Երեքշաբթի, Ապրիլ 23ին, Ապրիլեան Ցեղասպանութեան նախօրեակին, Մեսրոպեան Ազգային վարժարանի աշակերտները իրենց յարգանքն ու երախտագիտութիւնը յայտնեցին Ապրիլեան Եղեռնի մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն՝ միօրեայ զանազան հանդիսութիւններու միջոցով, որոնց մաս կազմեցին Մոնթեպելլոյի կրօնական ու քաղաքական անձնաւորութիւններ, «Մեսրոպեան»ի տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը, ինչպէս նաեւ խնամակալ մարմինն ու ծնողաուսուցչական կազմը, «Քլապ Մեսրոպեան» շրջանաւարտից միութիւնը, ՀՕՄի Շաբաթօրեայ վարժարանէն ու «Նայիրի» մանկամսուրէն ներկայացուցիչներ, ծնողներ եւ «Մեսրոպեան»ի բարեկամներ:
Առաւօտեան ժամը 10ին, աշակերտները ուղղուեցան Մեսրոպեան Ազգային վարժարանին կից գտնուող «Ռիօ Հոնտօ» հանրային պարտէզ, ուր Ապրիլեան Ցեղասպանութեան ոգեկոչման առթիւ արտասանուած կարճ խօսքերէն ետք, «Մեսրոպեան»ի մանկամսուրէն մինչեւ երկրորդական դասարաններու աշակերտները ծաղիկներ զետեղեցին Եղեռնի նահատակներու յիշատակին։ «Մեսրոպեան»ի ԺԱ. դասարանի աշակերտուհի Քրիսթի Սոկութլու ասմունքեց Զաւէն Սիւրմէլեանի «Ասացուածք Ծառ Տնկելու Մասին» բանաստեղծութիւնը։ Սոյն հանդիսութեան ներկայ էին Ս. Խաչ Մայր տաճարի հովիւ Աշոտ քհնյ. Գամպուրեան, Փիքօ Ռիվերայի քաղաքապետ Կուսթաւօ Քամուչօ, քաղաքապետարանի անդամ Պապ Արչուլեթա, Մոնթեպելլոյի քաղաքապետարանի կազմի անդամ, Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ եւ «Մեսրոպեան»ի շրջանաւարտ Ճեք Հաճինեան, ինչպէս նաեւ «Մեսրոպեան»ի հիմնադիրնրէն Կիրակոս Մագտեսեանի դուստրը՝ Ազնիւ (Զինա) Մինասեան, եւ Մեսրոպեան Ազգ. վարժարանի տնօրէն Դաւիթ Ղուկասեան։
Ծաղիկներու զետեղումէն ետք, լսարանային հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Մեսրոպեան Ազգ. վարժարանի «Իգնատոսեան» սրահէն ներս։ Երբ աշակերտները սրահ ներկայացան, իւրայատուկ մթնոլորտ մը կը տիրէր, լոյսերը մարած էին ու մեղմ «Տէր Ողորմեա» շարականը կը լսուէր. բեմին վրայ զետեղուած փոքրիկ մոմերով, աշակերտները պատկերաց էին «1915, Ապրիլ 24» թուականը։ «Մեսրոպեան»ի նախակրթարանի երգչախումբը՝ ուսուցչուհի Անահիտ Խաչիկեանի առաջնորդութեամբ, ներկայացուց փունջ մը հայրենասիրական երգեր։ Ձեռնարկին սկիզբը երգչախումբը մեկնաբանեց «Սուրբերու Աչքեր» խմբերգը։
Մանկապարտէզի աշակերտները ներկայացուցին «Արմէնիա» խմբերգը, որուն յաջորդեց «Մեսրոպեան»ի Ա. եւ Բ. կարգերու աշակերտներու ներկայացուցած «Մենք եւ Դուք» խմբային արտասանութիւնը։ Ապրիլեան Եղեռնի յայտագիրը շարունակուեցաւ նախակրթարանի երգչախումբի մեկնաբանած «Տեսնեմ Անին» խմբերգով։ Զ. կարգէն երեք աշակերտուհիներ ներկայացուցին «Դերենիկը» կենդանի պատկերը։ Յայտագիրը իր աւարտին հասաւ «Մեսրոպեան»ի տնօրէն Դաւիթ Ղուկասեանի փակման խօսքով եւ մանկամսուրի աշակերտներու արտասանած քառեակով։ Իսկ միջնակարգի ու երկրորդականի աշակերտները ասմունքով ելոյթ ունեցան սոյն հանդիպման։ Ձեռնարկի աւարտին, Մեսրոպեան Ազգ. վարժարանի մանկամսուրէն մինչեւ հինգերորդ դասարաններու աշակերտները վերադարձան իրենց դպրոցական ամէնօրեայ ժամանակացոյցին, իսկ միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները պատրաստուեցան դէպի յուշարձան իրենց քայլարշաւին։
Կէսօրէն ետք ժամը 12։30ին, միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին՝ քալելով Մեսրոպեան վարժարանէն դէպի Մոնթեպելլոյի Ապրիլեան յուշակոթող, առաջնորդութեամբ Ազգային Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Դաւիթ Ղուկասեանի, հայերէնի դասատուներուն ու վարժարանի խնամակալ մարմինին։ Քայլարշաւի ընթացքին աշակերտները կանգ առին Մոնթեպելլոյի քաղաքապետարանին առջեւ, ուր դրօշակի արարողութենէ ետք՝ Մոնթեպելլոյի քաղաքապետարանի անդամ Ճեք Հաճինեան խօսք ուղղեց աշակերտներուն, ապա քաղաքապետարանի երկու ներկայացուցիչներ՝ Ֆրամչեսքա Թաքըր Շուլըր (city administrator) եւ հաշուապահութեան բաժանմուքէն՝ «Մեսրոպեան»ի շրջանաւարտ Քրիստին Զենջիրեան, միացան քայլարշաւին։ Մոնթեպելլոյի Հէյ թաղամասի սկիզբը, ՀՕՄի «Նայիրի» մանկամսուրի մանուկները եռագոյն դրօշակներով դիմաւորեցին «Մեսրոպեան»ի աշակերտները՝ արտասանելով ապրիլեան լօզունգներ։
Քայլարշաւը իր աւարտին հասաւ ժամը 2ին, երբ «Մեսրոպեան»ի միջնակարգ ու երկրորդական դասարաններու աշակերտները ծաղկեպսակ մը զետեղեցին Ապրիլեան նահատակներու յուշակոթողին առջեւ:
Երեկոյեան, Ապրիլեան նահատակներու հսկումի արարողութեան ընթացքին, Մեսրոպեան Ազգ. վարժարանի նախակրթարանի աշակերտական երգչախումբը երեք երգերով ելոյթ ունեցաւ ու ոգեկոչեց յիշատակը մեր անմեղ նահատակներուն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.