
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտպանական քաղաքականութեան վարչութեան պետ Լեւոն Այվազեան 17 Ապրիլին ընդունած է տարածաշրջանային այցելութեամբ Հայաստան գտնուող երկարաձգուած հակամարտութիւններու գծով ԵԱՀԿ գործող նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ, դեսպան Անտրէյ Տեշչիցայի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։
Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան կողմէ փոխանցուած լուրերուն համաձայն, հանդիպումին ներկայ եղած են նաեւ ԵԱՀԿ Երեւանեան գրասենեակի ղեկավար, դեսպան Անտրէյ Սորոկինը եւ Հայաստանի մէջ Ուքրանիոյ դեսպան Իվան Կուխտանը։
Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուած է տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման առնչուող հարցերու։ Կողմերը միտքեր փոխանակած են նաեւ հակամարտութեան սահմանագիծին վրայ կողմերուն միջեւ վստահութեան հաստատման հաւանական ձեւերուն։ Անոնք կարեւոր նկատած են ԵԱՀԿի հովանիին տակ իրականացուող նախաձեռնութիւններու շարունակութեան անհրաժեշտութիւնը՝ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման նպատակով։