ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանը վշտացուց Թուրքիոյ եւ ամբողջ աշխարհին մէջ ապրող բազմաթիւ հայեր, երբ չկարողացաւ Զատիկի տօնին առիթով հոգեւորական ուղարկել Տիգրանակերտ՝ վերջերս վերանորոգուած Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ Ս. պատարագ մատուցելու համար:
Սուրբ Կիրակոսը հայկական սովորական եկեղեցի չէ. անիկա իր եօթը խորաններով եւ երեք հազար հաւատացեալներ ընդունելու յատկութեամբ Մերձաւոր Արեւելքի մեծագոյն քրիստոնէական եկեղեցին է: Եկեղեցւոյ զանգակատունը աւերուած է 1915 թուականի Մայիս 28ին, թրքական հրետանիի կողմէ, քանի որ անիկա աւելի բարձր էր, քան՝ մօտակայ մզկիթներուն մինարէները: Թուրք զինուորները բարձրաստիճան եպիսկոպոսական փոխանորդ Մկրտիչ վրդ. Չլղաթեանը ստիպեցին հետեւելու զանգակատան ոչնչացման՝ զայն քարշ տալով դէպի նահատակութիւն:
Սուրբ Կիրակոսը մինչեւ 1980ական թուականները զարմանալիօրէն մնացած էր իբրեւ գործող եկեղեցի տեղական քահանայով, որ ամբողջ տարին կանոնաւոր եկեղեցական արարողութիւններ կը կատարէր: Երբ Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուածներու վերջին քանի մը ժառանգները հեռացան քաղաքէն, եկեղեցին մնաց անմխիթար եւ լքուած վիճակի մէջ:
Նախկին տիգրանակերտցիները, որոնք վերաբնակած էին Պոլսոյ մէջ, վերջին տարիներուն հիմնեցին Սուրբ Կիրակոս հիմնադրամը, որ եկեղեցին վերանորոգեց 3.2 միլիոն տոլար գումարով: Գումարին երկու երրորդը հանգանակեցին Պոլսոյ, Եւրոպայի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի հայերը:
Մնացած մէկ երրորդը տրամադրեց Տիգրանակերտի քրտական քաղաքային իշխանութիւնը, որ շատ մեծ աջակցութիւն կը ցուցաբերէ շրջանի հայկական նախաձեռնութիւններուն:
Ի տխրութիւն Սուրբ Կիրակոսի ծխականներու, անոնք զրկուեցան Սուրբ Զատիկի ժամերգութենէն եւ եկեղեցական արարողութենէն, քանի որ Հայոց պատրիարքարանը տեղեկացուց, որ չի կրնար հոգեւորական ուղարկել իրենց եկեղեցւոյ մէջ պատարագ մատուցելու համար:
Անոնց ըսին, որ Պատրիարքարանի 23 հոգեւորականներէն ոչ մէկը կրնայ գալ, քանի որ անոնք պէտք է իրենց պարտականութիւնները կատարեն Պոլսոյ մէջ գործող երկու տասնեակէ աւելի եկեղեցիներու մէջ, սակայն խոստացան, որ քահանան Տիգրանակերտ կ՛երթայ յաջորդ Կիրակի, Զատիկէն ետք:
Սուրբ Կիրակոսի ծխականները մեծապէս հիասթափեցան նաեւ այն պատճառով, որ անոնք վերջերս տեղադրած էին եկեղեցւոյ նոր զանգերը՝ մեծ ծախսերու ու ջանքերու շնորհիւ զանոնք ձեռք բերելով Մոսկուայէն: Գրեթէ 100 տարի անց, Սուրբ Զատիկի օրը անոնք ստիպուած էին առաջին անգամ ըլլալով այդ զանգերը հնչեցնել առանց ծիսական արարողութիւն իրականացնող հոգեւորականի ներկայութեան:
Այսուհանդերձ, հաւատացեալները, եկեղեցւոյ վեհութեամբ ներշնչուած, մոմեր վառեցին եւ աղօթք կարդացին՝ տեղւոյն հայոց լեզուի ուսուցիչ Գէորգ Ֆիքրիի աջակցութեամբ:
Հայոց պատրիարքարանը գէթ մտահոգ չի թուիր ըլլալ Սուրբ Զատիկի տօնակատարութեան առթիւ Տիգրանակերտի եկեղեցին հոգեւորական չուղարկելու իր աններելի սխալին համար, նոյնիսկ թրքական կարգ մը թերթերու, ինչպէս՝ «Հիւրրիյէթ»ի եւ «Ռատիքալ»ի էջերուն մէջ անոր անընդունելի վարքագիծի վերաբերեալ ամօթալի մանրամասնութիւններու լայնօրէն լուսաբանումէն ետք:
Բացակայութեան ընթացքին պատրիարք Մեսրոպ Մութաֆեանի, որ անբուժելի հիւանդութեան պատճառով քանի մը տարիէ ի վեր հիւանդանոց կը գտնուի, պատրիարքարանի գործերը կը վարէ պատրիարքի փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեան:
Ան Տիգրանակերտի մէջ պէտք է հոգեւորական նշանակէր ոչ միայն Սուրբ Զատիկի օրը, այլ՝ ամբողջ տարին ծառայելու համար: Ան պէտք է նաեւ ամէն տեսակ աջակցութիւն ցուցաբերէ իսլամացած եւ թրքացած բազմաթիւ հայերու, որոնք վերջերս վերանորոգուած եկեղեցի կու գան մկրտուելու խնդրանքով:
Ալ աւելի մտահոգիչ է այն, որ Արամ սրբազանը քանի մը անգամ քննադատական ակնարկներ կատարած է՝ հասցէին այն սփիւռքահայերուն, որոնք Թուրքիոյ կառավարութենէն կը պահանջեն Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանին վերադարձնել բռնագրաւուած աւելի քան 2500 հայկական եկեղեցիները: Ան բազմիցս պնդած է, որ պատրիարքարանը ոչ միջոցներ, եւ ոչ ալ հոգեւորականներ ունի այդ եկեղեցիները վերանորոգելու եւ գործարկելու համար: Սրբազան Աթեշեան չի հասկնար, որ առաջին հերթին պէտք է ապահովել եկեղեցական կառոյցներուն վերադարձը եւ յետոյ միայն մտածել անոնց վերանորոգման մասին:
Անկախ անկէ, թէ Պոլսոյ պատրիարքարանը ունի՞ այդ միջոցները, թէ ոչ, հայ ժողովուրդը իրաւունք ունի վերատիրանալու իր եկեղեցիներուն: Նաեւ՝ բռնագրաւուած հայկական մեծաթիւ եկեղեցիներուն կը պատկանին յարակից տարածքներն ու շինութիւնները, որոնք կրնան անհրաժեշտ եկամուտ ապահովել այդ ծուխերը վերանորոգելու եւ գործարկելու համար:
Նկատի առնելով, որ Արամ արք. Աթեշեան երբեք ոգեւորուած չէ հայկական եկեղեցիները պատրիարքարանին վերադարձնելով, ուստի նաեւ զարմանալի չէ, թէեւ ծագումով Տիգրանակերտէն է, որ ան ոչ մէկ ջանք գործադրեց Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին Սուրբ Զատիկի առթիւ հոգեւորականով ապահովելու համար: Հետաքրքրական է՝ արդեօք ան թրքական ճնշմա՞ն կ՛ենթարկուի՝ խոչընդոտելու համար ազգային եւ կրօնական զարթօնքի նորածին շարժումը Տիգրանակերտի հայերու շրջանակներուն մէջ: Հակառակ պարագային, նախապէս միջոցներու ձեռնարկելով՝ շատ դիւրին կ՛ըլլար հոգեւորական ուղարկել Պոլիսէն, Հայաստանէն, Լիբանանէն, Երուսաղէմէն, Եւրոպայէն կամ նոյնիսկ՝ Միացեալ Նահանգներէն:
Շատ ցաւալի է, որ իսլամացած եւ թրքացած հայերը պէտք է հակադրուին հայոց պատրիարքարանին՝ միաժամանակ պայքարելով Թուրքիոյ կառավարութեան դէմ իրենց ազգային ու կրօնական արմատներուն վերադառնալու եւ իրենց ոտնահարուած իրաւունքներն ու բռնագրաւուած ունեցուածքը վերադարձնելու համար:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի փոխադրեց՝
«Եռագոյն» կայքը