
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբը, համագործակցութեամբ Կլենտէյլի Յիշատակութեան շաբթուան յանձնախումբին, Ամերիկեան Կարմիր խաչին, ՀԵԴ «Ռուբէն» ուխտին եւ ՀՄԸՄ «Արարատ»ին, կազմակերպած է տարեկան 8րդ արիւնարշաւը՝ ի յիշատակ Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերուն. արիւնարշաւը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Ապրիլ 21ին, առաւօտեան ժամը 10էն մինչեւ կ.ե. ժամը 4, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահը (500 S. Central Ave., Glendale, CA 91204):
Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Պերճ Կարապետեան կոչ կ՛ընէ մասնակցելու սոյն արիւնարշաւին, որ առիթ մըն է թէ՛ յարգանքի տուրք մատուցելու Ցեղասպանութեան զոհերուն եւ թէ նպաստելու շրջանի հիւանդանոցներուն՝ նկատի ունենալով, որ Հարաւային Քալիֆորնիոյ բնակչութեան միայն 2-3 տոկոսը արիւն կը նուիրէ՝ ըստ Ամերիկեան Կարմիր խաչի տուեալներուն:
Արիւնարշաւին մասնակցելու համար կարելի է կանխաւ ժամադրութիւն ապահովել՝ այեցելելով www.redcrossblood.org կայքը, իբրեւ հովանաւորի անուն գործածելով Հայ Դատի անունը (sponsor code «ancaglendale»): Նուիրատուները պէտք է 17 տարիքը բոլորած ըլլան ու 110 փաունտէն աւելի կշռեն: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 992-2008 թիւին կամ info@ancaglendale.org հասցէին: