ԵՐԵՒԱՆ, «Փան Արմինիըն».– Ազգային ժողովի «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան անդամ Վարդան Օսկանեան 18 Ապրիլին հանդիպում ունեցած է պաշտօնական այցելութեամբ Երեւան գտնուող Եւրոպայի խորհուրդի քարտուղար Թէօրպորն Եակլանտի հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են 18 Փետրուարին Հայաստանի մէջ կայացած նախագահական ընտրութիւններն ու անոնց յաջորդած իրադարձութիւնները, Երեւանի աւագանիի յառաջիկայ ընտրութիւնները, երկրին մէջ առկայ քաղաքական իրավիճակն ու կառուցուածքային հաւանական փոփոխութիւնները, Հայաստանի համագործակցութիւնը եւրոպական կառոյցներուն հետ եւ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը:
Վարդան Օսկանեան գոհունակութիւն յայտնած է, որ Եւրոպայի խորհուրդի նախարարներու խորհուրդին մէջ Հայաստանի նախագահութեան շրջանը կը համընկնի Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող քաղաքական կարեւոր գործընթացներու հետ, ինչ որ կրնայ պարտաւորեցնող դրական ազդեցութիւն ունենալ երկիրին ժողովրդավարութեան վրայ: Վարդան Օսկանեան նշած է, որ այսօր Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան զարգացման հիմնական խոչընդոտը քաղաքական հակակշիռներու բացակայութիւնն է եւ յոյս յայտնած է, որ 5 Մայիսին Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն կարելի կը դառնայ Հայաստանի քաղաքական համակարգին մէջ սկիզբ դնել այդ գործընթացին։
Վարդան Օսկանեան կոչ ուղղած է, որ Եւրոպայի խորհուրդը առաւել աշխոյժ ներգրաւուածութիւն ունենայ Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ Զուգորդման համաձայնագիրի ստորագրութենէն ետք անոր դրոյթներու իրականացման վերահսկողութիւնը ապահովելու իմաստով։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.