
ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Շաբաթ, Մարտ 16ին Նիւ Եորքի Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր եկեղցւոյ «Փաշալեան» սրահին մէջ կայացաւ «Յոյսեր» համոյթի տարեկան համերգը:
Խումբը կազմուած է երկու տարի առաջ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ, Օշական արք. Չօլոյեանի հովանաւորութեամբ:
«Խումբը անուանակոչեցինք «Յոյսեր», քանի որ մեր յոյսը երտասարդութիւնն է», կ՛ըսէ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան:
Այս համոյթը հիմնած են մայր եւ որդի՝ Կարինէ եւ Յարութ Պարսումեանները:
Համոյթին մէջ ընդգրկուած են երիտասարդ կատարողներ՝ Անի Ճիրճիրեան, Մարիա Պարսումեան, Տիրան Ճեփէճեան եւ Արա Եգորեան:
«Յոյսեր» երտասարդական համոյթը կարճ ժամանակահատուածի մէջ ուշադրութիւն գրաւեց իր կատարողական բարձր արուեստով՝ վայելելով Նիւ Եորքի, Նիւ Ճըրզիի եւ տարբեր շրջաններու հայ հանդիսատէսի սէրն ու համակրանքը:
Համոյթի յայտագիրին մէջ ընդգրկուած են հայ երգահաններու, ինչպէս նաեւ օտար հեղինակներու ստեղծագործութիւններ:
Համերգի աւարտին, Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ հովիւ Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան իր շնորհակալական խօսքէն ետք յուշանուէրներ յանձնեց համերգի մասնակիցներուն: