ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Այսօրուան «Ասպարէզ»ի վերջին էջին վրայ պիտի գտնէք ծանուցում մը, որուն վերի մասը Ապրիլ 24ին հաստատութիւններն ու խանութները փակ պահելու յայտարարութիւն է: Կ՛առաջարկենք այդ էջը պատռել եւ ձեր հաստատութեան կամ խանութի դրան փակցնել: Նոյն յայտարարութեան գունաւոր տարբերակը կարելի է ապահովել «Ասպարէզ»էն կամ հայ կեդրոններէն:
Յիշեցնենք, որ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն հանդէս եկած էր յատուկ յայտարարութեամբ մը՝ յորդորելով մեր համայնքի զաւակները, ի յարգանս մեր բիւրաւոր նահատակներու յիշատակին՝ աշխատանքի չերթալ Ապրիլ 24ին ու մասնակցիլ ոգեկոչման ու ցուցական ձեռնարկներուն: Բացառութիւնները յարգելով՝ համոզուած ենք, որ պաշտօնեայ թէ ձեռնարկատէր, բոլո՛րս ալ կրնանք այդ օրը անձնական արձակուրդ վերցնել, կամ մեր յաճախորդներուն անհրաժեշտ բացատրութիւնները տալով՝ եկամուտի նուազագոյն կորուստ արձանագրել:
Հայկական Ցեղասպանութեան Համագաղութային միացեալ մարմինի յայտարարութիւնը (տես էջ 16) կ՛առանձնացնէ այն երեք ձեռնարկները, որոնք կը վայելեն իր հովանաւորութիւնը: Երեք ձեռնարկներուն ալ խուռներամ մասնակցութիւն ապահովելը թող բոլորիս պարտքն ու պարտականութիւնը ըլլայ:
Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը կը յայտարարէ, որ Ապրիլ 24ին, կէսօրէ ետք ժամը 4ին, թրքական հիւպատոսարանին առջեւ իր կազմակերպած ցոյցին առաւելագոյն մասնակցութիւն ապահովելու համար, հանրակառքեր պիտի տրամադրէ փոխադրամիջոց չունեցող հայրենակիցներուն: Հանրակառքերը պիտի շարժին կէսօրէ ետք ժամը ճիշտ երկուքին՝ հետեւեալ վայրերէն.
Հոլիվուտ՝ Ազգ. Ալէք Փիլիպոս վարժարանէն՝ 1605 North Alexandria Ave., Los Angeles.
Կլենտէյլ՝ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիէն՝ 500 S. Central.
Սան Ֆերնանտօ հովիտ՝ Ազգ. Ֆերահեան վարժարանէն՝ 5300 White Oaks Ave, Encino.
Փասատինա՝ Հայ կեդրոնէն՝ 2242 E7 Foothill Blvd., Pasadena.
