ԼԱՍ ՎԵԿԱՍ.- Հայրենի հողէն հազարաւոր մղոններ հեռու, Ատլանտեանի օտար այս ափերուն, Հայաստանեայց առաքելական Ս. եկեղեցին եղած է ու կը մնայ հայու հաւատքին եւ ինքնութեան անխորտակելի միջնաբերդը։ Պայմաններու բերումով հայրենիքէն գաղթած կամ տարագրուած հայը, զանազան երկիրներու մէջ երբ կայք հաստատած է, նուիրական առաջին պարտականութիւն նկատած է զինք հիւրընկալող երկիրներուն մէջ եկեղեցի ու դպրոց կառուցելը։ Որովհետեւ հայը հաւատացած է, որ եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ համախմբուելով ու անոր շուրջ կազմակերպելով իր ազգային, համայնքային կեանքը, երաշխաւորած ու պահպանած պիտի ըլլայ իր հոգեւոր արժէքներն ու ազգային ինքնութիւնը։ Այս մեկնակէտով էր, որ Արեւմտեան թեմի բոլոր եկեղեցիները կանգնեցան եւ ծխական շրջանները կազմակերպուեցան, ծառայելու համար հայ ժողովուրդի հոգեւոր, մշակութային, կրթական ու ազգային կարիքներուն։
Այս նոյն նպատակով էր, որ Նեւատա նահանգի Լաս Վեկաս քաղաքի ծխական համայնքը ի վերջոյ իրականացուց սեփական եկեղեցի ունենալու երկար տարիներու երազը։ Արդարեւ, շրջանի հայութիւնը Շաբաթ եւ Կիրակի, Ապրիլ 13-14ին ապրեցաւ պատմական եւ յիշատակելի, ցնծութեան օրեր. փաստօրէն, Ապրիլ ամիսը ո՛չ միայն մահուան վրայ մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի տարած կեանքի յաղթանակը կը շեփորէ, այլեւ՝ իր հայրենի հողերէն արմատախիլ եղած, Ցեղասպանութիւն, աքսոր ու մահ տեսած հայ ժողովուրդի յարութենական կեանքի վերածնունդը կ՛ոգեկոչէ, ի հեճուկս ցեղասպան թուրքին, որ մեռած, յաւիտեան թաղած ու աշխարհի երեսէն ջնջած ըլլալ կը կարծէր հայ ազգը։ Սակայն այս անգամ եւս, ապրելու եւ գոյատեւելու հայուն հզօր կամքը Լաս Վեկաս քաղաքէն կը յառնէր, որովհետեւ հոն հաստատուած ափ մը հայեր, հակառակ ամէն տեսակի խոչընդոտներու եւ դժուարութեանց, նպատակադրած էին հայօրէն ապրիլ. զսպանակուած գիտակից կամքով, եկեղեցի կառուցելու եւ մշակութային հայ կեդրոն ունենալու տարիներու ծրագիրը ի վերջոյ պիտի իրագործուէր եւ վերջին ամիսներու տքնաջան աշխատանքը յաջողութեամբ իր աւարտին պիտի հասնէր։
ԲԱՑՈՒՄ «ԳՈՒՃԱՔԵԱՆ» ՍՐԱՀԻ
Ձեռամբ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, Շաբաթ, Ապրիլ 13ի երեկոյեան կատարուեցաւ «Գուճաքեան» սրահի բացման արարողութիւնը. սրահին բարերարութիւնը յանձն առած են Ֆաթթալ, Եմէնէճեան եւ Գուճաքեան ընտանիքները, ի յիշատակ իրենց ծնողաց՝ Վերժին եւ Աբրահամ Գուճաքեաններու։
«Գուճաքեան» սրահին բացումը տեղի ունեցաւ ի ներկայութիւն բարերար ընտանիքի անդամներու։ Առաջնորդը Տէրունական աղօթքով օրհնեց ներկաներն ու սրահը, կատարեց ժապաւէնի հատումն ու յիշատակի ցուցատախտակին բացումը։ «Այսօր Երկնայինք» շարականի երգեցողութեամբ, հոգեւորականներուն եւ հաւատացեալներուն հետ սրահ մուտք գործելով, սրբազանը կատարեց աղ ու հացի օրհնութիւնը, նաեւ աղօթք բարձրացուց բարերար ընտանիքներու ծնողաց յիշատակին, որոնց նուիրուած է սրահը։ Առաջնորդը յատուկ յիշատակութեան արժանացուց Վերժին Գուճաքեանը, վեր առնելով Շաբաթօրեայ վարժարանի հիմնադրութեան ու գործունէութեան մէջ անոր բանալի դերակատարութիւնը։ Ան համոզում յայտնեց, որ հանգուցեալներուն ժառանգորդները պիտի շարունակեն նուիրումի նոյն երթը։
ԴՌՆԲԱՑԷՔԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ
Սրահին բացումէն ետք, հոգեւորականաց, սարկաւագաց եւ դպրաց դասը, «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ, եկեղեցւոյ մայր դուռը առաջնորդեցին սրբազանը։ Եկեղեցւոյ դրան առջեւ ծնկաչոք, երգուեցաւ «Բաց Մեզ Տէր» շարականը եւ կատարուեցաւ Դռնբացէքի արարողութիւնը, ապա երբ երգուեցաւ «Զողորմութեան Քո զդուռն բաց մեզ Տէր» շարականը, եկեղեցւոյ դռները բացուեցան, առաջնորդին հետեւելով՝ եկեղեցականաց դասն ու եկեղեցւոյ մուտքին սրտատրոփ սպասող հաւատացեալ ժողովուրդը երկիւղած ուրախութեամբ մուտք գործեցին եկեղեցի։ Սրբազանն ու հոգեւորականներ Սաղմոսի եւ շարականներու երգեցողութեամբ խորան բարձրացան։ Աստուծոյ ուղղուած աղօթքի այս բառերով՝ «Օրհնէ՛ եւ սրբէ՛ այս եկեղեցւոյ քարերն ու փայտերը, որպէսզի ան որ համբուրէ զանոնք, եւ երկրպագէ անոնց, ոչ թէ անսուրբ քարին ու փայտին երկրպագէ, այլ՝ Քեզ եւ Քու սուրբ անունիդ», սրբազանը օրհնեց եկեղեցւոյ քարերն ու փայտերը, ապա եկեղեցւոյ Ձախակողմեան խորանին ու Մկրտարանին օծումը կատարեց։ Խորանը կառուցուած է բարերարութեամբ Չարլզ Սուլահեանի, ի յիշատակ հօր՝ Ալեքսանտրի, իսկ մկրտարանը՝ Մարի Սուլահեանի բարերարութեամբ՝ ի յիշատակ ծնողաց Կարապետ եւ Ազատուհի Պէյլէեանի։
Իր քարոզին մէջ, առաջնորդը վերակոչեց եկեղեցւոյ օրհնութեան բառերը, որ աղաչանք էին ուղղուած մարդասէր Աստուծոյ, իր Ս. Հոգին ղրկելու եւ հանգչեցնելու աղօթքի այս նորակառոյց տան վրայ, որպէսզի օրհնուին եւ սրբուին եկեղեցւոյ քարերն ու փայտերը։ «Որովհետեւ, Աստուծոյ փառքին համար կառուցուած այս եկեղեցին արդիւնքն է իր ժողովուրդի հաւաքական հաւատքին եւ ճիգերուն, եւ մենք քիչ առաջ, ծնկաչոք ու խոնարհաբար խնդրեցինք Աստուծմէ, որ իր ողորմութեան դռները, աղօթքի այս տան դռները բանայ իր ժողովուրդի առջեւ, իր անուան երկրպագութեան եւ փառաբանութեան, ինչպէս նաեւ հոգեւոր ծառայութեան եւ պաշտամունքի համար։ Թող Աստուած բանայ երկնքի ողորմութեան դռները, լսելու համար մեր եւ ձեր բոլորին աղօթքը. իր ողորմութիւնը, մարդասիրութիւնը տարածուին, ճառագայթեն, եւ օրհնեալ ըլլայ ձեր անհատական, հաւաքական եւ ազգային կեանքը։ Թող օրհնուին նաեւ այս տունը շինողները, նուիրատուներն ու բարերարները։ Ինչպէս Յիսուս մկրտուելով օրհնեց Յորդանան գետը, այնպէս ալ օրհնուին եւ աստուածային շնորհքներով զարդարուին բոլոր անոնք, որոնք այս եկեղեցւոյ Աւազանին մէջ պիտի մկրտուին», ըսաւ առաջնորդը։
Սրբազանը նաեւ յայտեց, թէ Կիրակի, Ս. պատարագ պիտի մատուցուի, եկեղեցւոյ տասնվեց սիւներուն օծումը պիտի կատարուի, Յիսուսի 12 առաքեալներուն, աւետարանիչներուն եւ մեր հաւատոյ հայր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի անուններով։ Սրբազանը ուրախութիւն յայտնեց հաւատացեալներու հոծ բազմութեան ներկայութեան համար, ողջունեց Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգ. կեդրոնական վարչութեան անդամ Խաժակ Տիքիճեանի, Ազգ. վարչութեան, ծխական շրջաններու երեսփոխաններուն, հոգաբարձութեանց, միութեանց ներկայացուցիչներու, բարերարներու եւ նուիրատուներու ներկայութիւնը, յատուկ կերպով գնահատեց Լաս Վեկասի ծխական խորհուրդի հովիւ Աւետիս Ա. քհնյ. Թորոսեանը, ատենապետ Ատրուշան Արմէնեանն ու եկեղեցւոյ ծխական եւ շինարարական յանձնախումբերը, եկեղեցւոյ տիկնանց կազմը, եւ յոյս յայտնեց, որ ծխական այս շրջանը, պատմական եւ անկիւնադարձային այս օրերէն ետք, եկեղեցւոյ շուրջ համախմբուելով, սկիզբ տայ հոգեւոր զարթօնքի եւ համայնքային նոր աշխոյժ շրջանի մը։
Արարողութեան աւարտին, պատշաճ հիւրասիրութիւն տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ նորաբաց «Գուճաքեան» սրահին մէջ, հիւրընկալութեամբ եկեղեցւոյ ծխական եւ տիկնանց յանձնախումբերուն։
ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՕԾՈՒՄ
Կիրակի, Ապրիլ 14ը իբրեւ պատմական եւ յիշատակելի թուական պիտի արձանագրուի Արեւմտեան թեմի կեանքին մէջ։ Այդ օր էր, որ երազի մը իրականացումը կատարուեցաւ, եւ առաջնորդը սրբալոյս միւռոնով կատարեց եկեղեցւոյ Մայր խորանին, 16 սիւներուն օծումը եւ եկեղեցւոյ անուանակոչումը՝ նորակառոյց եկեղեցին Ս. Կարապետ անուանելով։ Պատարագին ներկայ էին Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեան, ընկերակցութեամբ իր կնոջ, ամերիկեան խորհրդարանի անդամ Տինա Թայթըս, Կեդրոնական վարչութեան եւ Ազգ. վարչութեան անդամներ, շրջանի քոյր աւետարանական, մարոնի եւ ասորի եկեղեցիներու եկեղեցականներ, բարերարներ եւ ուխտաւոր հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը։
Հանդիսաւոր թափօրը, առաջնորդուելով թափօրի խաչով, ծխական շրջաններէ կազմուած դպրաց, սարկաւագաց դասերով, ինչպէս նաեւ 16 սիւներու կնքահայրերով, «Խորհուրդ խորին» շարականի երգեցողութեամբ դէպի եկեղեցի յառաջացաւ եւ «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ մուտք գործեց եկեղեցի։ Պատարագիչ սրբազան հօր կը սպասարկէին հայր Միւռոն, տէր Աւետիս եւ տէր Վազգէն։ Օծման արարողութենէն առաջ, մինչ Սաղմոս կը կարդացուէր, հայր Միւռոն եւ տէր Վազգէն, գինիով եւ ջուրով լուացին եւ սրբեցին Մայր խորանը։ Աստուծոյ Ս. Հոգին եւ Անոր ներկայութիւնը խորհրդանշող Ս. Միւռոն պարփակող Միւռոնաթափ աղաւնին, «Կենդանարար Աստուած» շարականին երգեցողութեամբ, խորան բերուեցաւ եւ յանձնուեցաւ պատարագիչ սրբազան հօր։ «Առաքելոյ աղաւնոյ» շարականին քաղցրալուր երգեցողութեամբ, սրբազանը Միւռոնաթափ աղաւնիին կտուցէն Ս. Միւռոն թափեց փոքրիկ սրուակի մը մէջ, ապա, դպրաց դասի «Ամէն ալէլուիա» աղաղակումներուն առընթեր, առաջնորդը Ս. Միւռոնով տեառնագրեց եւ խաչաձեւ օծեց Մայր խորանին գագաթը, ապա աջ եւ ահեակ անկիւնները եւ ի վերջոյ Ս. սեղանին ճակատը։ Եկեղեցւոյ Մայր խորանը հովանաւորուած է Արփինէ Գութնուեանի եւ ընտանիքին կողմէ, ի յիշատակ իրենց ամուսնոյն եւ հօր՝ Արամ Գութնուեանի։
Մայր խորանի օծման աւարտին, մինչ քաղցրահունչ կ՛երգուէր «Խորան Սրբութեան» շարականը, սրբազանը բուրվառը ձեռքին խնկարկեց, երկրպագեց եւ համբուրեց նորաօծ Ս. սեղանը, ապա հերթաբար մօտեցաւ եւ խաչանիշ օծեց առաքեալներու, աւետարանիչներու եւ մեր հաւատոյ հայր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի անուանադիր 16 խաչերն ու սիւները, որոնց իւրաքանչիւրին առընթերակայ կնքահայրեր, դպիրի շապիկներով ակնդէտ հաւատքով եւ երկիւղածութեամբ կը սպասէին։ Աւարտին, առաջնորդը եկեղեցւոյ կեդրոնը գալով, «Անդաստան»ի արարողութեամբ օրհնեց եկեղեցւոյ չորս անկիւնները եւ նորաօծ եկեղեցին Ս. Կարապետ անունով անուանադրեց։ Խորանը սկզբնապէս անպաճոյճ էր. օծումէն անմիջապէս ետք վարագոյրը փակուեցաւ, ու երբ վերստին բացուեցաւ, Ս. Խորանը լուսաւորուած էր եւ խաչով, Աւետարանով ու ծաղիկներով զարդարուած։
«Ողջոյն»էն առաջ, սրբազանը գոհունակութեամբ յայտարարեց, որ վեհափառ հայրապետը իր ոգեկան ներկայութեամբ մեզի հետ է, եւ ընթերցեց եկեղեցւոյ օծման ուրախ այս առիթով Արամ Ա. կաթողիկոսին ուղարկած օրհնութեան եւ շնորհաւորութեան գիրը, ապա հրաւիրեց հաւատացեալները, որ մեր Քրիստոսի ներկայութիւնը ապրելով, ստանան օծեալ Ս. սեղանէն առաջին «Ողջոյն»ի օրհնութիւնը եւ զգան վեհափառ հօր ներկայութիւնն ու օրհնութիւնը։
Իր հոգեւոր պատգամին մէջ, առաջնորդը եկեղեցւոյ օծման կարգի աղօթքին բառերով Աստուծմէ խնդրեց, որ իր անուան ու փառքին համար նորաօծ Ս. Կարապետ եկեղեցին պայծառ պահէ, բարգաւաճեցնէ եւ իր ժողովուրդի հոգեւոր բազում կարիքներուն մատակարարը եւ Ս. Հոգւոյ պարգեւներուն բաշխիչը դառնայ, մարմնաւորէ իր պաշտպան սուրբը՝ Յովհաննէս Մկրտիչ Կարապետը, որ քաջ ու անվեհեր ջատագով էր հաւատքի եւ աստուածադիր օրէնքներու, եւ նոյնիսկ մահը յանձն առաւ, բայց չդաւաճանեց իր սկզբունքներուն եւ համոզումներուն։ Ս. Կարապետ Մկրտիչի անունը կրող այս եկեղեցին դառնայ հաւատքի եւ աստուածային շնորհներու մշտահոս աղբիւր։ «Այսօր, սիրելիք, պատմական եւ անկիւնադարձային օր է, ոչ միայն Նեւատա նահանգի Լաս Վեկաս քաղաքին մէջ կառուցուած Հայց. առաք. առաջին եկեղեցւոյ ու ծխական համայնքին, այլեւ մեր Արեւմտեան տիրախնամ թեմին համար ալ նշանակալից է, ի տես այս ծուխի յառաջընթացին, որ կարճատեւ ժամանակամիջոցի մէջ երազ մը իրականացուց», ըսաւ սրբազանը։ Ապա յիշեցուց, որ Ս. Յարութեան յաջորդող այս երկրորդ Կիրակին, եկեղեցական անուանումով Կանաչ Կիրակի կը կոչուի։ Այս Կիրակին ո՛չ միայն գարնան զարթօնքը կը յատկանշէ, այլեւ քրիստոնեայ առաջին եկեղեցւոյ ու համայնքին ստեղծումը, ծլարձակումն ու տարածումը։ Կանաչ կամ Աշխարհամատրան Կիրակիին էր, որ Յիսուսի յարութեան, ապա երկինք համբարձման դէպքերէն ետք, վերնատան մէջ կը համախմբուէին առաքեալներն ու աշակերտները, կ՛աղօթէին եւ ապա հացի բեկանումը կը կատարէին։ Այս վերնատունէն էր որ հետագային առաքեալներ պիտի ցրուէին աշխարհի չորս անկիւնները՝ Քրիստոսի աւետարանը քարոզելու եւ քրիստոնէութիւնը տարածելու ազգերուն եւ ժողովուրդներուն։ «Կարծէք թէ մենք ալ այսօր, առաքեալներու հաւատքով, Կանաչ այս Կիրակիին, գարուն ու վերանորոգ, վերածաղկեալ յարուցեալ կեանքի, հաւատքի նոր տան, եկեղեցւոյ հիմքերը կը ջրդեղենք ու կը հաստատենք։ Արդարեւ այսօր, այս եկեղեցւոյ եւ ծխական շրջանին համար, հաւատքի վերածաղկման ու վերածնունդի օր է։ Անցնող տարիներու ընթացքին տքնեցաք, ծրագրեցիք ու միասնաբար գործեցիք ու ահա հասաք ցանկալի այս օրուան։ Այժմ, երբ եկեղեցին կառուցուած է, պէտք չէ հոս կանգ առնել ու լճանալ, այլ նոր հորիզոններու պատրաստ պէտք է ըլլաք՝ նոր մարտահրաւէրներ եւ յանձնառութիւններ դիմակալելու, ի խնդիր համայնական կեանքի հոգեւոր աճումին, եկեղեցական ու ազգային կեանքի առաւել պայծառացման», յորդորեց սրբազանը, եւ ողջունելով օծման մասնակից պաշտօնական հիւրերը՝ օրհնեց եկեղեցւոյ բարերարներն ու կնքահայրերը, յատկապէս գնահատանքի եւ երախտագիտութեան խօսք ուղղեց եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերար Լերի Պարնզի, որ իր կնոջ՝ Սեդա Տէր Կարապետեան-Պարնզի յիշատակին, եկեղեցւոյ կառուցման համար կատարած էր իշխանական նուիրատուութիւն, ինչպէս նաեւ՝ UCLA համալսարանի «Dream Fund»ի հիմնարկին անոր իշխանական նուիրատուութեան համար։ Առաջնորդը շնորհաւորեց եկեղեցւոյ հովիւը, ծխական խորհուրդը, շինարարական յանձնախումբը, բոլոր բարերարներն ու եկեղեցւոյ ու համայնքի կեանքէն ներս գործող կամաւոր աշխատողները։
Պատարագը շարունակուեցաւ։ «Տէր Ողորմեա»ի պահուն, յայտարարուեցաւ, որ առաջնորդը յառաջիկայ Մայիս ամսուան 19ին, դարձեալ պիտի այցելէ եւ օծումը կատարէ եկեղեցւոյ սրբապատկերներուն։ Ապա «Տէր Ողորմեա»ի յատուկ աղօթք երգուեցաւ հանգուցեալ Սեդա Տէր Կարապետեան-Պարնզի, տիրամայր Մարի Մարտիրոսեանի, Ֆաթթալ, Եմէնէճեան, Գուճաքեան, Գութնուեան ընտանիքներու հարազատներու հոգիներու խաղաղութեան, ինչպէս նաեւ Գըրգ Գըրգորեանի քրոջ՝ Ռոզի հոգւոյն խաղաղութեան համար։
Այնուհետեւ հաւաքական խոստովանանք կատարուեցաւ եւ հաւատացեալներ երկիւղածութեամբ մօտեցան Ս. խորան եւ ստացան Ս. հաղորդութիւն։ Ս. պատարագի աւարտին, եկեղեցականաց թափօրը՝ գլխաւորութեամբ առաջնորդին, դպրաց եւ սարկաւագաց դասերուն եւ ընկերակցութեամբ կնքահայրերուն, «Ուրախ լեր» շարականի երգեցողութեամբ դուրս եկաւ եկեղեցիէն եւ բակին մէջ երգուեցան «Կիլիկիա»ն եւ «Մեր Հայրենիք»ը։ Ապա առաջնորդին «Պահպանի»չ ա-ղօթքով, վերջ գտան պատմական ու յիշարժան եկեղեցական արարողութիւնները։
ՏՕՆԱԿԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ ԵՒ ԱՏԵՆԱՊԵՏ ԱՏՐՈՒՇԱՆ ԱՐՄԷՆԵԱՆԻ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒՄ
Յաւարտ Ս. պատարագի, յետմիջօրէին, «Թրոփիքանա» պանդոկի «Քոհիպա» շքեղ սրահին մէջ, նշելու համար ծխական շրջանին անկիւնադարձային եւ պատմական իրագործումը՝ տեղի ունեցաւ տօնական ճաշկերոյթ։ Ներկայ երկու հարիւր յիսուն մասնակիցներու շարքին էին հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեան, խորհրդարանի անդամ Տինա Թայթըս, պետական պաշտօնատարներ եւ պաշտօնական հիւրեր։ Ամերիկեան եւ հայկական քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, շնորհաւորական խօսքերով հանդէս եկաւ Տինա Թայթըս, որ վեր առնելով հայ համայնքին բարեմասնութիւնները եւ դրական ներդրումը քաղաքին, իր խօսքը եզրակացուց ըսելով, որ այսօր ի վերջոյ, սեփական հայկական եկեղեցի ունենալու հայ համայնքին քսան տարիներու երազը կ՛իրականանայ։ Երախտագիտական զգացումներով յաջողութիւն մաղթեց հայ համայնքին եւ յոյս յայտնեց, որ նորակառոյց եկեղեցին ոչ միայն ըլլայ հաւատքի եւ աղօթքի տուն, այլեւ իր շուրջ համախմբէ համայնքի բոլոր զաւակները եւ ըլլայ հաւատքի, մշակոյթի ճառագայթարձակ կեդրոն։ Ան եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Ատրուշան Արմէնեանի յանձնեց պաշտօնական շնորհաւորագիր մը։
Սրտի խօսքերով հանդէս եկան Ալեքս Եմէնէճեան եւ Ատրուշան Արմէնեան, որոնք երախտագիտութիւն եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին առաջնորդին, որ յաճախակի այցելութիւններով եւ հանդիպումներով, վերահսկած եւ օգտակար ցուցմունքներ կատարած է, որպէսզի շինարարական աշխատանքները հեզասահ եւ ժամանակին աւարտին։ Անոնք շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնեցին մասնաւորաբար եկեղեցւոյ ու Հայ կեդրոնի գլխաւոր բարերար Լերի Պարնզի, ինչպէս նաեւ «Dream Fund»ին, որոնց իշխանական նուիրատութիւններով կառուցուեցան եկեղեցին ու Հայ կեդրոնի համալիրը։ Ա. Արմէնեան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Լուտերական եկեղեցւոյ հովիւ Քըրթ Սորթլանտի, որ չորս տարիներ հայ համայնքին տրամադրելով իր եկեղեցին, պատեհութիւն ընծայած է որ այդ ժամանակամիջոցին հայ համայնքը կազմակերպուի, զօրանայ եւ սեփական եկեղեցի ունենալու երազը իրագործէ։ Արմէնեան չմոռցաւ յիշել Ազգ. վարչութեան անդամներէն Վահան Պզտիկեանի նուիրումը, որպէս նախանձախնդիր եւ պատրաստակամ խորհրդատու շինարարական աշխատանքներուն։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ շինարարական յանձնախումբի անդամներ Լեւոն Կիւլպէնկեանին եւ Գօգօ Տարագճեանին, ինչպէս նաեւ «Թրոփիքանա» պանդոկի պատասխանատուներուն ու տէր եւ տիկին Ալեքս եւ Արտա Եմէնէճեանին, տօնական ճաշկերոյթին մեծ դիւրութիւններ ընծայելուն համար։
Հիւպատոս Յովհաննիսեան ծուխին ուղղած շնորհաւորական խօսքերուն առընթեր, յիշեց որ ինք յուզումով ներկայ գտնուած էր 2009ին, երբ եկեղեցւոյ հողօրհնէքը կը կատարուէր եւ առաջին հիմքերը կը զետեղուէին, ու այսօր հոգեկան մեծ հրճուանքով եւ հպարտութեամբ լեցուած, կը շնորհաւորէ Լաս Վեկասի հայ համայնքը՝ սեփական եկեղեցի ունենալու ուրախ առթիւ, եւ յոյս յայտնեց որ ան դառնայ համայնքի զաւակները միազանգող հոգեւոր կեդրոն, համայնքը ունենայ համերաշխ բարգաւաճ կեանք։ Ան յոյս յայտնեց որ շուտով, իր խոստացած՝ Տիրամօր սրբանկարը պատրաստ կ՛ըլլայ ու կը նուիրէ եկեղեցւոյ։
Կեդրոնական վարչութեան անդամ Խաժակ Տիքիճեան, իր խօսքին մէջ մէջբերեց Արամ Ա. կաթողիկոսի խօսքերը, թէ Հայ եկեղեցին հայ ժողովուրդին կը պատկանի, եւ եկեղեցւոյ նուիրական առաքելութիւնն է ծառայե՛լ ժողովուրդին։ Ամէն մէկ եկեղեցի որ կը կառուցուի, կը կառուցուի հաւատքով, բազում դժուարութիւններով եւ յանձնառու զոհողութիւններով։ Հայ եկեղեցւոյ գիրկին մէջ հայը ապահով ու հանգիստ է, այնտեղ է որ հայը կը վերածնի հայ քրիստոնեայ ու վաղուան կեանքին կը բացուի։ Այս իմաստով հայ եկեղեցին, անբաժան մասն է հայ ժողովուրդի գոյութենական կեանքի պայքարին, իղձերուն եւ իրագործումներուն, որովհետեւ անիկա ժողովուրդն իսկ է։ Ապա, յանուն վեհափառին, իր շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթութիւնները փոխանցեց Լաս Վեկասի հայ համայնքին ու անոր նուիրեալ բոլոր զաւակներուն։
Ազգ. վարչութեան անունով, շնորհաւորութեան եւ սրտի խօսք արտասանեց Ռիմա Պօղոսեան, պատմական եւ անկիւնադարձային օր նկատելով այս հանգրուանը, որ ոչ միայն Լաս Վեկասի հայ համայնքի կեանքէն ներս հպարտառիթ երազի մը իրագործումն էր, այլեւ թեմի 40ամեայ պատմութեան մէջ այս օրերը իբրեւ պատմական օրեր պիտի յիշուին։ Ազգ. վարչութեան ատենապետուհին հովիւին, ծխական յանձնախումբին, բարերարներուն եւ կնքահայրերուն ուղղած շնորհաւորական եւ գնահատանքի խօսքերու կողքին, մաղթեց, որ հայահոծ այլ շրջաններ, որոնք եկեղեցի չունին, բարի օրինակ առնեն եւ շուտով իրենք ալ ունենան եկեղեցի։ Ան Լաս Վեկասի հայութեան մաղթեց, որ նորակառոյց Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ կողքին, շուտով հայ դպրոց ունենան, որովհետեւ եկեղեցի եւ դպրոց, ամուր միջնաբերդ են հայապահպանման մեր համայնական ճիգերուն եւ գրաւականը՝ հայութեան ինքնութեան անեղծ պահպանման։
Գեղարուեստական յայտագիրը ընդգրկեց հայկական նազպարի ներկայացում, կատարողութեամբ Գոհար Մարգարեանի եւ Իզապէլ Մարտիրոսեանի։ Ձեռնարկի ա-ւարտին, առաջնորդին ձեռամբ, յատուկ յուշանուէրներով պատուըւեցան եկեղեցաշինութեան աշխատանքներուն իրենց նիւթական թէ բարոյական նպաստն ու օժանդակութիւնը բերած եկեղեցւոյ ծխական եւ շինարարական յանձնախումբերու, տիկնանց միութեան անդամներ եւ նուիրատուներ։
Երկու օրերու վրայ տարածուած եկեղեցական հանդիսութիւնները իրենց աւարտին հասան առաջնորդին փակման եւ օրհնութեան խօսքերով։ Սրբազանը Աստուծոյ փառք տուաւ տօնական այս մթնոլորտը պարգեւելուն համար, որովհետեւ, «մեծ երազի մը իրականացման վկաներն ու մասնակիցները եղանք»։ «Տեսիլք ունեցող խումբ մը հայորդիներ, տարիներ առաջ, տքնաջան աշխատեցան, ծրագրեցին եւ կազմակերպեցին այս ծուխը, միշտ նպատակ ունենալով, որ օր մը, սեփական եկեղեցի ու հայ կեդրոն պիտի ունենան։ Եւ ահա այսօր, իրականացած է անոնց երազը։ Իրականացած է Լաս Վեկասի հայ համայնքին երազը եւ այսօր հպարտութեամբ կը քաղեն իրենց արդար աշխատանքին քաղցր պտուղը, Լաս Վեկասի հայութեան կ՛ընծայեն առաջին Հայց. Առաք. եկեղեցին», շեշտեց սրբազանը, նկատելով, որ եկեղեցին եւ մշակութային կեդրոնը պիտի դառնան այս համայնքին բաբախող սիրտը եւ որպէս մշտարթուն կենսաբորբ փարոս հայութեան՝ այս տեղէն պիտի ճառագայթեն մեր եկեղեցւոյ հաւատքը, մեր լեզուն, պատմութիւնը, մշակութային եւ ազգային արժէքներով տոգորելու հայ հաւատացեալը եւ նոր սերունդի զաւակները։
«Նորակառոյց եւ նորաօծ Ս. Կարապետ Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ կառուցման աշխատանքին լծուեցան բոլորը եւ տուին «գոյիւ չափ զկեանս իւրեանց»։ Պէտք է գուրգուրալ, պայծառ եւ աշխոյժ պահել զայն, որովհետեւ հայ եկեղեցին կոչուած է անխտիր ծառայելու հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն։ Հետեւաբար, այսօր պահն է նաեւ գնահատելու բոլոր անոնք, որոնք այս մեծ երազի իրականացման ճամբուն՝ ձեռք ձեռքի տուին եւ սիրտ-սիրտի կապելով, պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ յաջողութեամբ պսակեցին իրենց վստահուած պարտականութիւնները», յայտարարեց առաջնորդը։ Ապա, երախտագիտական զգացումներով ողջունեց բարերար Լերի Պարնզը, որ իր կնոջ՝ հանգուցեալ Սեդա Տէր Կարապետեան-Պարնզի յիշատակը անմահացնելու համար, եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերարութիւնը ստանձնած է, եւ առ ի գնահատանք՝ 2010ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին կողմէ առաջնորդին ձեռամբ ստացած է «Կիլիկեան Ասպետ»ի շքանշան։ Սրբազանը երախտագիտութիւն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ UCLA-ի հովանիին ներքեւ գործող «Dream Fund»ի կողմէ կատարուած զօրակցութեան եւ պատկառելի նուիրատուութեան համար, ողջունեց ներկայութիւնը հիմնադրամի ներկայացուցիչ Լինտի Շումախըրի, որ կը մասնակցէր ճաշկերոյթին։ Առաջնորդը շնորհաւորեց նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Աւետիս Ա. քհնյ. Թորոսեանը, եկեղեցւոյ ծխական յանձնախումբը, տիկնանց միութիւնը, շինարարական յանձնախումբը եւ շինարարական աշխատանքներուն հետեւող եւ անդուլ հսկող Վահան Պզտիկեանը, մեծ ու փոքր բարերարները, նուիրատուները, կնքահայրերը, կամաւոր բոլոր ձեռքերը, Լոս Անճելըսի ծխական զանազան շրջաններէն արարողութեանց եւ Ս. Պատարագին մասնակցող դպիրներն ու սարկաւագները։ «Բոլորդ ձեր առաւելագոյնը եւ լաւագոյնը ընծայեցիք այս ծուխին կազմութեան, հաստատման եւ բարգաւաճման համար: Հիմա ժամանակն է վայելելու ձեր արդար աշխատանքին արդիւնքը։ Կ՛աղօթեմ, որ ձեր ծառայութիւնը եւ առաքելութիւնը բեղմնաւորուի եւ համերաշխ գործակցութեամբ ու աստուածային իմաստութեամբ յառաջ ընթանան ծխական բոլոր տեսակի աշխատանքները՝ ի փառս Աստուծոյ, ի պայծառութիւն Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ եւ ի հոգեւոր շինութիւն ազգիս հայոց», ըսաւ սրբազանը։
Ուրախալի յայտարարութիւն կատարելով՝ առաջնորդը յայտնեց, որ տէր եւ տիկ. Ատրուշան եւ Նորա Արմէնեաններ, ոչ միայն եկեղեցւոյ կառուցման եւ օծման առթիւ իրենց լաւագոյնը տուին, այլեւ տօնախմբութեան ճաշկերոյթը կը հիւրընկալեն, եւ այս առթիւ կը նուիրեն 25 հազար տոլար։ Իսկ Ֆաթթալ, Եմենէճեան եւ Գուճաքեան ընտանիքները, որոնք իրենց ծնողաց՝ Վերժին եւ Աբրահամ Գուճաքեանի յիշատակին, «Գուճաքեան սրահ»ի հովանաւորութիւնը ստանձնած էին եւ նուիրած 50 հազար տոլար, յաւելեալ 10 հազար տոլար կը նուիրեն եւ կը փափաքին, որ Ազգ. առաջնորդարանէն ներս, ի յիշատակ իրենց ծնողաց, կրթական հիմնադրամ մը հաստատուի։ Նմանապէս տէր եւ տիկ. Վահէ եւ Լիւսի Ֆաթթալ, ի յիշատակ Վահէի ծնողաց՝ Ժոզէֆի, եւ քառասուն օրեր առաջ մահացած մօր՝ Էօժէնիի, 10 հազար տոլարի նուիրատուութեամբ, առաջնորդարանէն ներս նոր կրթական ֆոնտ մը կը հաստատեն։ Եւ վերջապէս տէր եւ տիկ. Ալեքս եւ Արտա Եմէնէճեան սիրայօժար կը ստանձնեն եկեղեցւոյ կառուցման հետ կապուած հովանաւորելի սրբանկարներու, ապակեայ պատկերներու եւ նստարաններու բարերարութիւնը. նուիրատուութեանց յայտարարութիւնները ներկաներուն կողմէ խանդավառութեամբ ընկալուեցան։ Վերջապէս, սրբազանը, բարձր գնահատելով Ատրուշան Արմէնեանի տարիներու նուիրեալ ծառայութիւնները, զայն արժանացուց Ազգ. առաջնորդարանի «Ս. Տրդատ Թագաւոր» շքանշանին։ Արմէնեան սոյն շքանշանին առաջին արժանացողն է Ազգ. առաջնորդարանի կողմէ վերջերս հաստատուած այս շքանշանին կ՛արժանանան այն անհատները, որոնք իրենց յիշատակելի գործունէութեամբ եւ ծառայութիւններով, ազգային եկեղեցական համայնքային կեանքին կը բերեն եզակի նպաստ։ Յոտնկայս ծափողջոյններու ներքեւ, տէր եւ տիկ. Արմէնեան առաջնորդին ձեռամբ ստացան շքանշանը, մինչ տէր Աւետիս կարդաց սրբազանին օրհնութեան եւ գնահատանքի գիրը։
Խանդավառ մթնոլորտի մէջ եւ բարձր տրամադրութիւններով, տօնական ճաշկերոյթի երեկոն հասաւ իր զուարթ վախճանին, «Պահպանիչ» աղօթքով եւ «Կիլիկիա» երգով։