
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան 3 Մայիսին ընդունած է «Մայքրոսոֆթ» ընկերութեան Կեդրոնական եւ Արեւելեան Եւրոպայի տարածաշրջանի գլխաւոր տնօրէն Թաքույա Հիրանօն, որ շնորհաւորած է Տիգրան Սարգսեանը՝ վարչապետի պաշտօնին վրայ վերանշանակուելուն առիթով՝ մաղթելով նորանոր ձեռքբերումներ երկրի տնտեսութեան, մասնաւորապէս, տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու զարգացման իմաստով։
Զրուցակիցները բարձր գնահատելով Հայաստանի մէջ ստեղծուած «Մայքրոսոֆթ» կեդրոնի աշխատանքները՝ քննարկած են վերջինիս կողմէ գործունէութեան ընդլայնման, Հայաստանի մէջ «Մայքրոսոֆթ»ի տարածաշրջանային հետազօտական կեդրոնի հիմնադրութեան կարելիութիւններուն առնչուող հարցեր։
Հիրանօն պատրաստակամութիւն յայտնած է երկկողմանի համագործակցութեան շնորհիւ ընդլայնել փոխգործակցութեան մակարդակը եւ նպաստել Հայաստանի մէջ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու զարգացման գործընթացին:
Կարեւոր նկատուած է մտաւորական մարդուժի, հեղինակային իրաւունքներու պաշտպանուածութեան մակարդակի բարձրացումն ու ապահովումը, ինչ որ շատ կարեւոր է այս բնագաւառի զարգացման իմաստով։
Փոխանցուած է, որ ներկայիս քննարկման հանգրուանի մէջ է Հայաստանի կրթութեան ու գիտութեան նախարարութեան եւ «Մայքրոսոֆթ»ի միջեւ յուշագիրի ստորագրութեան նախագիծը՝ նոր կրթական արհեստագիտութիւններու զարգացման միտող ծրագիրներ իրականացնելու առումով։