ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».– Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ իր համակիրներուն միջեւ կայացած հանդիպումին ընթացքին Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն ՀՅԴի ցանկը գլխաւորող Արմէն Ռուստամեան դիտել տուած է, որ Դաշնակցութեան գերխնդիրը ընտրութիւններուն օրը ստացուած քուէն պահպանելն է.
«Ձեր ձայնը պահելու ամենամեծ հնարաւորութիւնն ընտրատեղամասերում վերահսկութիւն իրականացնելն է», յայտնած է ան համակիրներուն։ «Մենք ունենք իրական թիմ, մարդիկ, ովքեր նուիրուած են իրենց գործին, մարդիկ, ովքեր կարող են անկաշառ հետեւել, որպէսզի ընտրութիւններն անցնեն արդար: Մենք պէտք է յենուենք մեր ընկերների եւ մեր համակիրների վրայ: Մենք ամէն տեղամասում երկուական ներկայացուցիչ ունենք», նշած է ան՝ ընդգծելով, որ եթէ «նրանցից մէկն էլ պինդ կանգնի տեղամսում, կարող է թոյլ չտալ, որպէսզի իշխանութիւններն իրականցնեն այն ընտրակեղծիքները, որը նախատեսում են»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.