ՊԷՅՐՈՒԹ.- Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան, Հայաստանի Համազգային թատրոնը՝ ղեկավարութեամբ Սօս Սարգսեանի, 6 Ապրիլի երեկոյեան ժամը 8:30ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ ներկայացուց «Շան աղջիկ» կատակերգութիւնը՝ բեմադրութեամբ Սաթենիկ Խաչատրեանի եւ ներկայութեամբ արուեստասէր բազմութեան մը:
Մէկուկէս ժամ տեւած ներկայացման նիւթը ժամանակակից ընտանեկան փոխյարաբերութիւններն են, մանաւանդ երբ ներկայ նիւթականացած ժամանակներուն աղօտած են սիրոյ, գուրգուրանքի եւ իրար հասկացողութեան գաղափարները:
Ընտանիքի մը հայրը կը հանդիպի ճամբան լքուած շնիկի մը եւ զայն իր հետ կը բերէ խնամելու համար: Հոսկէ կը ծագի այն իւրօրինակ համակրանքն ու հաւատարմութիւնը մարդուն եւ անասունին միջեւ, ինչ որ հաշտ աչքով չի դիտուիր շրջապատին կողմէ:
Այսպիսով, Հայաստանի Համազգային թատրոնը երրորդ օրն ըլլալով՝ Շաբաթ օր, լիբանանահայ թատերասէր հասարակութեան մատուցեց արուեստի բարձր մակարդակ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.