ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– «Հայկական կիբեր բանակ»ը 9 Մայիսին առթիւ կրցած է խանգարել ատրպէյճանական կայքէջներ՝ անոնց էջերուն վրայ գոյութիւն ունեցող նիւթերուն փոխարէն տեղադրուելով Էդմոնդ Քէօսայեանի «Տղամարդիկ» ժապաւէնէն հատուած մը։ «bakutel.com» կայքէջին վրայ հայ կայքահէնները Շուշիի ազատագրութեան մասին պատմական ակնարկ տեղադրած են՝ ընդգծելով, որ հայ զինուորին խիզախութիւնը չի զիջիր աշխարհագրական դիրքին, ոչ ալ թշնամիին թուային եւ այլ գերազանցութեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.