ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– 9 Մայիսին Ստեփանակերտի մէջ հանդիսաւոր կերպով բացուեցաւ Ազատամարտիկներու միութեան շէնքը. արարողութեան ներկայ եղան Հայաստանի ու Արցախի նախագահները, Արցախի թեմի առաջնորդը, խորհրդարանի ու միութեան անդամներ:
Ազատամարտիկների միութեան նախագահ Սամուէլ Կարապետեան կարեւոր նկատեց նման միութեան հիմնումը՝ նշելով, որ անհրաժեշտ է, որ ազատամարտիկները իրենց փորձառութիւնը փոխանցեն ապագայ սերունդներուն:
Հանդիսութեան աւարտին 5 ազատամարտիկներու նուիրուեցան «Լատա» մակնիշի ինքնաշարժներ, նաեւ հատ մը՝ միութեան:
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին շնորհուեցաւ միութեան պատուաւոր անդամի կոչում: Միութիւնը պիտի ունենայ մօտ 10 հազար անդամ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.