ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Կլենտէյլը քոյր քաղաք է Կապանին: Կլենտէյլի մէջ կը գործէ «Կլենտէյլ-Կապան» քոյր քաղաք կազմակերպութիւնը, որ անցեալին բաւական աշխատանք տարած է Զանգեզուրի սիրտին մէջ բազմած այս պատմական ոստանին մէջ՝ նիւթական եւ բարոյական ահագին նեցուկ ապահովելով շրջանի բնակչութեան. պաշտօնական պատուիրակութիւններու փոխադարձ այցելութիւններ, ծրագիրներու մշակում, անոնց գործադրութեան վերահսկում… անցեալին այս բոլոր իրադարձութիւններուն արձագանգած է «Ասպարէզ»:
Կլենտէյլի հայ համայնքի ուժին եւ կարողականութեան մասին յստակ թիւերով չենք կրնար խօսիլ այսօր: Իբրեւ այս համայնքին ծառայելու յաւակնութիւն ունեցող թերթ, կը խոստանանք, որ շաբաթ առ շաբաթ փորձենք յստակացնել թէ՛ գործող միութիւններուն հնարաւորութիւնները, թէ՛ անոնցմէ դուրս մնացած առանձին անձերու կամ խումբերու կարողականութիւնը:
Մեր ունեցած ընդհանուր պատկերացումը բաւարար է մեզի հիմք մը տալու, թէ այս համայնքը օժտուած է հզօր կարելիութիւններով, որոնց միջոցաւ՝ ան շատ դիւրութեամբ պէտք է կարենայ իր տեղւոյն կարիքները գոհացնելու կողքին նաեւ ձեռք մեկնել համազգային ծրագիրներ իրականացնողներու:
Կապանին օգնութեան ձեռք երկարելու նախաձեռնութիւնը այդ կարողականութեան արտայայտութիւններէն է, որ ինքնին տակաւին երկար ճամբայ կրնայ կտրել, հիմնականօրէն՝ բարելաւելով տեղի բնակչութեան պայմանները՝ կենսական քանի մը ոլորտներու մէջ: Նման որակական ներդրում ապահովելու եւ ընդհանրապէս որեւէ կարեւոր ձեռնարկի մր շօշափելի նեցուկ երաշխաւորելու համար, Կլենտէյլի ամբողջ համայնքին արդիւնաւէտ զօրաշարժը անհրաժեշտ նախապայման է:
Այդ զօրաշարժը ամբողջական չէ, եթէ չէ կրցած ներգրաւել նաեւ քեզ, սիրելի՛ ընթերցող, որուն հետ հաղորդակցելու, որուն համայնքային ամէնօրեայ իրականութեան մասնակից դարձնելու գծով հաւանաբար թերացած են բոլոր գործող միութիւնները, թերացած ենք բոլորս:
Աներեւակայելի է, անշուշտ, հարիւր տոկոսի մասնակցութիւն, առկայ ուժերու ամբողջական զօրաշարժ: Բայց եւ այնպէս, նման բարձր նշանակէտ ունենալով իբրեւ առաջադրանք՝ հաւանաբար կրնանք մղուիլ բազմապատկելու մեր ճիգերը, հասնելու շատ շատերու, շահագրգռելու, հետաքրքրելու ու ի վերջոյ տրամադրելու… մեր կողքին ձեռք ձեռքի աշխատելու: Ի շահ ազգին, ի շահ Կլենտէյլի հայ համայնքին: