ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Թուրքը 1894-1899 ժամանակաշրջանի բոլոր հայկական գաւառներուն մէջ կազմակերպեց հայկական ջարդեր՝ մասամբ մը խնայելով հայ մանուկները եւ կիները: Սակայն 1915ի ջարդերուն, հայասպան թուրքը յայտարարած էր՝ «Չխնայել մանուկները, նոյնիսկ օրօրոցներու մէջ գտնուող անմեղները», այն համոզումով, որ պէտք էր բնաջնջել հայ ազգը իր ամբողջութեանը մէջ:
Հայկական Ցեղասպանութեան ընթացքին հայ մանուկները ենթարկուեցան զանազան տեսակի ողբերգութիւններու եւ հրէշային բռնարարքներու՝ սպաննութիւն, խեղդամահութիւն, ջրահեղձութիւն, ողջակիզում, քիմիական նիւթերով թունաւորում, բաղնիքներու մէջ տաք շոգիով շնչահեղձութիւն, ողջ-ողջ թաղում, սովամահ, ջրազրկումով մահ, բռնաբարում, պղծում, տղոց միասեռական բռնի յարաբերութիւն, արեւանգում, հրապարակային աճուրդով վաճառք, հոգեկան եւ մտային մնայուն խանգարումներ եւ վերջապէս՝ որբացում ու իսլամացում:
Հայկական Ցեղասպանութեան որպէս հետեւանք, յառաջացաւ հարիւր հազարաւոր հայ որբերու բանակ մը, որ կորսնցնելէ ետք իր ծնողքը եւ հարազատները, մաքառեցաւ մահուան դիմաց: Անոնք կրեցին տարագրութեան բոլոր դառնութիւնները: Անոնք տեսան տաժանակիր տառապանք, զրկանք եւ մահ: Անոնք եղան հայ պատմութեան ամէնէն դժբախտ սերունդը: Անոնք բոլորը որբացան, որովհետեւ հայու զաւակներ էին:
Ու այսպէս, մարդակեր թուրքին արիւնոտ ձեռքով ստեղծուեցաւ ՀԱՅ ՈՐԲԱՇԽԱՐՀը:
Գ. Կառվարենցի «Որբերը» բանաստեղծութիւնը՝ գրուած 1919ին, կը մարմնաւորէ «Հայ որբաշխարհ»ի հայ որբին իրավիճակը.
Ժամուն բակին՝ եղբայրագի՜ն առընթեր,
Մեծ ու պզտիկ ծալլապատի՜կ են նստեր:
Աւազներէն եկածներ են անոնք հոս.
Հիւր են եկեր, ունին վէրքեր ուղխինահոս:
Անոնց այլայլ, գերամռա՜յլ ճակտին վրայ
Դեռ հողմը հին անապատին կը սուրայ…
Կորսուածնե՜ր, կորզուածնե՜ր սեւ Դաւէն,
Աղջիկ ու մանչ՝ ցեղին կանաչ ապաւէն…
Թշնամին ժիտ անոնց վըճիտ թուշերուն՝
Հիւսեր է դրոշմ իր անողորմ փուշերուն:
Բիծեր կապոյտ, վիհեր՝ անքո՜յթ յաւերժի,
Որոնց վերեւ մէկ-մէկ արեւ վըրէժի…
Չեն բարբառիր, լոկ անյարիր կը նային
Սեւ ու խըռով աչւըներով երկնային:
Ու կը տոկան, ու կը խոկան, կը խոկա՜ն,
Թէ ե՞րբ պիտի լուսափթթի ապագան…
Հայ մանուկներու որբացումը տեղի ունեցաւ զանազան ձեւերով, պատճառներով եւ պայմաններու բերումով, այսպէս՝
1. Մայրեր ոչնչացան սպանութեամբ թուրքերուն կողմէ.
2. Հայ մայրեր հրացանի եւ խարազանի հարուածներուն տակ ստիպողաբար ձգեցին իրենց անմեղ մանուկները եւ առանձինն քալեցին գաղթականութեան գողգոթան.
3. Հայ մայրեր անձնասպան եղան՝ գետամահ ըլլալով: Անոնք կատարեցին այս արարքը, որպէսզի չենթարկուին արիւնարբու թուրքի արեւանգումին, բռնաբարումներուն եւ անպատուութեան:
4. Հայ մայրեր կամովին յանձնեցին իրենց զաւակները թուրք ընտանիքներու՝ սնունդի չգոյութեան պատճառով:
5. Հայ մանուկներ խլուեցան իրենց մայրերէն եւ տեղաւորուեցան թրքական որբանոցներու եւ թուրք ընտանիքներու մէջ, պետական հրամանագիրով.
6. Հայ մանուկներ արեւանգուեցան եւ վաճառուեցան հրապարակներու վրայ, բարբարոս թուրքերու կողմէ:
«Հայ որբաշխարհ»ը ապրեցաւ երեք հանգրուաններ.
ա. Ցեղասպանութեան առաջին շրջան՝ 1915-1919, երբ հայ ժողովուրդը տարագրուեցաւ եւ գաղթական դարձաւ զինք հիւրընկալող ասպնջական արաբական երկիրներու մէջ՝ Սուրիա, Լիբանան, Պաղեստին, Յորդանան եւ Իրաք:
բ. Զինադադարի շրջան՝ 1919-1922, երբ տեղի ունեցաւ հայ գաղթականներու վերադարձը Կիլիկիա՝ իրենց պապենական հողերը:
գ. Ցեղասպանութեան երկրորդ շրջան՝ 1922էն ետք, երբ հայ ժողովուրդը երկրորդ անգամ տարագրուեցաւ, տեսաւ գողգոթան եւ ապրեցաւ գաղթականութեան ամէնէն դաժան պայմանները:
Ա. Ցեղասպանութեան Առաջին Շրջան
Հայոց Ցեղասպանութեան առաջին շրջանին՝ 1915-1918, թուրքերը կազմակերպեցին հայ որբերու հաւաքը եւ իսլամացումը, որ տեղի ունեցաւ երկու մակարդակով.
