Կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտական խորհուրդի տեղեկատուական-ուսումնասիրական խմբակին, Կիրակի, 28 Ապրիլին, առաւօտեան ժամը 10էն սկսեալ տեղի ունեցաւ «Լիբանանահայ գաղութը, հայապահպանման աշխատանքները եւ աշակերտութեան դերը» նիւթով միջդպրոցական միօրեայ Գ. սեմինարը, մասնակցութեամբ լիբանանահայ 10 վարժարաններու միջնակարգ դասարաններէն երեքական ներկայացուցիչներու:
Միօրեայ սեմինարը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով, որմէ ետք կազմակերպիչ խմբակին անունով խօսք առաւ Վանեսա Նաժժար, որ նշեց, թէ հայապահպանման աշխատանքներուն մէջ լիբանանահայ աշակերտը ունի մեծ պարտականութիւն՝ լաւապէս ճանչնալ իր պատմութիւնը եւ լեզուն, պահպանել մշակոյթը, արժէքներն ու ժառանգութիւնները եւ տէր կանգնիլ հայութեան դատին: Նաժժար շնորհակալութիւն յայտնեց մասնակից վարժարաններու տնօրէններուն եւ ուսուցիչներուն, որոնք նեցուկ կանգնեցան այս նախաձեռնութեան յաջողութեան:
Ապա խօսք առաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ, որ նշեց, թէ այս նախաձեռնութիւնը իր բնոյթով եզակի է, որ կ՛անդրադառանայ լիբանանահայութիւնը մտահոգող ամնէնէն էական խնդիրին՝ հայապահպանումին, որ կ՛իրականանայ բծախնդիր, կազմակերպուած եւ միացեալ ճիգերով: Կ. Գալուստ յոյս յայտնեց, որ սեմինարի մասնակից աշակերտներու լուրջ, ազգային եւ միասնակամ մթնոլորտը օրինակելի կը դառնայ բոլորին:
Բարի գալուստի խօսքերէն ետք, աշակերտները պատասխանտեցին հայապահպանման հարցերուն մասին հարցախոյզի մը հարցումներուն, որմէ ետք դիտեցին լիբանանահայութեան պատմութեան մասին տեսաերիզ մը:
Սեմինարի առաջին զեկուցաբերն էր Յակոբ Հաւաթեան, որ ներկայացուց «Հայապահպանման նպատակը, միջոցները եւ դժուարութիւնները» նիւթը: Երկրորդ նիւթն էր «Լիբանանահայ գաղութին իրավիճակը անցեալէն այսօր. Զեկուցաբերն էր դոկտ. Անդրանիկ Տաքէսեան:
Ճաշի դադարէն ետք, խօսք առաւ միօրեայ սեմինարի երրորդ զեկուցաբերը՝ Հայ Կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու խորհուրդի նախագահ հայր Գէորգ Ծ. վրդ. Եղիայեան: Զեկուցումը կը կրէր «Լիբանանահայ աշակերտին ազգային եւ հոգեւոր պատկանելիութիւնը» նիւթը: Զեկուցումներէն ետք, աշակերտները ներկայացուցին իրենց հարցումները եւ յայտնեցին տեսակէտները:
Միօրեայ հանդիպումին վերջին նիւթը նուիրուած էր հայապահպանման աշխատանքին մէջ աշակերտութեան դերակատարութեան: Զրոյցը վարեց տիկին Մարօ Շորճեան: Զրոյցին յաջորդեց խմբային աշխատանք մը, որուն ընթացքին աշակերտները խումբերու ընդմէջէն բնորոշեցին հայ աշակերտին պարտականութիւնները հայապահպանման աշխատանքներուն մէջ եւ պատրաստեցին նշանակներ:
Աւարտին, Սերոյժ Եթերեան ներկայացուց հարցախոյզին արդիւնքները: Ապա ան ընթերցեց սեմինարի մասնակիցներուն անունով հրապարակուելիք միացեալ յայտարարութիւնը, որ ընդունուեցաւ բոլոր մասնակից-ներուն կողմէ:
Յայտնենք, որ սեմինարին իրենց մասնակցութիւնը բերին հետեւեալ վարժարանները՝ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանը, Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան գոլէճը, Վահան Թէքէեան միջնակարգ վարժարանը, Ազգային Ս. Խանամիրեան միջնակարգ վարժարանը, Հայ Աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանը, Այնճարի հայ քուրերու վարժարանը, Հայ Կաթողիկէ պատրիարքարանի Ս. Խաչ-Գ. Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանը, Ս. Հռիփսիմեանց երկրորդական վարժարանը, Սրբուհի Ագնէս վարժարանը եւ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը:
ՄԻԱՑԵԱԼ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Լիբանանահայ գաղութը ներկայիս կը դիմագրաւէ գոյատեւման բազմաթիւ դժուարութիւններ եւ ունի մեծաթիւ արգելքներ: Այս իրականութեան մէջ հայապահպանումը մեծ մարտահրաւէր մըն է, որուն խնդիրներէն են օտար ամուսնութիւնը, օտար վարժարաններ յաճախելու հետզհետէ աճ արձանագրող երեւոյթը, ապազգային մթնոլորտը եւ ազգային արժէքներէն ու աւանդութիւններէն հեռանալու ընթացքը:
Այս կացութեան մէջ, մենք, իբրեւ հայ աշակերտներ, մեր բոլոր ուժերը պիտի համախմբենք, զինուինք գիտելիքներով, հաւատքով եւ հայեցի կրթութեամբ՝ մասնակից դառնալու հայապահպանման աշխատանքներուն: Մենք կը գիտակցինք, որ մեր լեզուն, մեր պատմութիւնը, մեր մշակոյթն ու ժառանգութիւնը եւ մեր դատը անփոխարինելի արժէքներ են, որոնց պահպանման, հետապնդման եւ լուծման մէջ մենք մեծ աշխատանք ունինք:
Կը հաւատանք, որ մենք ենք ապագան եւ կ՛ուխտենք յառաջիկային միասնաբար մտածել, ծրագրել ու գործել, որպէսզի պահովենք մեր ժողովուրդին երթին շարունակականութիւնը:
Միջդպրոցական
Միօրեայ Գ. Սեմինարի
Մասնակից Աշակերտներ