ՎԱՐԴԻ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ
Ամէն բանի «առաջին անգամ»ը միշտ ալ հրապուրող բան մը ունի իր մէջ: Անծանօթին դէմ յանդիման գտնուելու փորձութիւնը գայթակղեցուցիչ է, որ մեր ներաշխարհը նորութեամբ մը բաւարարելու խոստումով կը խթանէ մեր հետաքրքրութիւնը:
«Լարք» հայկական երաժշտանոցի «Գեղարդ» երգչախումբի ղեկավար Վաչէ Պարսումեան, ինչպէս ամէն անգամ, այս անգամ եւս կու գայ իր «առաջին անգամ»ներու շարքին աւելցնելու նաեւ այս մէկը, անով կրկին մեզ ապշեցնելու, մեզ երախտագիտութեամբ լեցնելու, հանդէպ՝ իր երաժշտական իրա՛ւ տաղանդին մղումով իր ուսերուն վերցուցած ծանր յանձնառութիւններուն:
«Ծէս՝ Անցման»ը «առաջին» է ոչ միայն համերգային ծրագիրի մշակման եւ համադրումի աննախադէպ իւրօրինակութեամբ ու մտապատկերով, այլեւ՝ ան մեզ կը հասցնէ ծէսերու խորքային եւ համամարդկայնական ըլլալու բնոյթին ըմբռնումին: Մտապատկերային (conceptual) շատ մեծ համարձակութիւն կը պահանջէ միատեղ հրամցնել այնպիսի համերգային ծրագիր, որուն ընդմէջէն համահունչ կապերով կը հանգուցուին ոչ միայն բոլոր ժողովուրդներու մէջ ներծծուած եւ աւանդութեան կարգ անցած «Անցման ծէսերը», իւրաքանչիւր ժողովուրդի մօտ կրելով անոր փորձառութիւններուն իւրայատուկ դրոշմը, այլեւ՝ մարդ անհատը յեղափոխող այն երեւոյթները, զորս, իրենց բնոյթով, անցման շիկացած կրակէն անցնելով, յիշողութեան մէջ ծիսական զգեստաւորում կը զգենուն:
Քանի մը «առաջին անգամ»ներ կան «Լարք»ի «Գեղարդ» երգչախումբի Ապրիլ 19ի համերգին իւրայատուկ գոյն ու երանգ տուող: Մենք միշտ ալ մեծ սիրով ու խանդաղատանքով կ՛ունկնդրենք Կոմիտասի «Հարսանեկան երգաշար»ը, ուր փեսին ու հարսին գովքին կողքին, կան մաղթանքն ու աղօթքը, կատակ-խաղասելուկն ու պարերգները: Այս ծիսաշարը, թերեւս, ոչինչով տարբեր թուի միւս ժողովուրդներու հարսանեկան ծէսերէն, սակայն տարբերութիւնը կը կայանայ անոնց փորձառութիւններու գումարով արտայայտուող երգերու երաժշտութեան մէջ: Այդ աղբիւրէն է, որ խմեցին Կոմիտասն ու ռուս մեծ երաժիշտ Իկոր Սթրաւինսքին: Թէ՛ մին եւ թէ միւսը, նոյն տեսլականով տոգորուած՝ գեղջկական-ժողովրդականը հասցուցին բոլորին մատչելի դասականի բարձրութեան: Սթրաւինսքիի «Հարսանիքներ» («Les Noces») կոթողական գործն է, որ միանալով Կոմիտասի «Շար հարսանեկան երգերի»ն առաջին անգամ ըլլալով կը կատարէ «Լարք»ի «Գեղարդ» երգչախումբը իր ղեկաւար Վաչէ Պարսումեանի ղեկավարութեամբ:
Եթէ մեր հարսանեկան երգերը երբեմն մեղմ ու շոյող են, երբեմն բուռն ու առնական, զուարթ ու շէնշող, ռուս գիւղացիները աւելի վառվռուն, աշխոյժ ու կայտառ են, ճիչն ու պոռչտուքը թափ ու թմբուկով, ինչպէս՝ բոլոր հարսանիքներուն է, (շատ հաւանաբար խմիչքի ազդեցութեան արդիւնքով): Իկոր Սթրաւինսքին իր «Հարսանիքները» («Les Noces»), գործը երգչախմբային պալէի ձեւին տակ կը վերստեղծէ ռուսական գիւղական հարսանիք մը, կայտառ ու վառվռուն, հայելին՝ ռուսական գեղջկական կեանքին, ինչպէս վերը ըսինք՝ խմելով ռուս գեղջկական երգերու ակունքներէն: Արդի՞ւնքը: Բայց այդ մէկը արդէն ուշադիր ունկնդիրէն պիտի գայ: Ի դէպ՝ հարկ է նշել, որ այս գործը Սթրաւինսքիի ստեղծագործական ոյժին բարձունքը կը նկատուի: Ըստ մասնագէտ, երգարուեստի կարկառուն դէմքերէն երաժիշտի մը, «այս գործը այնքան դժուար է, որ եթէ «Գեղարդ» երգչախումբն ու իր ղեկավարը միմիայն զայն ներկայացուցած ըլլան իրենց ամբողջ կեանքին ընթացքին եւ ուրիշ ոչինչ՝ արդէն բաւական է զիրենք դասելու կատարելութեան բարձունքին հասածներու շարքին:
Համերգին մէջ տուն գտնող երրորդ «առաջին անգամ»ը մեր «լուսաճակատ» Եղիշէ Չարենցի «Ողջակիզուող կրակ»էն հինգ բանաստեղծութիւններ են, որոնց հայ ու հայկականութիւն շնչող ոգիէն ու իմաստի, խորքի եւ բառերու տարերքէն ներշնչուելով, բազում անգամներ պարգեւատրուած, հանրաճանաչ երաժիշտ Ian Krouse կը յօրինէ Չարենցեան «cantata» մը, շունչի ու ձայնի այնպիսի հարազատութեամբ, որ ապշեցնող է իր հայկականութեամբ:
Չարենցեան կրակը, արեւն ու արեւահամ հրաշուշանը կը գլեն ու կ՛անցնին բոլոր մտքի ու հոգիի սահմանները, որովհետեւ իր սիրտը ճենճերող սիրոյ կրակը համամարդկային է, հայրենի հողին կարօտով կոտտացող սիրտին համակարգը կը լսուի իր իւրաքանչիւր վանկին մէջ, որուն տրոփը Եան Քրաուս կը յաջողի փոխանցել ունկնդիրին:
Վառւում է հեռու մի սէր
Սրտիս մէջ, դառնում մոխիր.
Մխում է յուզմունքը զուր-
Հարբե՜լ եմ բոյրով հողի:
Վառել եմ, տուել հրին
Բոլոր այն երգերը, որ
Սրտիս մէջ փռել էին
Յոգնած սէր, յոգնած օրօր…
Երկունք կայ սրտիս մէջ մի,-
Վառե՜լ եմ շէնքերը բիլ.
Օրհնում եմ կեանքում հիմի
Ամէ՜ն հուր, ամէ՜ն մոխիր:
Հողմի պէս հնչեղ երգեր
Հնչում են սրտում իմ ջինջ.
Տեսնում եմ- մի նոր երկիր
Բացւում է իմ դէմ քիչ-քիչ…
Ողջակիզուող կրակ
«Ծէս՝ Անցման» համերգի ծրագիրը ինքնին փնտռտուք մըն է աւանդական ազգագրականին ու դասականին միաձուլման հոլովոյթին, սկսելով Կոմիտասէն հասնելով արդիական երաժշտութեան գագաթներէն համարուող Սթրաւինսքիի յանդուգն «Հարսանիքներ»ուն, եւ անկէ Ian Krouse-ի «Ողջակիզուող կրակ» Չարենցեան «քանթաթա»ով թակելու ժամանակակից դասական երաժշտութեան դռները: Չարենց – Krouse-ի «քանթաթա»ն կազմող իւրաքանչիւր կտոր, առ տակաւ չփորձարկուած տեսադաշտ է, իւրաքանչիւրը ինքն իր մէջ եւ իր կրակով օծուելով նորոգուող ու վերածնելով.
Այս աշխարհում իրիկնային, ուր ապրեցիր
միայն մի ժամ,
Հրա՛շք էր, սիրտ, հրափթիթ ծաղկումը քո
հրաշուշան:
Բայց որբ հոգիս, կարօտիս պէս աստեղահեւ
ու խելագար՝
Մի այլ կեանքի փայլ էր կարծէս, փա՜յլ էր կարծէս,
կարծէս չկար:
Փայլ էր հոգիս՝ շառագունուած իրիկնային
քո երազում
Ու կարօտով անմխիթար լոյսի մասին
երգ էր ասում:
Ու որբ հոգիս քո կարօտում յաւերժօրէն
մխա՜ց, մխա՜ց,
Որպէս կարմիր մի ողջակէզ արիւնոտուած,
հրէ մի խաչ:
Դու ծաղկեցիր, սի՜րտ իմ, որպէս հրափթիթ,
կարմիր գարուն-
Նա յուշ դարձած ցնդե՜ց, կորաւ իրիկնային
այս աշխարհում…
Ողջակիզուող կրակ, Իրիկունը