ա. Պետական մակարդակով
Որբացած հայ մանուկներու հաւաքը կատարուեցաւ պետական հրահանգով: Հայկական ջարդերը կազմակերպող կեդրոնական մարմինները եւ ղեկավարները հրահանգեցին թուրք իսլամ ժողովուրդին եւ Թուրքիոյ բոլոր որբանոցներու թուրք պատասխանատուներուն՝ հաւաքել հայ մանուկները, պահել եւ մեծցնել զանոնք՝ հարստացնելու համար թուրք ազգը հայ մանուկներով, նկատի ունենալով անոնց ցեղային արժէքները: Պետական հրամանով եւ կարգադրութեամբ, հայ որբերը հաւաքուեցան եւ ղրկուեցան այնպիսի վայրեր, ուր հայու հետք չէր գտնուեր, որպէսզի հայ որբերը մեծնալով՝ ապագային հայու չհանդիպին:
Հաւաքուած հայ մանուկներուն մեծամասնութիւնը տեղաւորուեցաւ արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող թրքական որբանոցներու եւ նոր հաստատուած որբանոցներու մէջ, իսկ մաս մըն ալ՝ թուրք ունեւոր ու աղքատ ընտանիքներու մօտ: Պետութիւնը նոյնիսկ նիւթապէս օգնեց թուրք տկար ընտանիքներուն, որպէսզի անոնք կարենան պահել եւ իսլամացնել հայ որբերը:
Թրքական որբանոցներուն մէջ թուրքերը դիմեցին ամէն միջոցի՝ հայ որբերը իսլամացնելու եւ ձուլելու թուրք ազգին մէջ:
բ. Ժողովրդային մակարդակով

Թուրք ընտանիքներ, որպէս բարեգթութիւն, որբացած հայ մանուկները հաւաքեցին եւ պահեցին իրենց տուները: Սակայն, անոնք այս արարքը ըրին զուտ տնտեսական նկատառումներով՝ օգտագործել հայ մանուկները որպէս անվճար ծառաներ եւ սպասաւորներ, ինչպէս նաեւ վաճառել զանոնք մեծահարուստ թուրք ընտանիքներու:
Հայ որբերու իսլամացումը տեղի ունեցաւ յատուկ դասընթացքներով եւ ծիսական արարողութիւններով, ինչպէս՝ հայ անուններու թրքացում, տղոց թլփատում եւ իսլամ կրօնքի ուսուցում:
Հայոց Ցեղասպանութեան առաջին տարիներուն, մինչեւ 1918, գաւառներու մէջ ալ հազարաւոր հայ որբեր բռնաբարուեցան եւ իսլամացան: Այս որբերը խումբ առ խումբ Պոլիս փոխադրուեցան եւ տեղադրուեցան թրքական որբանոցներու մէջ, կամ ալ որդեգիր տրուեցան Պոլսոյ հարեմներուն: Հազարաւոր հայ որբեր մնացին թրքական երկսեռ որբանոցներու մէջ, Պոլիս եւ իր շրջակայքը, Մերտին, Ուրֆա, Տիարպեքիր, Կեսարիա, Հալէպ եւ Լիբանան:
Կիլիկիոյ բոլոր շրջաններուն մէջ հազարաւոր որբեր ապրած են թուրքերու տուները: Ուրֆայի ամբողջ շրջակայքը՝ Ուրֆա քաղաքը, Պերեճիք, Սուրուճ, Ռաս ուլ Այն, Ռաքքա, Վերամշեհիր, Սեւերեկ եւ Սամսոն, 40,000ի շուրջ հայ որբեր եւ դեռատի հարսեր գտնուած են իսլամ տուներու մէջ: Հարիւրաւոր որբեր նոյն ձեւով ապրած են Շապին-Գարահիսարի թուրք ընտանիքներու մօտ:
Շատ աղբիւրներ կը վկայեն, թէ թրքական որբանոցներու եւ թուրք ընտանիքներու մէջ գտնուած են յիսուն հազարի շուրջ հայ որբեր:
1917ին, Ռուսիոյ ներքին յեղափոխութենէն ետք, Հայաստան հասած են շուրջ 40,000-45,000 որբեր:
Խարբերդի մէջ Գերման տոքթ. Էհմայի որբանոցին մէջ փրկուած են 1000ի շուրջ հայ որբեր:
Մարաշի մէջ ամերիկեան եւ անգլիական հոգատարութեան տակ մնացած են 700 որբեր, իսկ Ազգային որբանոցի 300 որբերը խնամուած են անգլիական հոգատարութեամբ:
Սեբաստիոյ որբանոցին մէջ պահուած են 900 հայ որբեր:
850 հայ որբեր՝ Իրաքի Պաքուպա որբանոցին մէջ:
Միջագետքի մէջ որբերու հաւաքման կեդրոն դարձած են Պաղտատը, Մուսուլը, Մերտինը եւ Ուրֆան: Հարիւրաւոր որբեր պատսպարուած են Պաղտատի մէջ:
Մուսուլի մէջ 1000 որբերու խնամատարութիւնը հոգացած են անգլիական բարեսիրական կազմակերպութիւններ:
Ուրֆայի տարածքին, Ամերիկեան նպաստամատոյցը իր որբանոցներուն մէջ պահած է շուրջ 1900 հայ որբ, իսկ Փերերու որբանոցին մէջ՝ 122 որբ:
Թալասի մէջ 200 որբեր մնացած են ամերիկացիներու հոգատարութեան տակ:
Մեծ թիւով հայ որբեր պատսպարուած են Զուիցերիոյ հայասէր ընկերութեան, Դանիոյ հայասէր ընկերութեան եւ անգլիական Լորտ Մէյըրզ Ֆոնդ ընկերութեան որբանոցներուն մէջ:
Բ. «Հայ Որբաշխարհ»ի Երկրորդ Հանգրուան
Այս հանգրուանը սկսաւ զինադադարի համաձայնութեամբ, 1918 Նոյեմբերին: Այս համաձայնութեան որպէս արդիւնք՝ հայ գաղթականներու զանգուածային վերադարձ տեղի ունեցաւ մասնաւորապէս Սուրիայէն, Լիբանանէն եւ Պաղեստինէն: Հայ ժողովուրդը վերադարձաւ իր քաղաքը, գիւղը եւ տունը:
Այս հանգրուանը յատկանշուեցաւ հայ ժողովուրդի վերապրող սերունդին վճռական որոշումով՝ սեփական ճիգով, ռւժականութեամբ, ու ազգային նախանձախնդրութեամբ տէր կանգնելով հայ գաղթականներուն եւ որբերուն:
Թէոդիկի 1921ի «Տարեցոյց»ին մէջ Յ. Տէր Յակոբեանի սիրտէն բխած հետեւեալ տողերը կը մարմնաւորեն առնուած որոշումին ոգին.
«Որբերը իրաւատէրերն են ոչ միայն գուրգուրալի սրտահոգութեան մը, այլեւ երկաթեայ լուծը կը դնեն մեր վիզին՝ տեւական ու հաստատ կամեցողութեամբ մը զանոնք կեանքին պատրաստելու»:
Որբահաւաքի աշխատանք տարուած է ամէն կողմ՝ հայկական հին եւ նոր որբանոցներու կազմակերպումով: Հայ ժողովուրդին օգնութեան փութացած են գերմանական, անգլիական, ֆրանսական շատ բարեսիրտ եւ խղճամիտ բարեսիրական կազմակերպութիւններ եւ մանաւանդ՝ Ամերիկեան նպաստամատոյցը: Հայ որբերը հաւաքուած են Պոլսոյ, հայկական գաւառներու, Հայաստանի, Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Յունաստանի հարիւրաւոր հայկական որբանոցներու մէջ: Այս կապակցութեամբ ուշագրաւ է Պոլսոյ մէջ տարուած աշխատանքը: Պոլսահայութիւնը զինադադարէն անմիջապէս ետք, ազգային նախանձախնդրութեամբ ձեռք երկարած է «Հայ որբաշխարհ»ին՝ տեսնելով հազարաւոր անտէր հայ որբերու սրտաճմլիկ իրավիճակը:
Կազմուած են թաղային որբահաւաքի յանձնախումբեր Պոլսոյ եւ անոր շրջակայքը գտնուող հայահոծ կեդրոններու մէջ: Առաջին վեց ամիսներուն, Պոլսոյ մէջ եւ անոր շրջակայքը գործած են 20 հայկական որբանոցներ՝ շուրջ 2000 որբերով, որոնք հաւաքուած են թուրք ընտանիքներէ եւ թրքական որբանոցներէ: Որբահաւաքի աշխատանքը աւելի լաւ հունի մէջ դնելու մտահոգութեամբ ծնունդ առած է Պոլսոյ «Ազգային խնամատարութիւն»ը՝ 15 Մայիս 1919ին: Անոր տնօրէն նշանակուած է Մաթէոս Էպլիղաթեանը, որ նկարագրած է այդ օրերու կացութիւնը՝ ըսելով. «Պոլիս թափած էին մերկ եւ բոկոտն հայ գաղթականներու բազմութիւններ, նաեւ լեռներէ, ձորերէ, թրքական տուներէ ու որբանոցներէ հաւաքուած բազմահազար որբեր»: Ազգային խնամատարութիւնը շատ լուրջ աշխատանքի ձեռնարկած է՝ կանոնաւորելու համար որբահաւաքի աշխատանքը եւ տնտեսելու հայկական որբանոցները:
Ուստի, Ազգ. խնամատարութիւնը աշխարհի չորս ծագերուն տարտղնուած հայութեան համար դրամահաւաքի կոչ ըրած է՝ ըսելով. «Տո՛ւր ուրեմն, հայ ժողովուրդ, քանի հրամայողական է պահանջը, տո՛ւր լումադ, եւ լիաբուռն տուր այս անգամ՝ չափելով մեծութիւնն աղէտին: Մարելու վրայ եղող կանթեղին իւղ լեցնել մը պիտի ըլլայ քուկդ, հա՛յ ժողովուրդ, կանթե՛ղ, որ հայուն ապագայ արեւն է անկասկած: Վասնզի հայ մանուկը ապագան է հայութեան, եւ ապագան՝ յուսածիծաղ»:
Այս կոչին միացած է Տաճկաստանի հայ յարանուանական երեք հոգեւոր պետերուն կոչը.
«Մենք կու գանք աւելցնել, թէ անպատսպար մնացած 70,000 որբեր եւ 500,000 գաղթականներ անմիջական խնամքի եւ ձեռնտուութեան պէտք ունին: Լիայոյս ենք, որ ամէն անհատ անտեղիտալի պարտք մը պիտի սեպէ բուխսիրտ նպաստի յօժարափոյթ իր մասնակցութիւնը բերել՝ ընդունելով մեր օրհնութեանց հետ՝ տառապահիւծ կարօտեալներու խորին շնորհակալիքը»:
Այս առնչութեամբ, Թէոդիկ իր «Տարեցոյց»ին մէջ կ՛արձանագրէ իր կոչը՝ վերապրող եղբայրներուն եւ քոյրերուն.
«Ո՛վ դուք, որ բռնի որբութիւնը չապրեցաք եւ անոր հետ՝ մահատագնապ թշուառութիւնը, ակնա՛րկ մը ձգեցէք սա խմբանկարներուն վրայ, համոզուելու համար, թէ որբախնամ հաստատութիւնները ի՛նչ հրաշքներ կը գործեն, եթէ մինչեւ վերջ ձեր լուման չզլանաք անոնց օգտին»:
Կատարուած է ժողովրդային սիրայօժար մեծ հանգանակութիւն՝ հասնելու համար որբահաւաքի ծովածաւալ պէտքերուն: Հայ ժողովուրդը գերագոյն զոհողութեամբ գործած է ինքն իր ճիգով դարմանելու իր ցաւերը, որբահաւաքի եւ որբախնամատարութեան պարտականութեան գծով: Վեց ամիսներու ընթացքին, հաւաքուած է 106,904 օսմանեան ոսկի:
Որբեր ընդունուած են մինչեւ 14 տարեկան հայ տղաք եւ աղջիկներ, որոնք կորսնցուցած են իրենց ծնողները եւ մնացած են անտէր եւ անօգնական: Հայ որբեր հաւաքուած են թուրք ընտանիքներէ եւ թրքական որբանոցներէ: Այս աշխատանքը հանդիպած է թրքական բաւական խոչընդոտներու: Դիւրին չէ եղած որբահաւաքը, սակայն հայու կամքը յաղթահարած է կացութիւնը:
Թրքական որբանոցներու մէջ եւ թուրք ընտանիքներու մօտ գտնուող հազար-հազարաւոր հայ որբերէն, վեց ամիսներու ընթացքին, հաւաքուած է միայն 432 որբ: Պոլսահայ ընտանիքներ այս որբերէն որդեգրած են 111ը:
Հիմնուելով Մաթէոս Էպլիղաթեանի տեղեկագիրներուն վրայ՝ 1919ի Հոկտեմբերին, Պոլսոյ թաղերը եւ արուարձանները գտնուած են 25 հաստատութիւններ, ուր պատսպարուած են 2607 որբեր: Այս հաստատութիւններէն են՝
1. Վեց որբանոցներ 667 որբերով մատակարարուած են՝ ուղղակի Ազգային խնամատարութեան կողմէ.
2. Ինը որբանոցներ 1111 որբերով մատակարարուած են՝ խնամատարութեան ծախսով.
3. Տասը ինքնապահ որբանոցներ 829 որբերով մատակարարուած են՝ Ազգ. խնամատարութեան նիւթական եւ նիւթեղէն օժանդակութեամբ:
Դեկտեմբեր 1921ի տեղեկագրութիւններուն համաձայն՝ Պոլսոյ մէջ գտնուած են 5000է աւելի որբեր, Պոլսոյ զանազան որբանոցներու մէջ: Այս որբերէն 3000ը հաւաքուած են թուրքերու տուներէն:
Նշեալ հաստատութիւնները պարզ որբանոցներ չեն եղած: Այդ որբանոցներուն մէջ որբերուն տրուած է ուսում եւ կրթութիւն, բժշկական խնամք-դարմանում, ընկերային կեանք՝ մարզանք եւ խաղեր:
Պոլսոյ Ազգ. խնամատարութիւնը իր աշխատանքը տարածած է նաեւ ներքին գաւառները եւ Կիլիկեան շրջանները: Ամէն կողմ ստեղծուած են որբահաւաքի կեդրոններ եւ յանձնախումբեր: Հոկտեմբեր 1919ի տեղեկագրութիւններուն համաձայն՝ թրքական նահանգներու մէջ Ազգ. խնամատարութեան հոգատարութեամբ գործած են 20 որբանոցներ՝ 4932 որբերով՝ 3561 մանչ եւ 1371 աղջիկ: Այս որբանոցները հիմնուած են Իզմիթ, Պարտիզակ, Արմաշ, Պրուսա, Գաղատիա, Քեսկին, Գըրշեհիր, Էօզկատ, Պողազլեան, Աքտաղ-Մատէն, Կեսարիա, Սեբաստիա, Եւդոկիա, Ազիզիյէ, Խարբերդ, Մալաթիա, Ակն, Արաբկիր, Տիգրանակերտ եւ Օրտու:
Նոյն ժամանակաշրջանին, գաւառներու մէջ գործած են՝
1. Ամերիկեան նպաստամատոյցը, որուն հոգատարութեամբ գործած են 14 որբանոցներ՝ 10,827 որբերով, Պարտիզակի, Ատապազարի, Պրուսայի, Գոնիայի, Կեսարիոյ, Իզմիթի, Ատանայի, Հաճընի, Հալէպի, Սամսոնի, Տրապիզոնի, Կիրասոնի, Մարզուանի եւ Խարբերդի մէջ, իսկ Ուրֆայի մէջ՝ մէկ որբանոց 900 որբերով:
2. ՀԲԸՄը, որուն հոգատարութեամբ գործած են 7 որբանոցներ՝ 2463 որբերով, Հալէպի, Ատանայի, Տէօրթէօլի, Սիսի, Մարաշի եւ Խառնիի մէջ:
Մարաշի որբերուն թիւը 1918 թուականին հասած է 1000ի:
Զինադադարէն ետք, Կիլիկիոյ բոլոր շրջաններու եւ Պոլսոյ 41 հայկական որբանոցներուն մէջ գտնուած են 17,930 որբեր՝ հայկական խնամատարութեան տակ:
Ամերիկեան նպաստամատոյցի խնամատարութեան տակ պատսպարուած են 30,000 որբեր՝ Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Յունաստանի որբանոցներուն մէջ, ինչպէս նաեւ 45,000-50,000 որբեր՝ Հայաստանի մէջ:
Դեկտեմբեր 1918ին, Պաղտատէն 500 որբեր ղրկուած են Եգիպտոսի Ազգ. միութեան: Որբերը հասած են Փոր Սայիտ նաւահանգիստը:
Հոկտեմբեր 1920էն սկսեալ, բոլոր գաւառներու որբանոցային խնամատարական հոգատարութիւնը ստանձնած է Ամերիկեան նպաստամատոյցը: Նոյն ձեւով փոխանցուած են նաեւ Զուիցերիոյ եւ Դանիոյ որբանոցներու, ինչպէս նաեւ Խարբերդի Գերման տոքթ. Էհմայի որբանոցի 1000 որբերը:
Գ. «Հայ Որբաշխարհ»ի Երրորդ Հանգրուան
Այս հանգրուանը սկսաւ Քեմալական շարժումի արշաւանքով, երբ վերջ դրուեցաւ Զինադադարին: Կիլիկիոյ հայութիւնը յուսախաբութեան մատնուեցաւ եւ տեղի ունեցաւ հայ ժողովուրդի երկրորդ մեծ Ցեղասպանութիւնը:

Փետրուար 1920ին տեղի ունեցաւ Մարաշի նահանջը, Մարտ 1920ին՝ Այնթապի հերոսամարտը, Յունիս 1920ին՝ Սիսի եւ Կարս-Բազարի պարպումը, Հոկտեմբեր 1920ին՝ Հաճընի նահատակութիւնը, Յունիս-Յուլիս 1921ին՝ Զէյթունի կոտորածը, իսկ նոյն տարուան Ապրիլէն-Դեկտեմբեր՝ Ուրֆայի կոտորածը:
Կիլիկիոյ հայութիւնը երկրորդ անգամ ըլլալով գաղթականութեան ցուպը ձեռքին՝ ուղղուեցաւ դէպի սուրիական անապատը եւ ապրեցաւ Հայկական Ցեղասպանութեան երկրորդ ողբերգութիւնը: Ճամբուն վրայ, ամէն տեղ՝ զրկանք, տառապանք, սով, հիւանդութիւն, կոտորած, սպանութիւն, մահ եւ մանուկներու որբացում:
Ամբողջ Կիլիկեան պարպուած էր: Կիլիկիոյ ամբողջ տարածքին գտնուող որբանոցներու մօտաւորապէս 26,000 հայ որբերուն ճակատագիրը մնացած էր հարցական: 1922ի Փետրուարին, Հալէպի մէջ հայերու եւ Ամերիկեան նպաստամատոյցի ներկայացուցիչներու խառն ժողովին որոշուեցաւ Կիլիկիա գտնուող որբանոցներու որբերը փոխադրել Լիբանան եւ Սուրիա: Որբերուն փոխադրութիւնը շուտով սկսաւ Ամերիկեան նպաստամատոյցի կարգադրութիւններով: Հայ որբերու կարաւանները հասան Սուրիա եւ Լիբանան, շատ դժուար պայմաններու մէջ:
Կեսարիոյ թրքական որբանոցի 174 հայ որբերը ղրկուեցան Պոլիս, որպէս թուրքեր, սակայն հետագային փաստուեցաւ անոնց հայ ըլլալը եւ անոնք յանձնուեցան Պոլսոյ պատրիարքութեան:
Սեբաստիայէն 400 որբեր փոխադրուեցան Սուրիա, իսկ 500 որբեր՝ Յունաստան, Ամերիկեան նպաստամատոյցի խնամատարութեան:
Տիարպեքիրի որբանոցը փոխադրուեցաւ Հալէպ եւ պահուեցաւ ամերիկաբնակ տիարպեքիրցիներու կողմէ:
Կեսարիոյ որբերը փոխադրուեցան Պոլիս եւ Հալէպ, Կեսարիոյ հայրենակցական միութեան հոգատարութեամբ:
ՀԲԸՄի կազմակերպած որբանոցները՝ Փոր Սայիտի, Երուսաղէմի, Մերսինի մէջ, մօտաւորապէս 12,000 որբերով փոխադրուեցան Պէյրութ:
Ամերիկեան նպաստամատոյցի խնամատարութեան տակ եղող որբանոցներէն Լիբանան եւ Սուրիա փոխադրուեցան հետեւեալները.
1. 1000 որբ Ուրֆայէն
2. 1000՝ Տիգրանակերտէն
3. 1000՝ Մերտինէն
4. 5000՝ Խարբերդէն
5. 1500՝ Մալաթիայէն:
Խարբերդի 5000 որբերուն փոխադրութիւնը տեղի ունեցաւ երեք ամիսներու ընթացքին, Ճարապլուսի ճամբով, օգտագործելով 130 փոխադրակառքեր:
Անգլիական, դանիական եւ զուիցերիական «Հաւըրտ Գարակէօզեան» եւ «Քէլէկեան» որբանոցներուն շուրջ 6000 որբերը փոխանցուեցան Ամերիկեան նպաստամատոյցին:
Երկրորդ գաղթականութիւնը ծնունդ կու տայ հազարաւոր նոր որբերու, որոնք կը միանան Կիլիկիայէն փոխադրուած որբերուն եւ այս ձեւով կը ծաւալի «Հայ որբաշխարհ»ը:
Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ կը խնամուին շուրջ 12,000 որբեր՝ հետեւեալ բաժանմունքներով.
Ա. Հայկական խնամքի տակ կ՛ըլլան 2250 որբեր՝
ա. Հալէպի մէջ 1300 որբ,
բ. Պէյրութ մէջ 700 որբ,
գ. Ճիւնիի մէջ 250 որբ:
Բ. Լիբանանի մէջ Ամերիկեան նպաստամատոյցի խնամքին տակ կը մնան 7448 որբեր՝ բաժնուած վեց տարբեր որբանոցներու մէջ.
ա. Ճիւնիի որբանոցին մէջ 475 որբ,
բ. Մաամըլթէյնի որբանոցին մէջ 425 որբ,
գ. Զուք Միքայէլի որբանոցին մէջ 347 որբ,
դ. Նահր Իպրահիմի որբանոցին մէջ 1030 որբ,
է. Ղազիրի որբանոցին մէջ 2565 որբ,
զ. Անթիլիասի որբանոցին մէջ 1431 որբ,
է. Ժպէյլի «Թռչնոց Բոյն»ին մէջ 1200 որբ:
Գ. Լիբանանի մէջ դարձեալ՝
ա. Ֆրանսական խնամքի տակ կը մնան 250 որբեր.
բ. Պէյրութի Կաթոլիկ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ որբանոցին մէջ կը խնամուին 200 որբեր.
գ. Շըմլանի անգլիական որբանոցին մէջ կը խնամուին 450 որբեր.
դ. Սայտայի եւ Սուրի որբանոցներուն մէջ կը խնամուին 1400 որբեր:
1928ին, Ամերիկեան նպաստամատոյցը Ժպէյլի որբանոցը կը ծախէ դանիական բարեսիրական ընկերութեան՝ 20,000 տոլարի:
1930ին, Ամերիկեան նպաստամատոյցը իր բոլոր որբանոցները լուծարքի կ՛ենթարկէ, սակայն ոչ մէկ որբ մէջտեղ կը մնայ: Որբերուն մեծամասնութիւնը կը յանձնուի իրենց հարազատներուն եւ հայրենակիցներուն: 2500 որբեր կը տեղաւորուին Եգիպտոսի հայ գաղութին մէջ, 1500 որբեր՝ ֆրանսայի մէջ, եւ 2000 որբեր՝ Մակեդոնիոյ մէջ:
Ամերիկեան նպաստամատոյցը 1915-1930 թուականներուն, Լիբանանի մէջ կը խնամէ մօտաւորապէս 15,000 հայ որբ, Սուրիոյ մէջ՝ 2500, իսկ Յունաստանի մէջ՝ շուրջ 25,000 հայ եւ յոյն որբեր: Յունաստան հասած որբերը կու գային Սեբաստիայէն, Մարզուանէն, Սամսոնէն, Տրապիզոնէն, Իզմիթէն. անոնք կը տեղաւորուին Աթէնք, Ֆիրէ, Կորնթոս, Օրոփոս եւ Սիրա, Քորֆու ու Խալքիս կղզիներու որբանոցներուն մէջ:
Հայ որբերը կը հասնին նոյնիսկ Քանատա:
1923ին Քանատայի մէջ կը հիմնուի Հայ Օգնութեան Միութիւնը, որ քանատական կառավարութենէն կը խնդրէ Միջին Արեւելքէն հայ որբեր փոխադրել Քանատա: Երկար բանակցութիւններէ ետք, Քանատայի կառավարութիւնը կ՛որոշէ 100 հայ որբեր ընդունիլ: 1923-1926ի միջեւ, երեք հանգրուաններով Յունաստանէն 64 հայ որբեր Քանատա կը հասնին: Անոնք կը տեղաւորուին Օնթարիա նահանգի Ճորճ Թաուն քաղաքի ագարակներէն մէկուն մէջ, որ յետագային կը կոչուի «Ճորճ Թաունի հայ տղոց տուն»: Այս որբերը աշխատած են ագարակին մէջ որպէս հողագործներ եւ միեւնոյն ժամանակ ուսած են ագարակի դպրոցին մէջ:
Լիբանանի մէջ յատկանշական եղած են հայկական երեք որբանոցներ.
1. Ժպէյլի «Թռչնոց Բոյն»ը
Նախապէս՝ 1919-1926, այս որբանոցը Մերձաւոր Արեւելքի Ամերիկեան նպաստամատոյցի տղոց որբանոց կ՛ըլլայ: Որբանոցը կը փակուի 1926ին: Դանիական «Ք.Ա.Մ.» քրիստոնէական կազմակերպութիւնը 1928ին կը գնէ որբանոցը Ամերիկեան նպաստամատոյցէն 20,000 տոլարի, եւ կը սկսի իր հոգատարութեան տակ խնամելու հայ որբերը: Դանիացի օրիորդ Մարիա Ճէյքըպսըն, իր հայ որբերով, Սայտայի որբանոցը ձգելով՝ կու գայ Ժպէյլի որբանոցը, որ յետայսու կ՛անուանուի «Թռչնոց Բոյն»: Օր. Ճէյքըպսըն 1922ին հայ ժողովուրդի մնացորդացին հետ Խարբերդէն կը փոխադրուի Լիբանան, Սայտայի որբանոցը, խնամելու համար բազմահազար հայ որբեր եւ փոխարինելու անոնց ծնողական սէրն ու գուրգուրանքը: Ան «Թռչնոց Բոյն»ին մէջ հայ որբերուն կողմէ կը մկրտուի «մամա» անունով: Հազարաւոր որբեր կը խնամէ Խարբերդէն սկսեալ մինչեւ «Թռչնոց Բոյն», ամբողջ 50 տարիներ: Իր կեանքի վերջին օրերուն, «Թռչնոց Բոյն»ի իր սենեակին մէջ, սնարին քով գտնուողներուն կը յայտնէ իր փափաքը. «Կ՛ուզեմ թաղուիլ հո՛ս, «Թռչնոց Բոյն»ին մէջ, իմ որբուկներուս քով»:
Այսօր «Թռչնոց Բոյն»ի այցելուները, անոր մուտքին կը տեսնեն հայասէր օր. Ճէքըպսընի գերեզմանը: 1971ին, «Թռչնոց Բոյն»ը՝ իր 40,000 մեթր քառ. տարածութեամբ, կը փոխանցուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան՝ Խորէն կաթողիկոսի ջանքերով: «Թռչնոց Բոյն»ը կը գործէ մինչեւ այսօր, որպէս որբանոց-դպրոց:
Աւետիս Ահարոնեան, Ժպէյլի «Թռչնոց Բոյն»ի հայ որբերուն ուղղած իր նամակին մէջ գրած է.
«Դո՛ւք՝ սիրուն ծիլեր մեր նոր անդաստանի, մեր խորտակուած անտառի հարուստ բողբոջներ, առաջին ցոլքերը մեր ծագող արշալոյսի, ահա՛ ձեր պատկերն իմ հոգումն է եւ կեանքս ձեր կեանքն է եւ շունչս՝ ձեր շունչը, վասնզի դուք էք հաւատքիս անխորտակելի անսասան սիւները»:
Արամ Ա. կաթողիկոս, լուսարձակի տակ առնելու համար 1915ին թուրքերու կողմէ գործուած Հայկական Ցեղասպանութիւնը, 2012ին կ՛որոշէ «Թռչնոց բոյն»ին մէջ հաստատել Ցեղասպանութեան թանգարան մը, ուր պիտի ցուցադրուին Ցեղասպանութիւնը վերապրողներու նկարներ, իրեր, փաստաթուղթեր, վաւերագրութիւններ եւ հնութիւններ:
2. Ղազիրի որբանոցը
Հայկական Ցեղասպանութենէն ճողոպրած եւ Լիբանան հասած հայ գաղթականներու բեկորներ՝ մօտաւորապէս 40 հայ ընտանիքներ, կը հաստատուին Լեռնալիբանանի Ղազիր գիւղաքաղաքը: Ամերիկեան նպաստամատոյցը Ղազիրի մէջ կը հաստատէ որբանոց մը ու կը խնամէ 400 հայ որբ: Որբանոցի կողքին, անիկա կը հաստատէ նաեւ հայ դեռատի աղջիկներու գորգագործարան մը, ուր կ՛աշխատին շուրջ 100 հայ որբ աղջիկներ: Այս գորգագործարանը կը գործէ տնօրէնութեամբ տոքթ. Քիւնցլերի եւ հսկողութեամբ վարպետ Յովհաննէս Թաշճեանի: Ղազիրի որբանոցի 400 հայ որբերը 1924-1925 թուականին 18 ոտք երկարութեամբ եւ 12 ոտք լայնքով գորգ մը կը հիւսեն, եւ 1926ին զայն կը նուիրեն Միացեալ Նահանգներու նախագահին՝ Քալուին Քուլիճի, որպէս երախտագիտութիւն՝ Հայկական Ցեղասպանութեան Հայ Որբաշխարհի որբերուն կողմէ՝ Ամերիկայի ժողովուրդին, որ Ամերիկեան նպաստամատոյցին միջոցաւ մեծապէս օգտակար հանդիսացաւ հայ որբերուն:
Այս գորգը հիւսուած է 4 միլիոն հանգոյցով, նկարազարդուած է զանազան կենդանիներու պատկերներով եւ կը ներկայացնէ Ս. Գիրքի Ադամի պարտէզը: Հայ որբերը 18 ամիսներ, մերթ ընդ մերթ գործելով՝ վերջացուցած են այդ գորգին աշխատանքը:
Նախագահ Քալուին գորգը կը պահէ «Կապոյտ սենեակ»ին մէջ, մինչեւ 1928, իսկ անոր նախագահութեան շրջանէն ետք, իր տանը մէջ կը պահէ գորգը: Իր մահէն ետք գորգը կը մնայ անոր ընտանիքին մօտ, մինչեւ 1983 թուական, երբ գորգը կը վերադարձուի ամերիկեան պետութեան եւ կը զետեղուի պետական շտեմարանի մը մէջ:
Քլինթընի նախագահութեան օրերուն, 1995ին, ամերիկահայ տիկին Մովսէսեան հեռատեսիլի յայտագիրի մը ընթացքին, Ուաշինկթընի նախագահական պալատի «Կապոյտ սենեակ»ին մէջ եւ ներկայութեամբ Առաջին տիկին Հելըրի Քլինթընի, գորգ մը կը նշմարէ: Այս գորգը տեսնելէ ետք, տիկին Մովսէսեան կը վերյիշէ իր մօրը ամէնօրեայ պատմութիւնը, թէ ինչպէս ան Ղազիրի որբանոցին մէջ, 14 տարեկան հասակին, այլ որբերու հետ գորգ մը գործած է եւ նուիրած Ամերիկայի ժողովուրդին: Տիկ. Մովսէսեան կը վերյիշէ նաեւ մօրը տուած այդ գորգին նկարագրականը: Ան մեծ համոզումով կը պնդէ, թէ իր տեսած գորգը՝ մօրը նկարագրած նոյն գորգն է: Շուտով կապ կը պահուի տիկին Քլինթընի հետ: Անոր կը տեղեկացուի եղելութեան մասին եւ կը խնդրուի տեսնել այդ գորգը: Ամիս մը ետք, Մովսէսեան ընտանիքը կը հրաւիրուի Ուաշինկթընի նախագահական պալատ՝ տեսնելու համար գորգը: Տիկին Մովսէսեան իր մօրը՝ Ամերիկա բերուած 1926ին, ամուսինին եւ այլ բարեկամներու հետ կերթայ եւ կը տեսնէ գորգը: Անոր վրայ եղած արձանագրութիւնները կը փաստեն գորգին մանրամասնութիւնները: Նաեւ նախագահական արխիւներուն մէջ կը գտնուի գորգին պատմականը եւ թէ ի՛նչ պայմաններու տակ անիկա հասած է նախագահ Քալուինի: Այս ձեւով, տիկին Մովսէսեան հոգեկան մեծ գոհունակութիւն կը ստանայ՝ տեսնելով Հայկական Ցեղասպանութենէն ճողոպրած իր մօրը հետքերը Ամերիկեան նախագահական պալատին մէջ:
3. Այնթուրայի որբանոցը
Թրքական որբանոցներէն յատկանշական էր Ճեմալ փաշայի ստեղծած Լիբանանի Այնթուրայի որբանոցը: Ճեմալ փաշան Այնթուրա գիւղաքաղաքին մէջ ֆրանսացի Լազարիստ հայրերու Սեն Ժոզէֆ քոլեճը կը վերածէ որբանոցի եւ Պոլիսէն կը հրաւիրէ փանթուրքիստ կին գրող՝ ֆեմինիսթ Հալիտէ Էտիպի հանըմը, որպէսզի ղեկավարէ որբանոցը եւ իրականացնէ հայ որբերու իսլամացումը: 1916-1918, մօտաւորապէս 1000 հայ որբ կը պահուի այս որբանոցին մէջ, ուր կը կատարուի հայ որբերու թրքացումը: Տղաքը կը թլփատուին, անոնց անունները կը փոխարինուին թրքական եւ արաբական անուններով, սակայն կը պահուին անոնց հայկական անուններուն առաջին տառերը:
Հալիտէ հանըմ կը դառնայ հայ որբերը թրքացնող ռահվիրայ անձնաւորութիւնը: Անոր հետ կը գործէ մօտ 40 անձերէ կազմուած թրքացնող խմբակ մը: Հայ որբերը կ՛ենթարկուին զանազան չարչարանքներու եւ «ֆալախա»ի՝ երկաթեայ ձողով ոտքերու ներբաններու գանակոծում: Ծեծի տակ շատերը կը մահանան, որովհետեւ անոնք հայերէն կը խօսին: Մօտաւորապէս 300 հայ որբ կը մահանայ Այնթուրայի որբանոցին մէջ, սովի եւ վարակիչ հիւանդութիւններու պատճառով: Տարի մը ետք, այս թրքուհին եւ իր խմբակը կը լքեն որբանոցը ու կը հեռանան Լիբանանէն: Ապա որբանոցը կը ղեկավարուի լիբանանցի վարդապետներու կողմէ, որոնք 670 հայ որբերուն՝ 470 տղայ եւ 200 աղջիկ, կը վերադարձնեն իրենց հայկական անունները: 1919ի աշնան, հայ տղայ որբերը կը ղրկուին Հալէպ, իսկ աղջիկները՝ Ղազիրի որբանոց:
1993ին, կաթոլիկ վարդապետները հայ որբերուն աճիւնները կը գտնեն քոլեճի եկեղեցւոյ յարակից դաշտին մէջ, քոլեճի շինարարական աշխատանքներուն ընթացքին: Քոլեճի պատասխանատուները այս աճիւնները կը պահեն եւ կը զետեղեն վարդապետ հայրերու գերեզմանատան մէջ:
«Գոհար»ի հիմնադիր եւ մեկենաս Յարութ Խաչատուրեանը, լսելով այս լուրը՝ կ՛որոշէ յուշակոթող մը պատրաստել եւ զայն զետեղել քոլեճի շրջափակը՝ յաւերժացնելու համար Այնթուրայի որբանոցի հայ որբերուն յիշատակը եւ լուսարձակի տակ առնելու Օսմանեան պետութեան կողմէ կատարուած Հայկական Ցեղասպանութիւնը: Սոյն յուշակոթողին բացումը տեղի կ՛ունենայ 2010ին:
Յուշակոթողը տեսնող հայ այցելու մը կը նկարագրէ զայն հետեւեալ ձեւով.
«Անոր գագաթին տեղադրուած է Կիլիկիոյ Լեւոն թագաւորի թագին կրկնօրինակը: Խաչքար կոթողին վրայ քանդակուած է Կիլիկիոյ թագաւորութեան դրօշը եւ հինգ որբուկներու պատկերներ: Իսկ անոր վահանին վրայ դրոշմուած է մեր փառապանծ Ա.Բ.Գ.ը եւ հաղորդակցութեան խորհրդանիշ քնարը: Պատուանդանին վրայ չորս լեզուներով գրուած է՝ «Ի յիշատակ հայ նահատակներուն, որոնք զոհ գացին Օսմանեան իշխանութեան գործադրած Ցեղասպանութեան»: Յուշակոթողի սանդխամատին վրայ նստած է պրոնզէ որբուկ մը, ձեռքին բռնած ոսկեզօծ երկրագունդը, որ կը մարմնաւորէ դէպի կեանք ձգտող ու կեանքին յաղթող հայ ժողովուրդը»:
Խաչքարի պատրաստութիւնը եղած է Զաւէն Կոշտոյեանի յղացումով, իսկ քանդակը պատրաստուած է արուեստագէտ Րաֆֆի Թոքաթլեանի ձեռամբ:
Յուշակոթողէն քիչ մը անդին, քոլեճի գերեզմանոցին մէջ, հայ որբերու տապանաքարին վրայ արձանագրուած է՝ «Աստ հանգչին հայ որբուկներ»:
Այո՛, կարելի չէ մոռնալ «ՀԱՅ ՈՐԲԱՇԽԱՐՀ»ը: