
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Փան Արմինիըն».– Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մայրաքաղաքին մէջ կը պատրաստուին մեծ շուքով նշելու մայիսեան տօները: Կարգի բերուած են Ստեփանակերտի կեդրոնական փողոցները, սկսած են փողփողալու եռագոյն դրօշները, ինչ որ կը յուշէ, որ տօնը արդէն մօտեցած է։ Արցախը կը պատրաստուի յաղթական Մայիսը նշելու, իսկ տօնական եռուզեռը կը շարունակուի։ Այս մասին հաղորդած է karabakh-open.info-ն: