
ՊՈԼԻՍ.- Երկուշաբթի, 1 Ապրիլի կէսօրին Պալըքըլը գերեզմանատան Ս. Սարգիս մատրան առջեւ բացումը կատարուեցաւ Թուրքիոյ հայոց պատրիարք երջանկայիշատակ Շնորհք արք. Գալուսետանի կիսանդրիին։
«Այսպիսի կիսանդրի մը բանալու գաղափարը յղացած էր Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդի նախկին ատենապետներէն Մելքոն Գարաքէօսէ, որու առաջարկով եւ պատրիարքարանի արտօնութեամբ, այդ կիսանդրին պատրաստուեցաւ քանդակագործ Էրօլ Սարաֆեանի կողմէ։ Կիսանդրին պատրաստելու համար մարմարեայ քարերը տրամադրուած էին համայնքային բարերարներէն Եթքին Պէրպէրօղլուի կողմէ, իսկ ճարտարապետական նախագիծը պատրաստած էր Շիշլիի փոխքաղաքապետ՝ ճարտարապետ Վազգէն Պարըն», կը տեղեկացնէ Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթը։
Յիշենք, որ Շնորհք պատրիարք վախճանած էր 6 Մարտ, 1990ին եւ իր մարմինը թաղուած էր Շիշլիի գերեզմանատան հոգեւորականաց թաղին մէջ։
«Այս տարի Շնորհք պատրիարքի ծննդեան հարիւրամեակն է։ Ուստի սամաթիացիներ եւ Մելքոն Գարաքէօսէ փափաքած էին, որ Շնորհք պատրիարք յիշատակութեան կոթող մը ունենայ նաեւ Պալըքլըի գերեզմանատան մէջ եւ այդ նպատակով է որ առած էին իր անունով կիսանդրի մը զետեղելու որոշումը», կը գրէ «Մարմարա»՝ աւելցնելով, որ բացման հանդիսութիւնը, որ կը զուգադիպէր Զատկուան տօնի Մեռելոցին, տեղի ունեցաւ խուռներամ բազմութեան մը ներկայութեան։ Ամբողջական կազմով ներկայ էր նաեւ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդը։ Հոգեւորական դասէն ներկայ էին Արամ եւ Սահակ սրբազանները:
«Այնուհետեւ Շնորհք պատրիարքի մասին արտայայտուեցաւ Արամ սրբազան, նշելով որ մեծանուն պատրիարքը իր դրոշմը թողած է Իսթանպուլահայութեան մօտիկ անցեալին վրայ եւ եղած է սիրուած ու մեծապէս յարգուած հոգեւորական մը։ Յայտնեց որ այս տարի պիտի նշուի Շնորհք պատրիարքի ծննդեան հարիւրամեակը եւ նախատեսած են զանազան ծրագիրներով ոգեկոչել այս նշանաւոր հոգեւորականին յիշատակը», կը գրէ «Մարմարա»։