
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի ոստիկանութեան պետ, զօրավար–հրամանատար Վլադիմիր Գասպարեանի գլխաւորութեամբ ոստիկանութեան անձնակազմի անդամները, բարձրաստիճան սպաներն ու վեթերանները 9 Մայիսի առաւօտեան Յաղթանակի զբօսայգիին մէջ ծաղկեպսակ ու ծաղիկներ զետեղեցին «Միլիցիայի յատուկ նշանակութեան ջոկատ»ի մարտիկներու յուշակոթողին առջեւ՝ յարգանքի տուրք մատուցելով յանուն հայրենիքի զոհուած իրենց զինակիցներուն պայծառ յիշատակին:
Հայաստանի ոստիկանութեան հասարակութեան հետ կապերու եւ լրատուութեան վարչութեան կողմէ փոխանցուած լուրերուն համաձայն, ոստիկանութեան պետ Վլադիմիր Գասպարեանը Հայրենական Մեծ պատերազմին ընթացքին տարած յաղթանակին եւ Շուշիի ազատագրման տօնին առիթով շնորհաւորած է Համաշխարհային Բ. պատերազմի եւ Արցախեան ազատամարտի վեթերան ոստիկանները: Ոստիկանութեան պատուիրակութիւնը ծաղկեպսակ ու ծաղիկներ զետեղած է նաեւ Անյայտ զինուորի շիրմին վրայ՝ ի նշան երախտագիտութեան եւ ի յիշատակ հայրենական մեծ պատերազմին յաղթանակ տարած եւ յանուն խաղաղութեան իրենց կեանքը զոհաբերած զինուորներուն: