
ԵՐԵՒԱն, «168.am».– «Այս փուլում առաջնահերթ կարեւորութիւն ունեն Երեւանի աւագանու ընտրութիւնները: Անհրաժեշտ է ուժերը կենտրոնացնել եւ Երեւանում համատեղ ուժերով յաղթանակ արձանագրել», «168.am»ի հետ զրոյցին ընթացքին յայտնած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Գերագոյն Մարմինի փոխներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեանը՝ անդրադառնալով Րաֆֆի Յովհաննէսեանի մարզային այցելութիւններուն:
«Ազատութեան» թղթակից Իրինա Յովհաննիսեան կը գրէ. «Ինչպէս մինչեւ Ապրիլի 5ի տեւող մարզային այցելութիւնները ՀՅԴն չի ողջունում, այնպէս էլ Րաֆֆի Յովհաննիսեանի հացադուլի դադարեցումը միանշանակ չի ընդունւում կուսակցութեան կողմից: Հարցին, թէ հացադուլի դադարեցումը որքանո՞վ օգտակար կը լինի պայքարի յետագայ ընթացքի համար, Արսէն Համբարձումեանը պատասխանեց, թէ ժամանակը ցոյց կը տայ դրա օգտակարութիւնը»:
Հակառակ անոր որ Րաֆֆի Յովհաննէսեան եւ իր կողմնակիցները յայտարարած էին, թէ որեւէ յայտարարութիւն չէ եղած այն մասին, որ հացադուլը անպայման պէտք է տեւէր մինչեւ 9 Ապրիլ, ՀՅԴի համար նախագահական նախկին թեկնածուին քայլը եւս անակնկալ էր:
«Հացադուլի դադարեցումն անակնկալ էր, ինչպէս եւ անակնկալ էին նախկին բոլոր որոշումները», նշած է Արսէն Համբարձումեանը:
Ան նկատել տուած է, որ այն որոշումները, որոնք տրուած են Րաֆֆի Յովհաննէսեանի կողմէ՝ առանց ՀՅԴի հետ խորհրդակցելու, կրնան չարժանանալ կուսակցութեան համաձայնութեան: «Մենք մեզ իրաւունք ենք վերապահում աջակցել միայն այն որոշումներին, որոնք համարում ենք ընդունելի, իսկ եթէ որոշումները մեզ համար ընդունելի չեն, չենք պատրաստւում աջակցել դրանց: Այն որոշումները, որոնք կը կայացուեն համատեղ քննարկման արդիւնքում, կը լինեն նաեւ մեր որոշումները, հակառակ պարագայում մենք ազատ ենք մեր դիրքորոշումը ու կեցուածքները ճշդելու համար», յայտնած է ՀՅԴ ԳՄ փոխներկայացուցիչը:
Պարզուեցաւ սակայն, որ Րաֆֆի Յովհաննէսեանի որեւէ որոշում ՀՅԴի հետ համադրաբար քննարկման իբրեւ արդիւնք չէր տրուած:
Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք ՀՅԴն Րաֆֆի Յովհաննէսեանի հացադուլի դադարեցումը նախագահ Սերժ Սարգսեանի կոչին ընդառաջում չի՞ նկատեր՝ Արսէն Համբարձումեանը դարձեալ նշած է, որ կանխատեսումներ ընելը անշնորհակալ գործ է, եւ այդ հարցումին պատասխանը եւս ժամանակը պիտի տայ: