ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Գեղանկարիչ Էդուարդ Իսաբեկեանի 28 գեղանկարչական աշխատանքները նուիրուեցան Երեւան քաղաքին. գեղանկարիչի մնայուն ցուցասրահին բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 3 Մայիսին «Հայարտ» մշակութային կեդրոնին կից։ Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Իսաբեկեանի որդին, Երեւանի Գեղարուեստի պետական ակադամիայի նախագահ Արամ Իսաբեկեանը նշած է, որ ցուցասրահ բանալու գաղափարը առկայ էր 2004 թուականէն, երբ իր հօր 90ամեայ յոբելեանին առթիւ Հայաստանի նկարիչներու միութեան կեդրոնին մէջ բացուած էր յոբելենական ցուցահանդէսը։
«Կարծում եմ՝ հետաքրքիր ու սիմվոլիկ բան ստացուեց: Այն որոշումը, որի հիմքում 2004ին վարչապետ Անդրանիկ Մարգարեանի կամքն էր, իրականացւում է 2013 թուականին ներկայիս քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի օրօք», նշած է ան։
Իսաբեկեանի որդին շնորհակալութիւն յայտնած է Երեւանի ներկայ քաղաքապետին՝ իր տրամադրուած տարածքին համար: «Համոզուած եմ, որ այս ցուցահանդէսը կը համալրի այն հիանալի թանգարանների շարքը, որոնցով այսօր գեղեցկանում եւ հարստանում է մեր սիրելի Երեւանը», դիտել տուած է վաստակաւոր գործիչը:
«Հայարտ» մշակութային կեդրոնի տնօրէն Ռիտա Շառոյեան նշած է, որ շատ տրամաբանական եւ հաճելի է, որ կեդրոնին մէջ տեղ գտած է Էդուարդ Իսաբեկեանի արուեստը: «Քիչ առաջ դիտում էի նրա նկարները, անգամ դիմանկարների մէջ ես զգացի Իգդիրի համն ու բոյրը, այսինքն այստեղ հանգրուանելու են մեր մեծ նահապետի իգդիրեան շնչով ստեղծուած նկարները», ըսած է ան:
Երեւանի քաղաքապետի խորհրդական Արամ Սուքիասեանը շնորհակալութիւն յայտնած է Արամ Իսաբեկեանին՝ Էդուարդ Իսաբեկեանի մեծ, լուրջ ժառանգութենէն 28 գեղեցիկ, արժէքաւոր կտաւները նուիրաբերելուն համար:
28 գեղանկարչական աշխատանքներու նուիրատուութեան արարողութեան ներկայ էին Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանը, հասարակական, քաղաքական մշակութային բազմաթիւ գործիչներ, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ երեւանաբնակներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.