ՊԵՐԼԻՆ.- Մարտ 27ին Պերլինի մէջ տեղի ունեցաւ միօրեայ համագումար՝ «Օսմանեան հայկական ժառանգութիւնն ու յիշողութիւնը թուայնացման ժամանակներուն» նիւթով: Ձեռնարկը համատեղ կազմակերպուած էր «Յուշամատեան» միութեան եւ «Հայնրիշ Պէօլ» հիմնադրամին կողմէ: Այս մասին կը հաղորդեն «Յուշամատեան» միութենէն:
Հիմնադրամին անունով ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին Սերգէյ Լակոտինսքի եւ Ուլրիքէ Տուֆներ: Ապա խօսք առաւ «Յուշամատեան» միութեան նախագահուհի՝ Էլքը Հարթմանն, որ գիտական այս հանդիպումը վարողն էր:
Հարթման իր ներկայացումին մէջ շեշտը դրաւ օսմանագիտութեան մէջ հայկական աղբիւրներու գործածութէան կարեւորութեան վրայ:
Երկրորդ դասախօսն էր Շիքակոյի համալսարանէն Թոլկա Ճորա: Ան ներկայացուց 19րդ դարուն Էրզրում-Կարինի Փասթրմաճեան ընտանիքը եւ անոր անդամներէն Խաչատուր էֆենտի Փասթրմաճեանի սպանութեան պայմանները՝ հիմնուելով հայկական, օսմանեան եւ արեւմտեան աղբիւրներու վրայ:
Յաջորդեց Նիւ Եորքի Քոլոմպիա համալսարանէն Նանօր Քեպրանեանի դասախօսութիւնը: Ան կեդրոնացաւ օսմանեան-թրքական բանտի նիւթին վրայ, թէ ինչպէս քրէական այս հաստատութիւնը ներկայացուած է նոյն ժամանակներու հայկական բազմազան աղբիւրներուն մէջ, ինչպիսի հետաքրքրական խորհրանիշներ ստեղծուած են անոր շուրջ:
Աւարտին տեղի ունեցաւ ընդհանուր քննարկում:
Կարճ դադարէ մը ետք, համագումարը շարունակուեցաւ «Յուշամատեան» կայքի գլխաւոր խմբագիր Վահէ Թաշճեանի դասախօսութեամբ, որուն նիւթն էր կայքին գործունէութիւնը, երկու տարուան մէջ անոր ապրած զարգացումը:
Ապա խօսք առաւ Ժընեւի համալսարանէն Կարս Ազնաւուր, որ ներկայացուց համացանցի յառաջացուցած յեղաշրջումը տեղեկատուական աշխարհէն ներս ու անոր զանազան հակասութիւնները: Ան շեշտը դրաւ զանազան կայքերու պաշտօնական պատմագրութիւններէն դուրս գործելու եւ նոյն ժամանակ ալ բոլորին մատչելի ըլլալու փաստին վրայ:
Վերջին դասախօսողն էր Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանէն Յովան Սիմոնեան, որուն նիւթն էր ծինային գիտութիւնը զարգացնելու եւ նոր հորիզոններ բանալու մարզին մէջ համացանցային արհեստագիտութեան նպաստը:
Նշենք որ նոյն օրը, «Հայնրիշ Պէօլ» հիմնադրամի շէնքին մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ «Յուշամատեան»ի ցուցահանդէսին բացումը, որ պիտի տեւէ մինչեւ Մայիսի սկիզբը: Ցուցահանդէսը պատրաստած է «Յուճշամատեան»ի արուեստի պատասխանատու՝ Սիլվինա Տէր Մկրտիչեան:
Մարտ 27ի երեկոյեան նոյն շէնքին մէջ եւ դարձեալ համագումարին ընդհանուր նիւթով կազմակերպուեցաւ նաեւ կլոր սեղան մը, որուն մասնակցեցան Էլքը Հարթմանն, Սապանճի համալսարանէն Հիւլիա Ատաք եւ Պերլինի «Գաղթ, արտաքսում եւ հաշտութիւն» հիմնադրամի ներկայացուցիչ Միքայէլ Տորմանն: Հանդիսավարն էր Ուլրիքէ Տուֆներ:
Նշենք, որ այս մէկը «Յուշամատեան»ի կողմէ կազմակերպուած առաջին գիտական համագումար-ցուցահանդէսն է: Այս տարի նախատեսուած է նաեւ «Յուշամատեան»ի առաջին գիրք-ալպոմին հրատարակութիւնը:
«Յուշամատեան»ի գործերուն առանցքը կը մնայ Օսմանեան կայսրութեան հայերու ժառանգութեան եւ յիշողութեան վերականգնումը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.