ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Քրիստոսի Յարութենէն ետք երկրորդ Կիրակին կը կոչուի Աշխարհամատրան Կիրակի, որ ծանօթ է նաեւ որպէս «Կանաչ Կիրակի» անունով. այդ օրը կը տօնախմբուի Քրիստոսի կողմէ Երուսաղէմի մէջ հաստատուած առաջին եկեղեցին: Մաղաքիա Օրմանեան պատրիարքին համաձայն՝ «Կանաչ Կիրակի»ն կապուած է գարնան ընթացքին բնութեան վերազարթնումին: Ապրիլ 14ին առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան հովուական այցելութիւն շնորհեց Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Յովհաննէս Հայց. եկեղեցւոյ՝ Ս. պատարագ մատուցելով եւ քարոզելով:
Պատարագի ընթացքին, առաջնորդը դպիր ձեռնադրեց Նշան Քեսեքըրը, Ալեքս Գույումճեանը, Նիքլըս Ճէյմզը եւ Փօլ Իսրայէլեանը, շնորհաւորեց Ս. խորանին ծառայողները, քաջալերեց զիրենք հաստատ մնալու իրենց քրիստոնէական հաւատքին մէջ եւ պահպանելու Հայց. առաքելական Ս. եկեղեցւոյ նուիրական աւանդութիւնները:
Առ ի գնահատութիւն ծուխէն ներս իրենց մատուցած երկար տարիներու նուիրեալ ծառայութեանց, սրբազան հայրը առաջնորդարանի «Հայ Ոգի» շքանշանով պարգեւատրեց Առլին Պարպըրը, Հելէն Մանուկեանը, Մերի Հոգիկեանը, Միցի Ճարտարեանը եւ Իզապէլ Տոգուզեանը, եւ իր ջերմագին շնորհաւորութիւնները փոխանցեց անոնց:
Սրբազանը նաեւ բարձր գնահատեց եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայի վերակացու Փօլա Պօղոսեանը:
Պատարագի աւարտին, սրբազանը եկեղեցւոյ սրահին մէջ հաւատացեալներուն ներկայացուց առաջնորդարանի խնամակալութեան ծրագիրի ատենապետ դոկտ. Վահրամ Պիրիճիքը, որ տեղեկութիւններ հաղորդեց այս ծրագիրին մասին: Առ ի գիտութիւն, ծրագիրի ջանքերուն շնորհիւ, հաստատուած է յատուկ հիմնադրամ մը, որուն նպատակն է հոգալ քահանայութեան թեկնածու սարկաւագներու ուսումն ու ապրուստը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.