
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ուրբաթ, Ապրիլ 19ին, երեկոյեան ժամը 7ին, Կլենտէյլի հանրային կեդրոնական գրադարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ ֆրանսահայ Մաթիու Զէյթինճիօղլուի վաւերագրական «The Son of the Olive Merchant» («Ձիթապտուղի վաճառականին զաւակը») շարժապատկերը, ներկայութեամբ բեմադրիչին:
76 վայրկեաննոց ֆիլմը անգլերէնով, ֆրանսերէնով եւ թրքերէնով է, անգլերէն ենթախորագիրիներով:
Ան պատմութիւնն է Ֆրանսա ծնած Մաթիուի Թուրքիա այցելութեան, ուր ան իր հայկական ինքնութեան արտամտները կ՛որոնէ, տեղացիները հարցաքննելով Հայկական Ցեղասպանութեան եւ այլ հարցերու մասին: Անոր մէջ ներառնուած են նաեւ պատմական փաստեր ու հարցազրոյցներ եւ շարժանկարային բաժիններ: Ֆիլմը ցարդ շարժապատկերներու աւելի քան 10 միջազգային փառատօներու հրաւիրուած է, աշխարհի տարածքին, մրցանակներ շահելով Լոս Անճելըսի շարժապատկերներու եւ բեմագրութեանց փառատօներուն ընթացքին:
Գրադարանի հասցէն է՝ 222 East Harvard Street, Glendale: Մուտքը ազատ է: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել Էլիզապէթ Գրիգորեանին՝
egrigorian@ci.glendale.ca.us հասցէով կամ (818) 548-3288 թիւով: