
«Զաւարեան Մատենաշար»ի երկրորդ թիւը Գարեգին Խաժակի «Ին՞չ է ազգութիւնը» գիտական հետազօտութիւնն է, որ իր թուայնացուած տարբերակով համացանցի մեր էջին վրայ կը տեղադրենք:
«Ին՞չ է ազգութիւնը» գիրքը կը սկսի 13 էջնոց «Յառաջաբան»ով մը, գրուած՝ Բ. հրատարակութեան առիթով. «Յառաջաբան»ին կը յաջորդէ «Գ. Խաժակի մասին» գրութիւն մը: Գիտական հետազօտութիւնը կը սկսի հեղինակին կողմէ երիտասարդութեան ուղղուած ձօնով մը. «Լաւին արձագանգող, վատին հարուածող եւ անձնազոհութեան միշտ պատրաստ հայ երիտասարդին նուիրում է հեղինակն իր աշխատութիւնը»:
Գիրքին բովանդակութիւնը բաժնուած է 6 գլուխներու: «Ին՞չ է ազգութիւնը» գիրքը կը բաղկանայ 276 էջերէ եւ կ՛ընդգրկէ լուսանկարներ:
Գիրքին թուայնացուած տարբերակը տեղադրուած պիտի ըլլայ Զաւարեան Ուսանողական Միութեան (ԶՈՄ) կայքի «Հրատարակութիւններ/մատենաշար» բաժինին մէջ:
ԶՈՄի կայքի հասցէն է՝
www.zavarian.org: