
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Պուրճ Համուտի «Պատկեր» կեդրոնին թաղը Շաբաթ, 20 Ապրիլի երեկոյեան ժամը 8:30ին իւրայատուկ տեսք ստացած էր: Լիբանանցի ձեւաւորող Ռեն Պատրան ներկայացուց հագուստի ցուցադրութիւն մը՝ ազդուած Հայոց Ցեղասպանութեան թեմաներէն:
Ցուցադրութեան մասնակցեցան երիտասարդներ, աղջիկներ, տղաք, փոքրեր եւ տարեցներ: «Էքսոտուս» ընդհանուր խորագիրը կրող ցուցադրութիւնը պարզ «ֆեշըն շօ» չէր, այլ իւրայատուկ ոգեկոչումը Հայոց Ցեղասպանութեան 98ամեակին:
Ցուցադրութեան կ՛ընկերանար երաժշտութեան եւ գոյնի յատուկ ներդաշնակութիւն:
Ցուցադրութեան «բեմականացումը» կատարած էր շարժապատկերի արտադրող Պատրան Ռոյ Պատրան:
Ներկայացուեցաւ հայ ժողովուրդի տառապանքի երթը դէպի մահ, բայց այդ մահուան երթին աւարտին՝ վերածնելու կամքը:
Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, «Պատկեր» կեդրոնի եւ «Սիփան» պարախումբի հովանաւորութեամբ եւ անմիջական մասնակցութեամբ այս ցուցադրութիւնը իւրայատուկ նուէրն էր լիբանանցի ձեւաւորողէն: