
ՊԱՐՍԵԼՈՆԱ.- Պարսելոնայի Հայկական Մշակութային միութեան միօրեայ դպրոցը Կիրակի, 21 Ապրիլին «Հայ Տուն»ին մէջ ոգեկոչեց Հայոց Ցեղասպանութեան 98րդ տարելիցը:
Ձեռնարկին ներկայ էին միութեան անդամներ, աշակերնտերու ծնողներ եւ այլ հրաւիրեալներ:
Բացման խօսքին ընթացքին, ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին աւելի քան մէկուկէս միլիոն անթաղ հայ նահատակներու յիշատակը:
Ձեռնարկին ընթացքին ներկաները դիտեցին Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող վաւերագրական շարժապատկեր մը. ունկնդրեցին նաեւ բարձր դասարանի աշակերտներու կողմէ արտասանուած բանաստեղծութիւններ:
Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական տուեալներու, միջազգային ճանաչումի ներկայ հանգրուանին եւ պահանջատիրութեան մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց միօրեայ դպրոցի ուսուցիչներէն Տաթեւ Սուլեան: Ան խօսեցաւ պատմական դէպքերու, հայկական մշակութային կոթողներու ոչնչացման ու նիւթական կորուստներուն մասին: Ներկաները հարցումներով իրենց մասնակցութիւնը բերին:
Ձեռնարկի աւարտէն ետք, վարժարանի աշակերտներն ու իրնեց ծնողները Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն իրնեց յարգանքի տուրքը մատուցեցին Պարսելոնայի մէջ զետեղուած հայկական խաչքարին մօտ:
Ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն, հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարեց Սասուն Ծ. վրդ. Զմրուխտեան. սոյն արարողութենէն ետք տեղի ունեցաւ ծաղիկներու զետեղում:
Ներկաներուն իրենց ողջոյնի խօսքը փոխանցեցին Քաթալոնիոյ ՀՀ պատուոյ հիւպատոս Խուան Սանմարթին Խիլ եւ Քաթալոնիոյ ներգաղթի եւ ընտանիքներու բարեկեցութեան միջգերատեսչական յարաբերութիւններու վարչութեան քարտուղար Մարիա Ռոզա Ֆորթուն:
Գեղարուեստական յայտագիրի ընթացքին ջութակով ելոյթ ունեցաւ Տաթեւիկ Խաչատրեան իսկ Պարսելոնայի Հայկական Մշակութային միութեան միօրեայ դպրոցի սաներէն Աննա Կարապետեանն ու Արուսեակ Խաչատրեանը հանդէս եկան արտասանութեամբ: