ՊԸՐՊԵՆՔ.- Հայց. եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմը կը տեղեկացնէ, թէ վերջերս տեղի ունեցած են հետեւեալ նիւթական փոխանցումները.
– Առաջնորդարանը 20,000 տոլարի փոխանցում կատարած է «Մեր Յոյս-Յոյսի Տուն» առաքելութեան՝ Հայաստանի մէջ:
– Առաջնորդարանը կատարած է երկրորդ 20,000 տոլարի փոխանցումը՝ Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի հաշիւին՝ ի նպաստ սուրիահայերու օգնութեան, եւ 10,000 տոլար՝ Լոս Անճելըսի շրջանին մէջ գործող Սուրիահայերու օգնութեան միացեալ մարմինին:
– Առաջնորդարանը 30,000 տոլար փոխանցած է Էջմիածինի Փոքրիկներու հիմնադրամին:
– Առաջնորդարանը 27,000 տոլար փոխանցած է ի նպաստ Հայաստանի Տաւուշի թեմի Բերդ քաղաքի նոր եկեղեցւոյ կառուցման, որուն գլխաւոր բարերարն է թեմի բարերարներէն հանգուցեալ Ճան Սթիվընս:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.