
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– 10 Ապրիլին Սլովաքիոյ փոխվարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար Միրոսլաւ Լայչակի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան յայտնած է, որ Թուրքիան կը փորձէ դիտաւորեալ կերպով շաղկապել հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հիմնախնդիրին հետ: Լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին Նալբանդեան յիշեցուցած է, որ միջազգային հանրութիւնը բազմիցս իր սկզբունքային դիրքորոշումը արտայայտած է հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը առանց նախապայմաններու իրագործելու հարցին նկատամբ: Նալբանդեանի համաձայն, հայ–թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը ղարաբաղեան հարցին կապելը կրնայ վնաս հասցնել այդ գործընթացին: «Տպաւորութիւն է ստեղծւում, որ թուրքական կողմը դիտաւորեալ փորձեր է անում կապել երկու գործընթացները՝ խանգարելով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցում միջազգային հանրութեան եւ Հայաստանի համատեղ ջանքերին», յայտնած է Նալբանդեան:
Պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Սլովաքիոյ փոխվարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար Միրոսլաւ Լայչակը՝ անդրադառնալով հակամարտութիւնները լուծելու Սլովաքիոյ փորձառութեան, յիշեցուցած է Չեխոսլովաքիոյ երկու պետութիւններու բաժնուելու պարագան, երբ Սլովաքիան եւ Չեխիան իրարմէ բաժնուելով հանդերձ մնացին բարեկամներ: «Հակամարտութեան իւրաքանչիւր պարագայ առանձնայատուկ է: Կարեւոր է, որ բարդ հարցերը լուծուին երկխօսութեան եւ յարաբերութիւններու միջոցով», դիտել տուած է Լայչակ:
Ան նաեւ նշած է, որ ուրախ է Հայաստան գտնուելուն համար, մանաւանդ որ այցելութեան ընթացքին քննարկուած են երկկողմանի յարաբերութիւններուն վերաբերող, տարածաշրջանային եւ այլ հարցեր, խօսուած են բարձր մակարդակով քաղաքական երկխօսութիւնը շարունակելու հետագայ քայլերուն մասին: Արտաքին գործոց նախարարը յայտնած է, որ Սլովաքիան կ՛աջակցի Եւրոպական Միութեան արեւելեան գործընկերութեան ծրագիրին:
Նախարար Նալբանդեան աւելցուցած է, որ հանդիպումները կայացած են ջերմ եւ փոխըմբռնման մթնոլորտի մէջ, քննարկուած են բազմաթիւ եւ բազմաբնոյթ հարցեր: Նալբանդեանի համաձայն, յառաջիկայ օրերուն Պրիւքսէլի մէջ պիտի ստորագրուի Եւրամիութեան հետ վերընդունման համաձայնագիրը:
Սլովաքիայի փոխվարչապետը Երեւան եկած է 9 Ապրիլին: Նախատեսուած է, որ ան հանդիպումներ ունենայ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի, Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի եւ Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի հետ: