
ԱՐԼԻՆԿԹԸՆ, Վըրճինիա.- Կլենտէյլի «Հուվըր» երկրորդական վարժարանի գիտական նիւթերու ուսուցչուհի Ծովիկ Մինասեան հանդիսացած է «Գիտութեան եւ արհեստագիտութեան ուսուցման եռանկիւն համախմբում»ին կողմէ շնորհուող «Ալպըրթ Այնշթայն» ծրագիրի 27 մրցանակակիր ուսուցիչներէն մէկը:
Հիմնարկը մօտաւորապէս 200 թեկնածուներու մէջէն ընտրած է գիտութեան, արհեստագիտութեան, ճարտագիտութեան ու թուաբանութեան մարզերու 27 ուսուցիչներ, որոնք յառաջիկայ դպրոցական տարեշրջանի (2013-2014) ընթքացքին իրենց ծառայութիւնները պիտի մատուցեն մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ գտնուող պետական տարբեր բաժանմունքներու:
1990ին հաստատուած այս ծրագրին մասնակցելու պատիւին կ՛արժանան իրենց մասնագիտութեանց մէջ գերազանցած՝ մանկապարտէզէն մինչեւ 12րդ դասարանի ուսուցիչներ: 1994ին, Քոնկրեսը որոշեց ուժանիւթի նախարարութեան յանձնել ծրագրին տնօրինումը, որ իր կարգին այդ պատասխանատուութիւնը յանձնեց «Գիտութեան եւ արհեստագիտութեան ուսուցման եռանկիւն համախմբում»ին:
Ծովիկ Մինասեան յառաջիկայ տարերշրջանին իր ծառայութիւնները պիտի մատուցէ ուժանիւթի նախարարութեան գիտական հարցերու գրասենեակին: