդրողների գործերը: Սա յանգեցրել է ներդրումների կրճատմանը եւ մարդկանց բազմաթիւ խմբերի սոցիալական դժգոհութեանը:
«Հարկային եւ մաքսային օրէնսդրութիւնը, ինչպէս նաեւ իրաւապահ եւ արդարադատութեան համակարգը դարձել են երկրի զարգացման խոչընդոտ, եւ Սերժ Սարգսեանը, հաւանաբար, խնդիր է դրել բարելաւել այս ոլորտները՝ սկսելով կադրային նշանակումներից: Արդեօք կը յաջողուի՞ յաղթահարել օլիգարխների եւ հին իրաւապահների դիմադրութիւնը՝ ցոյց կը տայ ժամանակը»,վերլուծած է լրագրողը։
Ան նաեւ անդրադարձած է մամուլին մէջ շրջան ընող այն լուրերուն, որ իրաւապահ ոլորտին մէջ իսկական պայթումներ եւ ցնցումներ կ՛ակնկալուին, նոյնիսկ կը խօսուի գլխաւոր դատախազ Աղուան Յովսէփեանի պաշտօնանկութեան մասին. ան կրնայ մեղադրուիլ քանի մը գործերու բացայայտումը խոչընդոտելու յանցանքով: Լրատուամիջոցները դիտել տուած են, որ ՀՔԾի նիստին, զոր Սերժ Սարգսեանը գումարած էր գլխաւոր դատախազութեան շէնքին մէջ, գլխաւոր դատախազը չէր մասնակցած։
Ընկերային բնագաւառին մէջ նոյնպէս կը նախատեսուի քայլերու ձեռնարկել. ըստ տեղեկութիւններուն, 1 Յունիսէն սկսեալ նուազագոյն աշխատավարձերը պիտի բարձրանան 10 հազար դրամով եւ պիտի ըլլայ 45,000 դրամ: Պիտի բարձրանայ նաեւ հիմնական կենսաթոշակը:
Սակայն հասարակութեան կողմէ տակաւին կայ արդարադատութեան համակարգի բարեփոխման շուրջ թերահաւատութիւն. Մայիս 5ին կայացած Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն աշխոյժ դեր ունեցած թաղային հեղինակութիւններուն ապօրինի գործողութիւնները ոստիկանութիւնը ջանացած է չնկատել, ինչ որ բաւական աչքառու եղած է։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.