ԵՐԵՒԱՆ.– Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդած է, որ Ատրպէյճանի սահմանագիծին վրայ աննախադէպ միջադէպ մը արձանագրուած է, երբ «անկանոն տեսքով եւ պահուածքով» ատրպէյճանցի զինուորներ մօտեցած են Նոյեմբերեանի հայ սահմանապահներուն:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան Տաւուշի մարզի Բաղանիս գիւղին մէջ տեղի ունեցածը բնորոշած է որպէս ատրպէյճանցի զինուորներու «աննախադէպ արկածախնդրութիւն»:
«Մինչեւ մէկ ջոկ կազմով զինծառայողներ ոչ ադեկուատ վիճակում, անկանոն տեսքով եւ պահուածքով մօտեցել են հայ դիրքապահներին: Նախնական զգուշացումից յետոյ նրանք չեն ենթարկուել եւ շարունակել են առաջանալ զինուորականներին ոչ բնորոշ ձեւով», նշած է ան։
Յովհաննիսեանի համաձայն, հայ սահմանապահները, սադրանքը կանխարգիլելու նպատակով, կրակ բացած են, որուն իբրեւ հետեւանք հակառակորդի կողմէ երկու զինուոր մահացած են, մէկն ալ ծանր վիրաւորուած:
«Եղածի ողջ պատասխանատուութիւնն ընկնում է ադրբեջանական կողմի վրայ», եզրափակած է մամլոյ խօսնակը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.