
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «System of a Down» խումբի երգերու յօրինողներէն ու մենակատար, ինչպէս նաեւ մարդկային իրաւանց գործիչ Սերժ Թանգեան, նորվեկիացի յօրինող, կիթառահար Այսանի ու այլ յայտնի երաժիշտներու հետ ձայնագրած է «Մենք ենք» բարեգործական երգը:
Ըստ «Metal Underground» երաժշտական կայքին՝ երգը նուիրուած է Հարաւային Ափրիկէի հանրապետութեան առաջին սեւամորթ նախագահ, մարդկային իրաւունքներու ջատագով եւ Նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակի արժանացած Նելսըն Մանտելլայի եւ ռեկէ-երաժիշտ Լաքի Տիւփի յիշատակին:
Յուլիս 18ին հրապարակուելիք երգէն գոյացած ամբողջ հասոյթը պիտի տրամադրուի «Buskaid» բարեգործական կազմակերպութեան, որ անվճար երաժշտական դասեր եւ գործիքներ կը տրամադրէ Հարաւային Ափրիկէի երեխաներուն:
ՄԱԿը 2010ին, Յուլիս 18ն հռչակած էր Նելսըն Մանտելլայի համաշխարհային օր: