
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».– «Աւագանին պէտք է լինի վերահսկիչ յանձնաժողով», հաստատած է Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեանը՝ «Կենտրոն» պատկերասփիւռի կայանին «Ուրուագիծ» հաղորդման ընթաքին խօսելով Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն մասին:
«Մենք Երեւանում անընդհատ հանդիպում ենք ընդվզումների՝ քաղաքաշինութիւնից սկսած, էկոլոգիայով վերջացրած, բայց ոչ մի անգամ ոչ մի աւագանի չի փորձել խնդրին ծանօթանալ ու լուծում տալ, միշտ փորձել են լռեցնել», դիտել տուած է ան՝ աւելցնելով, որ խնդրայարոյց երեւոյթներուն դէմ յանդիման գալով քաղաքապետարանը կա՛մ լռած է, եւ կամ քաղաքացիները ուղղորդած է ինքնուրոյն պայքարի ճամբով: Մինչդեռ, ըստ Մինասեանի, եթէ քաղաքապետը ըլլար ընդդիմադիր ճակատէն մէկը, նման պարագաներու պիտի միջամտէր, հարցեր բարձրացնէր, եւ կառավարութեան հետ նման մրցակցութեան պայմաններու մէջ շահողը պիտի ըլլար հանրութիւնը:
«Երեւանի բիւջէն շուրջ 80 միլիառ է, բայց քաղաքապետարանի կայքում երեւում է միայն 66 միլիառը, մնացած մօտ 13 միլիառը՝ հողերի վաճառքից եւ այլնից ստացուող, չի երեւում, իսկ «Երեւան» հիմնադրամի միջոցները ընդհանրապէս անվերահսկելի են: Երեւանի բիւջէն անվերահսկելի է: Ես՝ որպէս մասնագէտ, փորձել եմ ստանալ քաղաքապետարանի բիւջէի պատկերը՝ ինչ մուտքեր, ինչ ելքեր են ունեցել, չեմ կարողացել: Մի բան էլ ասեմ, որ ցնցող կարող է լինել. Վերահսկիչ պալատը անցեալ տարի ստուգել է քաղաքապետարանը, բայց մինչ այս պահը հաշուետուութիւնը հրապարակուած չէ: Մի-երկու խախտում նշուել է, բայց ընդհանուր զեկոյցը դեռ չկայ: Եւս մի խնդիր. այսօր քաղաքապետարանը բիւջէի շուրջ 60 տոկոսը ստանում է կառավարութիւնից: Սա նշանակում է, որ քաղաքային իշխանութիւնը կենտրոնական իշխանութիւնից մեծապէս կախուած է: Մեր նպատակն է դա փոխել, եւ 75 տոկոսը բերել Երեւանից, որ լիովին հնարաւոր է», շեշտած է Մինասեան։
Ան յայտնած է. «Երթուղայինները պիտի հիմնականում սպասարկեն այն փողոցները, ուր մեծ աւտոբուսները չեն մտնում, եւ մետրոպոլիտէնին կապեն հեռաւոր շրջանները, մինչդեռ այսօրուայ Երեւանում միկրոաւտոբուսների ցանցը մխրճուել է աւտոբուսների մէջ»:
Բարձրացուած խնդիրներուն անդրադառնալով՝ Արծուիկ Մինասեան պատրաստակամութիւն յայտնած է բանավիճելու գործող քաղաքային իշխանութեան հետ եւ նշած է, որ բանավէճը պէտք է պարտադրուի քաղաքային իշխանութեան ներկայացուցիչներուն, որոնք անընդհատ կը խուսափին բանավէճերէն, որպէսզի ընտրողը կարելիութիւն չունենայ իսկապէս ծանօթանալու իշխանութեան գործունէութեան:
Միւս կողմէ, «Մեդիակենտրոն» մամլոյ ակումբին մէջ տեղի ունեցած է բանավէճ մը՝ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններու մասնակցող քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ։ Քննարկման հիմնական նիւթը Երեւանի պիւտճէին կը վերաբերէր։ Բանավէճին կը մասնակցէին Արծուիկ Մինասեանը՝ ՀՅԴէն, æուլիետա Թադեւոսեանը՝ ՕԵԿէն, Պօղոս Փլավչեանը՝ ԲՀԿէն, Սիմոն Ղոնախչեանը՝ «Բարեւ Երեւան» դաշինքէն, Երեւանի փոխքաղաքապետ, ՀՀԿն ներկայացնող Վահէ Նիկոյեանը եւ «Առաքելութիւն» կուսակցութենէն Մեսրոպ Առաքելեանը: Որպես փորձագէտներ կը մասնակցէին նաեւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ՝ «Համայնքային ֆինանսիստների միաւորման» նախագահ Վահան Մովսիսեանն ու «Այլընտրանք»ի նախագահ Թաթուլ Մանասերեանը:
Բանավէճը վարողը դիտել տուած է, որ միայն Դաշնակցութեան նախընտրական ծրագիրին մէջ տեղ տրուած է Երեւանի պիւտճէին ու անոր ձեւաւորման վերաբերող առանձին բաժին յատկացուած է, իսկ ընտրապայքարի մասնակցող միւս քաղաքական ուժերուն ծրագիրներուն մէջ անմիջական անդրադարձ չկայ Երեւանի պիւտճէին։
Արծուիկ Մինասեան ներկայացնելով ՀՅԴի ծրագիրը՝ յայտնած է, որ առաջարկուած ծրագիրով կը նախատեսուի Երեւանի պիւտճէն յառաջիկայ 4 տարիներուն ներկայի 80 միլիառէն հասցնել 400 միլիառի՝ հիմնական առաջադրանք ունենալով կարելի եղածին չափ նուազեցնել նիւթապէս կառավարութենէն կախեալ ըլլալու պարագան։