ԴՈԿՏ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ
Տակաւին կը գտնուէի Խորէն Արամունիի «Գլենտէյլ Խաշաթաղ» (2012) վիպակի բուռն ազդեցութեան տակ, երբ հրաւէր ստացանք ես ու կինս հանդիսատես ըլլալու «Պատանդը» վերնագրով ցնցող ներկայացման: Բեմադրիչ Արամազդ Ստեփանեան մեծ վարպետութեամբ եւ ստեղծագործութեան էութենէն բխող պարզ բեմայարդարութեամբ կրցած էր մէկ գործողութեամբ փոխանցել հեղինակին ներքին, այրուող ու տոչորուող ապրումները, որոնք մե՛րն են՝ ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի:
Խօսքը կը վերաբերի Հայաստանի անկախութեան յաջորդած տարիներու հայրենի ժողովուրդի ընկերային անմխիթար վիճակին, «նուէրը» անկախութեան, երբ հայրենի պարզ բանուորը, մտաւորականը, ուսուցիչը, ճարտարագէտը եւ նոյնիսկ պատերազմի հերոս վեթերանները մատնուեցան անելանելի ու անյոյս վիճակի: Անկախութիւնը եկաւ անոնց համար միայն, որոնք մէկ օրէն միւսը գոյն փոխեցին, «ապերոյական» խլուրդային կեանքէն յանկարծ դուրս գալով ազատ ասպարէզ գտան գողնալու ու կեղեքելու:
Ընդամէնը չորս կերպարներով Խորէն Արամունի տուաւ հայ ժողովուրդին մէկ հէք հատուածին ապրած աննկարագրելի ողբերգութիւնը:
Ղարաբաղեան պատերազմի հերոս Արամ (Արամ Մուրադեան) Երեւանեան բարձրայարկի մը իններորդ յարկի բնակիչ, անհամբեր կը սպասէ իր սիրասուն կնոջ, որպէսզի վարէն մինչեւ վեր դոյլ մը ջուր բարձրացնէ: Խիստ վրդովուած է ան ի տես անոր չարչարանքին եւ անհեռանակար վիճակին: Մինչ այդ իր մտերիմ ընկերը, ոստիկան Ղազար (Զարեհ Առաքելեան) կատարելով Արամի խնդրանքը, կը բերէ զոյգ մը պարան, զոր անմիջապէս կը թաքցնէ Արամ: Ղազար կու տայ նաեւ Ղարաբաղի մարտընկերներուն կողմէ յատուկ Արամի համար լեցուած երկու շիշ թութի օղի: Զգացուած է Արամ որ տակաւին զինք յիշող «տղերք» կան: Գայիանէ՝ կինը (Մէրի Համբարձումեան) ժամանակէն շուտ խամրող գեղեցկուհի մըն է, որ դեռ ամուսնական երջանկութիւնը չվայելած սիրած ամուսին ջամբած էր ռազմաճակատ:
Արամի համբերութիւնը հատած է այլեւս զինադադարի յաջորդող տարիներուն: Ամէն կողմ կը տեսնէ լքեալութիւն, ժողովուրդին ցաւերուն ու նուազագոյն պահանջներուն հանդէպ յանցաւոր անտարբերութիւն: Ուր որ է պիտի պայթի ան: Ինչպէ՞ս դիմանալ այս ժողովուրդի քաշած անլուր տառապանքներուն, ինչպէ՞ս հանդուրժել նորօրեայ ցեցերն ու կոճակաւոր պատգամաւորներու, օլիգարխներու եւ գրպանատենչիկ իշխանաւորներու ալան-թալանը:
Պահ մը Գայիանէն ու Արամը անցեալի ու ներկայի համեմատութիւնը կատարելու փորձութեան մէջ կիյնան: Կը յիշեն բառեր, որոնք իրենց անցեալի առօրեային մէջ կային, ինչպէս «համբոյր», «սեքս», «սիրել» եւ այլն: Այսօր անոնց բառապաշարէն դուրս մնացած ու մոռցուած են այդ բառերը՝ իրենց անլոյս ու անյոյս կեանքին մէջ: Արամ որոշած է իր որոճած ծրագրով ցնցել պետութիւնն ու աշխարհը- մատաղ ընել իր սիրասուն կինը, որուն տառապանքները ա՛լ չի կրնար տանիլ: Եւ գուրգուրոտ լեզուով կը համոզէ կինը, որ կապուի ու մատաղ ըլլայ, չէ՞ որ «Մի ամբողջ ժողովուրդ է մատաղ լինում, դու էլ եղիր մի մատաղ, որպէսզի ողջ աշխարհը իր ուշադրութիւնը դարձնէ ժողովուրդին ապրած ողբերգութեան վրայ»: Միամիտ գուցէ, բայց այս է միակ միջոցը իր դիմաց բերելու ոստիկանապետն ու վարչապետը, նախագահն ու զանգուածային լրատուութեան միջոցները:
Կապկպուած Գայիանէ պարանով կապուած կը հանուի պատուհանէն դուրս՝ որեւէ ատեն գահավէժ իյնալու ենթակայ: Յարկաբաժնի դրան կը մօտենայ Ղազարը եւ կը խնդրէ հրաժարիլ այդ անխոհեմ քայլէն. «Չմօտենա՛ս, ես զինուած եմ» կըլլայ վճռական պատասխանը: Կը հեռաձայնէ ոստիկանապետը, ապա վարչապետը: Ան բոլորին կու տայ նոյն պատասխանը: Լրագրողներ ու հեռուստատեսութեան աշխատակիցներ կը պահանջէ: Մինչ այդ «մատաղցու» Գայիանէ օդին մէջ կախուած կապրի իր հոգեւարքի վայրկեանները: Ի վերջոյ Արամ իր կնոջ աղաչանքներուն անսալով վեր կը քաշէ նուաղած Գայիանէն եւ բոյժաշխատող կը պահանջէ՝ «Կինս մահանում է, շո՛ւտ արէք» գոռալով: Կը հասնի բժշկուհին (Արշալոյս Դարբինեան): Վերջինս ցոյց կու տայ անհրաժեշտ բուժօգնութիւն, բայց այս անգամ ինք կը յայտնուի պատանդ-մատաղի դիրքին մէջ: Արամ իր զայրոյթին մէջ անգամ մը եւս կը պոռթկայ ժողովուրդի անմխիթար վիճակին առթիւ, հեռաձայնով կ՛անպատուէ վարչապետն ու կը մեղադրէ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին, երկրորդ ու երրորդ վարչութիւնները, «դո՛ւրս ելէք եւ տեսէք ժողովուրդի առօրեայ անյոյս ու անհեռանկար կեանքը… ինչպէ՞ս կողոպտեցիք ժողովուրդի ստեղծածը, ծածկեցիք Ազգային ժողովի հոկտեմբերեան սպանդը, իսկ էդ մէկ միլիոնը, որ լքեց ու գնաց իր հայրենի տունէն…» եւ նման խօսքեր շպրտելով իշխանաւորներու հասցէին:
Տրաման կաւարտի այն պահուն, երբ Գայիանէ կը յաջողի լքուած ատրճանակը ձեռք ձգել եւ ուղղել իր սիրեցեալ Արամի վրայ, երբ Արամ կը փորձէր մատաղ ընել բժշկուհին: Ներս կը խուժէ Ղազար. Արամ հլու հնազանդ կը յանձնուի ձեռնակապերուն:
Ցնցող հնարանք մը մտածած է Արամունի, որպէսզի Արամի տարօրինակ ու խելագար միջոցով պատկան մարմիններուն ցոյց տայ մեր հայրենի ժողովուրդին անտեսումը եւ արժանանապտուութեան գետնահարումը: Ոմանք կրնան չհամաձայնիլ հեղինակի ընտրանքին հետ, բայց այսօրուան կացութիւնը լաւագոյնս արտայայտելու գեղարուեստական հնարանք մըն է: Ես, յամենայն դէպս, ուշի ուշով կը հետեւէի հանդիսատեսներուն տրամադրութեանց ու հոգեկան ելեւէջներուն եւ կը նկատէի անոնց լուռ համաձայնութիւնը Արամի պոռթկումներուն հանդէպ: Արամ կը խօսէր բոլորիս կողմէ եւ բոլորիս փոխարէն:
Յիսուն-վաթսուն հանդիսատես միայն տեղաւորող T. U. Studio-ն իր պարզ ու անպաճոյճ բեմով ամբողջ ժամ մը մեզ կախուած պահեց չորս դերասաններու բերանէն: Պարզապէս գերազանց էին Մէրիի եւ Արամի խաղարկութիւնը: Անոնք ամբողջութեամբ մտած էին իրենց դերին մէջ՝ ցոյց տալով արհեստավարժ դերասանէն ակնկալուած բոլոր շնորհքները՝ ձայնային ելեւէջ, մարմնական շարժումներ, բեմի ամբողջական օգտագործում, իսկ Արամ ուղղակի բացառիկ էր իր երգիծական վրձնահարուածներով տրաման աւելի ընկալելի դարձնելու մէջ: Արշալոյսը հեղինակաւոր ներկայութիւն մըն էր բեմի վրայ, ամբողջութեամբ համոզիչ, թելադրող եւ ճիշդ առոգանութեամբ շնորհազարդուած: Զարեհ ըրաւ իր կարելին ցոյց տալու համար թէ՛ ոստիկանը եւ թէ Արամի սրտակից ընկերը միաժամանակ:
Ի հարկէ այս բոլոր արժանիքները ի մի բերելը եւ անոնցմէ առաւելագոյնը ստանալը կը պարտինք արհեստավարժ ու բազմաթիւ բեմադրութիւններու հեղինակ բեմադրիչ Արամազդ Ստեփանեանին, որ, ի դէպ, Խորէն Արամունիի երկրորդ թատրերգութիւնն է որ կը ներկայացնէր:
Խորէն Արամունի Քէշիշեան վաւերական գրող մըն է անկասկած: Անոր գրիչն ու տխուր երգիծանքը երթալով յղկուեցան անցնող տարիներու ընթացքին: Ան միաժամանակ քաջ է ու համարձակ, իր գրիչը ձաղկող է եւ ընտրուած թիրախը (թիրախները) ճիշդ անձերուն ուղղուած:
Ով ականջ ունի թող լսէ, ով աչք ունի թող տեսնէ այն ինչ որ Խորէն կը յաջողի կատարել իր յանդուգն գրիչին միջոցով: