
ԿԼԵՆՏԷՅԼ, «Կլենտէյլ Նիուզ Փրես».- Կլենտէյլի համայնքային համալսարանի ուսանողներուն 57 տոկոսը 2011-2012 տարեշրջանին ընթացքին փոխանցուած են չորս տարուան համալսարաններ կամ տիրացած են վկայականներու եւ վկայագիրներու, ինչ որ նահանգին մէջ գործող համայնքային 112 համալսարաններու չափանիշէն աւելի բարձր է:
Քալիֆորնիոյ տարածքին, 2006ին համալսարան արձանագրուած ուսանողներուն 49.2 տոկոսը նշեալ նպատակները իրագորածած են վեց տարեշրջաններու ընթացքին:
2002ին Կլենտէյլի համայնքային համալսարան արձանագրուած ուսանողներուն պարագային, այդ համեմատութիւթնը 59.1 տոկոս էր:
Կլենտէյլի համայնքային համալսարանի հոգաբարձութեան անդամ Արմինէ Յակոբեան յայտարարեց, թէ ուսանողները եւ համալսարանը պէտք է այս համեմատութենէն իսկ աւելի բարձր համեմատութիւն ապահովեն, վստահեցնելով, թէ հոգաբարձութիւնն ու համալսարանին անձնակազմը իրենց կարելին կ՛ընեն յաջողութեան համեմատութիւնը բարելաւելու նպատակով:
Կլենտէյլի համայնքային համալսարանի հոգաբարձութեան այլ անդամ մը՝ Վահէ Փիրումեան, ողջունեց այս տուեալը, միաժամանակ աւելցնելով, թէ աշխատանք կը տարուի համալսարանին ամավարկը ուռճացնելու, որպէսզի փոխանցումներու եւ վկայական ստացողներու համեմատութիւնը առաւել բարձրանայ: