ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Օտար ներդրումները Հայաստանի տնտեսութեան մէջ 2012ին կազմած են 1.59 միլիառ տոլար, որ 2011ի նոյն ժամանակաշրջանին հետ բաղդատելով նուազած է 8.6 տոկոսով: Այդ մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի ազգային վիճակագրական կոմիտէն:
Իրական հատուածին մէջ 2012ին կատարուած օտար ներդրումներուն 37.60 տոկոսը, իսկ ուղղակի ներդրումներուն 49.82 տոկոսը կատարուած է հեռահաղորդակցութեան ոլորտին մէջ:
Հայաստանի մէջ օտար մեծագոյն ներդրումները կատարուած են Ֆրանսայէն՝ 230 միլիոն տոլար, նախորդ տարուան համեմատ աճելով 2.3 անգամ: Անոր 90 տոկոսէն աւելին հեռահաղորդակցութեան ոլորտին մէջ եղած «Օրանժ Արմէնիա»ի ներդրումներն են:
Ռուսական ընկերութիւնները 2012ին կատարած են 123 միլիոն տոլարի ներդրումներ, ինչ որ երկրորդ ցուցանիշն է: Ռուսական ներդրումները նուազած են 3.2 անգամով:
Հայաստանի մէջ մեծ ներդրումներ կը կատարուին նաեւ Արժանթինի կողմէ՝ 51 միլիոն տոլար, պայմանաւորուած Էդուարդօ Էռնեկեանի գործունէութեամբ: Այդ ներդրումներուն մեծ մասը կատարուած է գիւղատնտեսութիւն բնագաւառին մէջ:
Գերմանիոյ ներդրումները կազմած են 48 միլիոն տոլար՝ հանքարդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ. այս բնագաւառին մէջ մեծ ներդրումներ կատարած է նաեւ Զուիցերիան՝ 43 միլիոն տոլար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.