ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– «Հայ մեծանուն կոմպոզիտոր Արամ Խաչատրեանի գործը պէտք է շարունակուի նոր ստեղծագործութիւնների հեղինակման, դրանց պրոպագանդման ձեւով», յայտարարած է Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ Ռոբերտ Ամիրխանեանը՝ Արամ Խաչատրեանի մահուան 35րդ տարելիցին առիթով Երեւանի Կոմիտասի անուան զբօսայգիի պանթէոնին մէջ։ Ան նշած է, որ Արամ Խաչատրեանը հզօր ուժ է, որուն ստեղծագործութիւնները պաշտպանութեան կարիք ունին: «Խաչատրեանը երջանիկ կոմպոզիտոր էր, քանի որ նրա երաժշտութիւնը շատ կարճ ճանապարհ ունի դէպի մարդու հոգին: Ճշմարտութիւնը նոյնպէս ուժ է, սակայն ունի պաշտպանութեան կարիք: Ճշմարտութիւնն անպաշտպան եւ ոչինչ չնշանակող է, եթէ չի գտնւում այն մարդկանց ձեռքում, ովքեր գիտակցում են դրա ուժը: Ժողովուրդը ոչնչացնելու համար պէտք է գողացուի նրա մշակոյթը եւ սեփականացուի», յայտնած է Ամիրխանեան:
«Հայաստանի կոմպոզիտորների եւ երաժշտագէտների միութեան» նախագահը դիտել տուած է, որ մշակութային պատասխանատու կառոյցները պէտք է քայլերու ձեռնարկեն ստեղծելու նոր ստեղծագործութիւններու, որոնք պիտի շարունակեն ազգի շառաւիղը: «Մենք յաւերժի ճամբորդ ենք եւ պէտք է շարունակենք մեր ճանապարհը, պատուիրենք նոր ստեղծագործութիւններ, նոր մրցոյթներ յայտարարենք: Հայրենասիրական կամ ազգային մոտիվներով գրուած ստեղծագործութիւնները նոր դափնիներ պէտք է ապահովեն մեր ճանապարհին», յայտնած է Ամիրխանեան՝ աւելցնելով, որ ինք եւ իր սերնդակիցներէն շատեր Խաչատրեանի աշակերտներն են:
«Խաչատրեանի երաժշտութիւնը մեզ օգնում է կողմնորոշուել դէպի ազգային երաժշտութեան ակունքները: Նա այսօր սիրուած է եւ երջանկագոյն կոմպոզիտորներից էր, որովհետեւ իր երաժշտութիւնը ներդաշնակ է մարդկանց հետ», դիտել տուած է Ամիրխանեան:
20րդ դարու երաժշտական արուեստի մեծագոյն ներկայացուցիչներէն մէկուն՝ Արամ Խաչատրեանի մահուան 35րդ տարելիցին առիթով Երեւանի Կոմիտասի անուան զբօսայգիի պանթէոնին մէջ երաժշտահանին շիրիմը այցելեցին անոր արուեստի երկրպագուները, արուեստագէտներ, մտաւորականներ՝ յարգանքի տուրք մատուցելու եւ խնկարկելու անուանի երաժշտահանին յիշատակը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.