ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Շուէտի մէջ դեսպանատուն բանալու նպատակով Հայաստանի կառավարութիւնը 2 Մայիսին որոշում տուած է 168 միլիոն դրամ (մօտ 400 հազար տոլար կամ 320 հազար եուրոյին համարժէք) յատկացնել Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան:
Գումարը պիտի յատկացուին կառավարութեան պահեստային ֆոնտէն: Նախահաշիւը կը ներառէ 6 ամսուան համար 2 դիւանագէտի, 3 վարչատնտեսական աշխատակիցի աշխատավարձերը, փոխհատուցման գումարներ, ընտանիքի անդամներուն փոխհատուցումները, բնակարաններու եւ ծառայողական շէնքի վարձակալման ծախսեր, ապահովագրական ծախսեր (բժշկական, փոխադրութեան, ծառայողական շէնքի) եւ պահպանման ընթացիկ այլ ծախսեր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.