ԵՐԵՒԱՆ.– Մոսկուայի մէջ գործող «Անկախ Թալիշստան» հասարակական միութիւնը հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ ողջունած է Արցախի Սուվորովի եւ Մադաթովի անուան ռազմական ուսումնարան ընդունուելու կարելիութեան ընձեռումը՝ ազգութեամբ թալիշ երիտասարդներուն:
«Թալիշ ժողովրդի պատմական բնակութեան տարածքը, որն այժմ բռնազաւթուած է Ադրբեջանի կողմից, վաղ թէ ուշ անկախութիւն է ձեռք բերելու, եւ արտերկրում բնակուող թալիշ երիտասարդների ռազմական պատրաստութիւնը Ղարաբաղում կարող է հզօր զարկ տալ ողջ թալիշ ժողովրդի ազատագրական պայքարին», նշուած է յայտարարութեան մէջ:
Նշենք, որ «Սուվորովի եւ Մադաթովի անուան ռազմական ուսումնարան» ծրագիրի իրականացման կոմիտէն նկատի առած էր ազգութեամբ լեզգիներու, թալիշներու, աւարներու, ցախուրներու, թաթերու եւ ուդիներու ընդունուելու հարցը:
Ապագայ ուսումնարանին գծով տեսերիզ մը պատրաստուած է։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.