ԿԼԵՆՏԷՅԼ, «Կլենտէյլ Նիուզ Փրէս».- Առաջին անգամ ըլլալով, Չորեքշաբթի, Ապրիլ 24ին, թուրք մտաւորական մը ելոյթ կ՛ունենայ Կլենտէյլի քաղաքապետարանին կողմէ կազմակերպուող Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկին, որուն այս տարի ներկայ էր աւելի քան 1400 հոգի, «Ալեքս» թատերասրահին մէջ:
Արդարեւ, «Քլարք» համալսարանէն թուրք մտաւորական Ումիտ Քիւրտ խօսեցաւ հայերը տեղահան ընելու եւ անոնց կալուածներուն տիրանալու Օսմանեան կայսրութեան քաղաքականութեան մասին՝ զանոնք Ցեղասպանութեան առաջին քայլը նկատելով:
Ան ըսաւ, թէ հակառակ այն իրողութեան, որ օսմանեան օրէնքները այդ օրերուն ձգած էին այն տպաւորութիւնը, թէ հայերուն ստացուածքներն ու կալուածները պիտի վերադարձուին, նման բան տեղի չէ ունեցած տակաւին:
Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Արա Նաճարեան, իր կարգին բացատրեց, թէ մինչ նախապէս հայ գլխաւոր բանախօսներ ելոյթ կ՛ունենային սոյն ձեռնարկին, այս տարի որոշուեցաւ թուրք մտաւորական մը հրաւիրել՝ ցոյց տալու համար այն իրողութիւնը, թէ Ցեղասպանութեան մասին արտայայտուելու քաջութիւն ունեցող թուրք մտաւորականներուն թիւը սկսած է դանդաղօրէն բազմանալու վերջին քանի մը տարիներուն ընթացքին:
Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ Մայք Կաթօ, որ շեշտեց, թէ սրահէն ներս հայութեան ներկայութիւնը անգամ մը եւս ցոյց կու տայ, թէ «օսմանցիները չյաղթեցին»:
Հետեւելով քոնկրեսական Էտըմ Շիֆի օրինակին՝ Կաթօ եւս կոչ ըրաւ Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային իշխանութեանց, որ պաշտօնապէս եւ յստակօրէն ճանչնան Հայկական Ցեղասպանութիւնը:
Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Զարեհ Սինանեան, իր կարգին յայտարարեց, թէ մինչ տարեկան այս ձեռնարկը կ՛ոգեկոչէ մարդկութեան պատմութեան մէջ ողբերգական իրադարձութիւն մը, այդ աղէտը միայն պատմութեան չի պատկանիր, այլ կը մնայ հայութեան ամէնօրեայ կեանքին մէկ մասը:
Աւարտին ելոյթ ունեցաւ յայտնի վիպագիր Միշլին Ահարոնեան Մարքըմ, իսկ գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Շամլեան Ազգ. վարժարանի աշակերտներ ու երգիչ Յովհաննէս Շահպազեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.