ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի կառավարութեան աշխատակազմին կողմէ կառավարութեան հաստատման ներկայացուած տեղեկագիրին մէջ նշուած է, որ Հայաստանի կառավարութեան բարեգործական ծրագիրներու համակարգման յանձնաժողովին կողմէ ճշդուած տուեալներուն համաձայն, 2012ին Հայաստանի մէջ բարեգործական եւ մարդասիրական օգնութեան ծրագիրներ գործադրած են միջազգային եւ հանրապետական 125 կազմակերպութիւններ:
Մեծ ծրագիրներ կը կատարեն հետեւեալները. Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը՝ 2.67 միլիառ դրամ արժողութեամբ, «Փիւնիկ» մարդկային պաշարներու հիմնադրամը՝ 1.38 միլիառ դրամ, «Տիրամայր Հայաստանի կուսաստան» բարեգործական կազմակերպութիւնը՝ 1.31 միլիառ դրամ, «Հայկական կարիտաս» բարեսիրական հասարակական կազմակերպութիւնը՝ 1.26 միլիառ դրամ, «Սուրբ Քամիլլօ» բարեգործական հիմնադրամը՝ 1.2 միլիառ դրամ եւ այլ ճանչցուած կազմակերպութիւններ («Հայաստան» համահայկական հիմնադրամ, «Ուըրլտ վիժըն ինթըրնեշընըլ» միջազգային բարեգործական կազմակերպութեան հայաստանեան մասնաճիւղ, «Տաշիր» բարեգործական հիմնադրամ, «Հայաստանի ֆուտբոլի ֆեդերացիա» իրաւաբանական անձանց միութիւն, «ԱՌԴԱ» բարեգործական հիմնադրամ, Ամերիկայի «Հայ օգնութեան ֆոնտ» բարեգործական կազմակերպութիւն եւ այլն):
2012ին բարեգործական ծրագիրներու ծիրին մէջ 43 երկիրներէ հանրապետութիւն հասած են 23.36 միլիառ դրամ մաքսային արժէքով բեռներ՝ 118 կազմակերպութեան հասցէով:
Ըստ մաքսային արժէքին, ներմուծուած բեռներուն շուրջ 41.48 տոկոսը առողջապահութեան բնագաւառի բեռներ են, որոնց կարգին դեղորայք՝ 6.65 միլիառ դրամ մաքսային արժէքով, բժշկական սարքաւորումներ եւ պարագաներ՝ 3.04 միլիառ դրամ մաքսային արժէքով:
Բեռներուն 36.89 տոկոսը ներածուած են Միացեալ Նահանգներէն, 25.48 տոկոսը՝ Չինաստանէն, 7.69 տոկոսը՝ Զուիցերիայէն, 3.56 տոկոսը՝ Ֆրանսայէն եւ 3.56 տոկոսը՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.